Անասնագիտական. Երկար Մատներով Գորտերը Վերստին Յայտնուած` Ափրիկէի Անտառներուն Մէջ

Ապրիլի սկիզբը ամերիկացի անասնագէտներ Ափրիկէի Պուրունտի կոչուած շրջանին անտառներուն մէջէն յայտնաբերած են աւելի քան վաթսուներկու տարիէ ի վեր անհետացած երկար մատներ ունեցող գորտերը: Նշեալ գորտերը վերջին անգամ տեսանելի եղած են 1949-ին: Ապա տասնամեակներ շարունակ շրջանին մէջ ծայր առած քաղաքական հակամարտութիւններուն պատճառով ստեղծուած անապահով վիճակը առիթ չէ տուած, որպէսզի մասնագէտներ կարենան ուսումնասիրութիւններ կատարել այդ անտառներուն մէջ:

Երկար մատներով գորտերը ունին 3,2 սանթիմեթր երկայնք: Անոնց մատներուն ամէնէն երկարը մատնեմատը եղած է:

Ամերիկացի սողուններու մասնագէտ Տէյվիտ Պլեքպըրն ու անոր ընկերակցող մասնագէտները հետեւած են նշեալ գորտերուն ընտանիքին շատ մօտ եղող գորտերու կռկռոցին` նկատի ունենալով, որ անոնք իրարու յարանման կռկռոցներ ունեցած են, եւ երկար փնտռտուքէ ետք յաջողած են գտնել երկար մատներով գորտը, որուն թեւերն ու սրունքները մութ կապոյտ գոյնի հաստ գիծերով ծածկուած են:

Մասնագէտները ըսած են, թէ երկար մատներով գորտին կենսաբանութեան մասին նախապէս հաւաքուած տեղեկութիւնները անբաւարար են: Անոնք հաւանական գտած են նաեւ, թէ նշեալ գորտին գոյութիւնը կրնայ անգամ մը եւս վտանգուիլ նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով մարդիկ սկսած են բնակութիւն հաստատել Պուրունտիի լեռներուն վրայ, որոնք կրակ վառելու համար փայտ պիտի ապահովեն շրջանին անտառներուն ծառերէն եւ, ժամանակի ընթացքին, այդ անտառներուն անհետացումով պիտի անհետանան նաեւ մեծ թիւով անասուններ, որոնց կարգին նաեւ` երկար մատներով գորտերը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Նեշընըլ ճիոկրաֆիք» եւ «Հելթ Տէյ»)

Share this Article
CATEGORIES