ՀԲԸՄ-ի Հիմնադրութեան Տարեդարձին Առթիւ Տօնակատարութիւն Խորհրդարանի Դիմաց
Նախաձեռնութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի կրթական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին առթիւ եզակի ու իւրայատուկ միջոցառում մը, կիրակի, 15 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Լիբանանի խորհրդարանին դիմաց, «Նըժմէ» հրապարակին վրայ, ժամացոյցին շուրջ:
Պէյրութի սիրտը զօրաւոր բաբախեց ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներու ամուր քայլերու շուրջպարով բազմահարիւր ծնողներու, ՀԲԸՄ-ի բարեկամներու եւ պատահական անցորդներու ներկայութեան: Հայ երգն ու եղանակը թնդացուցին Պէյրութի կեդրոնը` անգամ մը եւս յիշեցնելով խուռներամ բազմութեան ՀԲԸՄ-ի նշանաբանը` «Միութիւնը զօրութիւն է» ու վառ պահելով ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներուն` Պօղոս Նուպար փաշայի եւ ինը ընկերներուն երազն ու նպատակը, երբ անոնք ծնունդ տուին ՀԲԸՄ-ի, 1906-ին, Գահիրէի մէջ, ապահովելու հայ ժողովուրդին գոյատեւումը կրթութեան ու մշակոյթի ընդմէջէն` խոստանալով պանծալի ապագայ ամէն մէկ հայորդիի:
Պատահական չէ, որ սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանին դիմաց… վայր մը, որ կը խորհրդանշէ ամէն մէկ լիբանանցիի` ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, արտայայտուելու ազատութիւն եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
… Մեր ապագայ սերունդը` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու աշակերտները, խորհրդարանի շէնքին դիմաց ամրապնդեցին իրենց պատկանելիութիւնը ՀԲԸՄ-ին ու Լիբանանին: Անոնք, իրենց ստեղծած ոգեւորութեամբ, յստակօրէն բոլոր ներկաներուն վերահաստատեցին խոստումը` երբեք չմոռնալու ու վառ պահելու Լիբանանի անկախութեան եւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներուն երազն ու նպատակը:

