«Իրան Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Միջնորդ Դառնալու» Կ՛Ըսէ Սալեհի

Ալի Աքպար Սալեհի

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդ դառնալու:

Ան երէկ Թեհրանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ խաղաղ լուծում կ՛ակնկալէ:

«Մենք շրջանին մէջ հետաքրքրութիւններ ունինք, ատոր համար ալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան կը ձգտինք», ըսած է Սալեհի:

Share this Article
CATEGORIES