50 Տարի Առաջ ( 1 մայիս 1962 )

Արտասանական Մրցման Հանդէս

Ս. Քառասնից Մանկանց, Լուսինեան եւ Նուպարեան ազգային վարժարաններու շրջանաւարտից միութիւններ միասնաբար կազմակերպած էին արտասանական մրցում մը 18 ապրիլի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Սինէ Սեւան»ի մէջ:

Հոծ բազմութիւն մը փութացած էր ներկայ գտնուելու մրցման հանդէսին:

Մրցումին արտասանուելիք պարտադիր կտորն էր` Սարմէնի «Հայրենի տուն»ը: Անկէ դուրս, իւրաքանչիւր արտասանող պիտի արտասանէր ազատ նիւթ մը:

ՍՔՄ Շրջանային միութեան ատենապետը կարճ խօսքով բացատրեց օրուան հանդէսին նպատակը` ըսելով. «Այս երեք դպրոցաւարտ միութիւնները միասնաբար կազմակերպեցին այս մրցման հանդէսը, որպէսզի քաջալեր հանդիսանան այն երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք արտասանելու շնորհքը ունին, եւ ահա այս երեկոյթը ձեզի եւս առիթ կու տայ, որ անոնց շնորհքները տեսնելով մէկտեղ` դուք ալ դատէք անոնց կարողութեան չափը»: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց օրուան նախագահ Կ. Սասունիի դատական կազմի անդամներուն, որոնց անունները կու տանք ստորեւ.

Վարսենիկ Աղասարգիսեան, Հ. Տասնապետեան, Յ. Կիւլոյեան, Ա. Եղիայեան, Գ. Նգրուրեան, Յ. Ժամկոչեան, Ա. Տոնոյեան:

Անմիջապէս վերջ, բեմ հրաւիրեց Կ. Սասունին, որպէսզի հանդէսը վարէ:

Կ. Սասունի յայտագրին գործադրութենէն առաջ քաջալերական խօսքերով շնորհաւորեց սոյն հանդէսին կազմակերպիչները, որոնք գեղեցիկ յղացումը ունեցեր էին կազմակերպելու այս արտասանական մրցումը: Եւ խօսքը վերջացնելէ առաջ աւելցուց. «Սիրելի՛ ունկնդիրներ, ես շատ պիտի ուզէի, որ նման ձեռնարկներ յաճախ կրկնուին, որոնք այնքան կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն հայ մշակոյթի տարածման գործին մէջ, եւ այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդը շփման մէջ դնել հայ բանաստեղծին հոգեկան ապրումներուն հետ, որոնք կու գան բանաստեղծին ներաշխարհէն: Կարենալ թափանցելու համար անոր ներաշխարհին` պէտք է որ ուշի ուշով եւ ամենայն լրջութեամբ հետեւինք իւրաքանչիւր արտասանողին»:

Ապա բեմ հրաւիրեց մրցումին մասնակցողները հետեւեալ կարգով, որոնք պարտադիր կտորէն դուրս արտասանեցին ազատ նիւթ մը, որոնք եւս հոս կը նշենք:

Սրբուհի Մինասեան («Պանդուխտ որդին», Ա. Իսահակեան), Լուսին Ճինպաշեան («Սոմա», Ե. Չարենց), Տիգրան Պէօրքլեան («Մենք», Ժ. Յակոբեան), Անահիտ Մինասեան («Ափ մը մոխիր», Սիամանթօ), Էօժենի Աւագեան («Կռունկ», Գ. Էմին»), Կարօ Թորոսեան («Սայաթ Նովա», Սիլվա Կապուտիկեան), Յ. Գաբիէլեան («Խենթը», Մ. Զարիֆեան), Արուսեակ Վանեան («Հայ ժողովուրդին», Վ. Դաւթեան), Էլլօ Կիցցինեան («Անունդ», Վ. Թէքէեան):

Երբ արտասանութիւններու շարքը վերջացաւ եւ դատական կազմի անդամները խորհրդակցութեան համար առանձնացան, այս միջոցին մեզի հրամցուեցաւ նաեւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին երգուեցան երգեր` առանձին եւ նուագարանով մէկտեղ:

Վերջապէս, այնքան անհամբերութեամբ սպասուած, մրցումին արդիւնքը, մեզի հաղորդուեցաւ Ա. Տոնոյեանին կողմէ հետեւեալ շարքով.

Կարօ Թորոսեան` առաջին, լուսինեան ազգային վարժարան:

Էլլօ Կիցցինեան` երկրորդ, Լուսինեան ազգային վարժարան:

Սրբուհի Մինասեան` երրորդ, Լուսինեան ազգային վարժարան:

Յարութիւն Գաբրիէլեան` երրորդ, ՍՔՄ ազգային վարժարան:

Սակայն, երբ Գաբրիէլեան անունը արտասանուեցաւ, այս վերջինս դժկամակեցաւ բեմ բարձրանալ: Այն ատեն Կ. Սասունի, ոտքի ելլելով, իր անկեղծ տպաւորութիւնը յայտնեց, Գաբրիէլեանի արտասանած ազատ նիւթ քերթուածին մասին, որն էր Մ. Զարիֆեանի «Խենթը», որ իսկապէս լաւագոյնս տպաւորած էր նաեւ ժողովուրդը. «15 տարիներէ ի վեր յաճախ բախտը ունեցեր եմ լսելու Մ. Զարիֆեանի սոյն կտորին արտասանուիլը եւ ամէն անգամ ալ նկատած եմ, որ արտասանողը, այնքան գեղեցիկ այս քերթուածին արժէքէն բան մը պակսեցնէր, բայց քիչ առաջ, երբ Գաբրիէելան արտասանեց զայն, ոչ միայն զայն կենդանացուց, ոչ միայն հոգի տուաւ անոր, այլեւ կրկնապատիկ աւելցուց «Խենթ»ին արժէքը. պարտք կը համարեմ առանձնապէս եւ ուրախութեամբ շնորհաւորել Յ. Գաբրիէլեանը:

Այս խօսքերէն ետք Յ. Գաբրիէլեան բեմ բարձրացաւ եւ գնաց սեղմելու այն մարդուն ձեռքը, որ իրեն կու տար լաւագոյն նուէրը:

Հանդէսը արդէն իր լրումին հասած էր: Հետեւաբար ունկնդիրները մեկնեցան սրահէն:

Յաջողութիւն կը մաղթենք այս երեք շրջանաւարտից միութիւններուն եւ կը սպասենք նման ձեռնարկներու կրկնումին:

Յ. Ն.

Share this Article
CATEGORIES