Անասնագիտական. Մեղուներով Կազմուած «Տաք Գունդերը Կ՛Եփեն» Իրենց Թշնամի Եղող Իշամեղուները

Մարտի կէսերուն ճափոնցի խումբ մը անասնագէտներ յայտնած են, թէ Ճափոնի մէջ ապրող կարգ մը տեսակի մեղուներ իրենց փեթակները յափշտակող իշամեղուներուն շուրջ կը հաւաքուին եւ անոնց մարմինը այնպիսի՛ տարողութեամբ տաքութիւն կ՛արտադրէ, որ կը սատկեցնէ իշամեղուները:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ մեծ թիւով մեղուներ կը հաւաքուին տուեալ իշամեղուի մը շուրջ եւ կը կազմեն «տաք գունդ» մը, որուն ջերմաստիճանը կը հասնի մինչեւ քառասունեօթը աստիճան սելսիուսի:

Թէեւ նշեալ մեղուները ունեցած են խայթելու կարողութիւն, սակայն իշամեղուներուն մարմնին արտաքին կմախքը այնքա՛ն հաստ եղած է, որ մեղուներուն խայթոցը չէ հասած անոնց մորթին: Այսուհանադերձ, ժամանակի ընթացքին եղափոխուած է նշեալ մեղուներուն ինքնապաշտպանութեան ձեւը, եւ երբ անոնք հաւաքուած են իշամեղուի մը շուրջ, անոնց մկաններուն բնաթելերը այնքա՛ն արագօրէն շարժած են, որ յառաջացուցած են մեծ տարողութեամբ տաքութիւն, որուն ազդեցութեան տակ սատկած է մինչեւ հինգ սանթիմեթր երկարութիւն ունեցող իշամեղուն:

Միւս կողմէ, սակայն, նման եղափոխութիւն մը չէ յառաջացած Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մեղուներուն մօտ, հակառակ անոր որ այդ շրջաններուն մէջ եւս գոյութիւն ունին իշամեղուներ, որոնք անխնայ կերպով կը յափշտակեն անոնց փեթակները:

Ծինային Կերտուածքներու Ուշագրաւ
Աշխուժութիւն
` Բարձր Ջերմաստիճաններու Մէջ

Ամերիկացի ջղաբան Ուիլֆի Կրոնընպերկ բացատրած է, թէ հարիւրաւոր մեղուներ կը մասնակցին իշամեղուն շրջապատող «տաք գունդի» կազմութեան գործընթացին: Անոնք կրնան նոյնիսկ մէկ ժամ բարձր ջերմաստիճաններու մէջ պահել իշամեղուն, մինչեւ որ սատկեցնեն այս վերջինը, սակայն, հետաքրքրականօրէն, անոնք որեւէ ձեւով չեն վնասուիր այդ բարձր ջերմաստիճաններէն:

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտներուն համար երկար ատեն առեղծուած մնացած է, թէ ինչպէ՛ս մեղուներուն մարմինը վերագտած է իր սովորական ջերմաստիճանը. այլ խօսքով, ի՛նչ բանն է, որ կասեցուցած է անոնց մկաններուն բնաթելերուն արագօրէն շարժելու գործընթացը:

Նշեալ ծիրին մէջ մասնագէտները սկսած են ուսումնասիրել Ճափոնէն բերուած մեղուներուն ուղեղին ծինային կերտուածքները: Այսուհանդերձ, անոնք իշամեղուներուն շուրջ «տաք գունդ» կազմող խումբ մը մեղուներ տեղադրած են բարձր ջերմաստիճաններ ունեցող յատուկ տուփերու մէջ եւ հետեւած են անոնց ուղեղին ծինային կերտուածքներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն:

Մասնագէտները գտած են, թէ բարձր ջերմաստիճաններու ազդեցութեան տակ աշխուժացած է այնպիսի՛ ծին մը, որ ծանօթ է իբրեւ ուղեղին մէջ եղող շարք մը այլ ծիներու աշխատանքը գլխաւորող ծին: Միւս կողմէ, սակայն, նման ծինային աշխուժութիւն չէ յայտնուած Եւրոպայէն եւ կամ Միացեալ Նահանգներէն բերուած մեղուներուն ուղեղին մէջ, երբ այս վերջինները տեղադրուած են բարձր ջերմաստիճաններու մէջ:

Բարձր Ջերմաստիճաններու Մէջ
Մեղուները
Անվնաս Պահող Ծինը…

Մասնագէտները ծինային կերտուածքներու այդ աշխուժութիւնը նկատած են մասնաւորաբար` մեղուներուն ուղեղին սունկէ մարմին կոչուած բաժինին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ յիշողութեան ու սորվելու, ինչպէս նաեւ` հոտառութեան, համի ու իրենք զիրենք լոյսի տարբեր տարողութիւններուն պատշաճեցնելու հետ առնչուած բաժինները:

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտները թելով կախուած իշամեղու մը տեղադրած են տարրալուծարանին մէջ եւ տուփերէն արձակած են Ճափոնէն բերուած մեղուները, որոնք անմիջապէս յարձակած են իշամեղուին վրայ եւ «տաք գունդ» կազմած են անոր շուրջ: Մինչ այդ, մասնագէտները հետեւած են մեղուներուն ուղեղին ծինային կերտուածքներուն մէջ յառաջացած աշխուժութեան եւ նկատած են, թէ անոնց ուղեղին սունկէ մարմին կոչուած բաժինին մէջ աշխուժացած են ա՛յն մասերը, որոնք աշխուժացած էին անոնց բարձր ջերմաստիճաններու մէջ տեղադրուած ատեն:

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները նշած են, թէ մեղուներուն ուղեղին մէջ եղող շարք մը ծիներու աշխատանքը գլխաւորող այդ յատուկ ծինը աշխուժացած է իշամեղուին շուրջ անոնց «տաք գունդ» կազմելէն ետք, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ այդ ծինը չէ եղած «տաք գունդի» կազմութեան ազդանշանը տուողը, սակայն, անիկա անպայմանօրէն առնչուած է անոնց մարմնին ջերմաստիճաններուն բարձր մնալուն հետ, ինչպէս նաեւ` այդ բարձր ջերմաստիճաններուն տոկալու անոնց ունեցած կարողութեան հետ:

Մասնագէտներուն համաձայն, այդ ծինը որոշ դերակատարութիւն ունի նաեւ իշամեղուին վրայ եղած յարձակումը աւարտելու գործընթացին մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Նեշընըլ ճիոկրաֆիք» եւ «Հելթ Տէյ»)

Share this Article
CATEGORIES