Անասնագիտական. Քաղաքին Մէջ Ապրող Թռչուններուն Ճռուողիւնին Աստիճանը Կը Տարբերի Գիւղին Մէջ Ապրողներէն

Մարտի սկիզբը դանիացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ թռչուններուն ապրած վայրը կ՛ազդէ անոնց ճռուողած աստիճանին վրայ: Այսուհանդերձ, քաղաքին մէջ ապրող թռչունները աւելի բարձր աստիճանի վրայ կը ճռուողեն, քան` ծառախիտ գիւղերուն մէջ ապրող թռչունները:

Մասնագէտները գործածած են ձայներ արձանագրող գերզգայուն սարքեր, որոնց միջոցով գտած են, թէ քաղաքը ապրող թռչունները կը փոխեն իրենց ճռուողած աստիճանը` գլխաւորաբար քաղաքի շէնքերուն պատճառով եւ ո՛չ թէ` միայն մարդոց ու խճողումին յառաջացուցած աղմուկին պատճառով, ինչպէս որ նախապէս կը կարծուէր:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` Թորպըն Տեպըլսթին ըսած է, թէ քաղաքի ճարտարապետութիւնը ուշագրաւ դերակատարութիւն ունի այնտեղ ապրող թռչուններուն ճռուողած աստիճանին մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն մէջ:

Մասնագէտ Տեպըլսթին բացատրած է, թէ քաղաքին մէջ ապրող թռչուններուն ճռուողիւնը բարձր աստիճանի վրայ եղած է նոյնիսկ նուազ խճողուած քաղաքներուն մէջ, ուր համեմատաբար նուազ տարողութեամբ աղմուկ յառաջացած է: Հետեւաբար, նշեալ երեւոյթը յաւելեալ ապացոյց է այն իրողութեան, որ քաղաքներուն մէջ եղող մեծ թիւով շինարարական կառոյցները ուշագրաւ ազդեցութիւն ունին ճռուողիւնի աստիճաններուն բարձրանալուն վրայ:

Արձագանգները Պատճառ Կը Դառնան
Ճռուողիւնին Աստիճանին Բարձրանալուն

Մասնագէտները յայտնած են, թէ քաղաքի բազմատեսակ կառուցուածք ունեցող շէնքերը, ինչպէս նաեւ բացօթեայ տարածութիւններն ու տարբեր կառոյցներու միջեւ եղող նրբանցքները տարբեր արձագանգներ կը յառաջացնեն իրենց հասնող տարբեր ձայներէն: Հետեւաբար, նման միջավայրերու մէջ ապրող թռչունները ստիպուած կ՛ըլլան բարձրացնելու իրենց ճռուողիւնին աստիճանը, որպէսզի կարելի եղած չափով նուազեցնեն այս վերջինին յառաջացուցած արձագանգին տարողութիւնը եւ կարենան շատ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կապի մէջ ըլլալ իրարու հետ:

Միւս կողմէ, սակայն, գիւղերու մէջ ապրող թռչուններուն ճռուողիւնին աստիճանը համեմատաբար աւելի նուազ եղած է` նկատի ունենալով, որ այնտեղերը նուազ աղմկոտ են, ինչպէս նաեւ` շատ աւելի նուազ է թիւը շինարարական կառոյցներուն, հետեւաբար, նման միջավայրի մը մէջ անոնք կրնան իրարու հետ կապի մէջ մտնել` առանց բարձրացնելու ճռուողիւնին աստիճանը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Նեշընըլ ճիոկրաֆիք» եւ «Հելթ Տէյ»)

Share this Article
CATEGORIES