Նոր Գիրքերու Հետ. «Գիրքերու Քովն Ի Վեր» (Խմբագիր` Պօղոս Սնապեան) (Մեկենասութեամբ Հրաչ Եւ Զոհրապ Գըւըրեաններու)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր եւ (դեռ շատ մը բաներու կողքին) Յակոբ Օշականի երկրպագու Պօղոս Սնապեան հաւաքած է ու լոյս ընծայած` Օշականի գրադատական գրութիւններէն շարք մը. հատորը լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանէն, 2011-ի վերջերուն, կնքուած է «Գիրքերու քովն ի վեր» խորագիրով:
Կարելի է շարք մը որակումներ տալ այս հատորին. օրինակ երախտիք` Յակոբ Օշականին, որուն աշակերտած է Սնապեան ու շատ բան ժառանգած` անկէ: Կարելի է զայն կոչել գրադատութեան դասագիրք, ինչո՞ւ չէ նաեւ` գրական գեղարուեստի չափանիշներու ուղեցոյց, գրող Օշականի հայելին` գրադատութեան ոլորտին մէջ եւ այլն:
256 էջերու վրայ տարածուող հատորը իր խորագիրը կը պարտի նոյնինքն Օշականի մէկ յօդուածին, որ լոյս տեսած է Երուսաղէմի «Սիոն»-ին մէջ, 1937-ին. հոն, Օշական կ՛անդրադառնայ հայ գրականութեան, յատկապէս քերթողութեան ապրած նահանջին ու տագնապին, արուեստագէտ գրողներու սակաւութեան ու յոռետեսութենէ աւելի` լռելեայն կոչ մը ունի դուրեաններու, մեծարենցներու, վարուժաններու եւ սիամանթոներու ուղիին հաւատարմութեան: Կը կարծենք, որ այդ յօդուածին խորագիրը տալով այս հատորին, խմբագիր Պ. Սնապեան, աչքի առջեւ ունենալով մեր գրականութեան այսօրուան ոչ նախանձելի վիճակը, աւելի քան եօթը տասնամեակներու տարածութենէ մը կ՛արձագանգէ մեծ գրադատին ու արուեստի սիրահարին…
Հատորը կը բացուի Օշականի 1930 թուականի մէկ յօդուածէն էջի մը գրութեամբ, ուր ան ցնծութիւն կ՛արտայայտէ այդ տարիներուն ամերիկեան ցամաքամասին վրայ վերականգնող հայ գրողներու դասուն նկատմամբ, միաժամանակ կատարելով ԳԻՐՔ-ին փառաբանութիւնը:
Պ. Սնապեան հատորը բաժնած է երկու գլխաւոր մասի. հատորին յառաջաբանի տեղը բռնող, նմանապէս մէկ էջ գրութեամբ մը խմբագիրը կը բացատրէ այս բաժանումին դրդապատճառը. մինչեւ 1920-ական տարիներ գրադատը ստորագրած է Յակոբ Քիւֆէճեան «աւազանի անունով», իսկ անկէ ետք` Յակոբ Օշական գրչանունով: Հետեւաբար հատորին առաջին մասը` մինչեւ 169-րդ էջ, կը պատկանի Յակոբ Քիւֆէճեան ստորագրութիւններու շրջանին, իսկ մնացեալը` Օշական «դարաշրջան»-ին:
Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ երկու մասերուն մէջ ալ տողանցողը նոյն տեսակարար կշիռը գործածող գրադատն է, ան կոչուի Քիւֆէճեան թէ Օշական: Յօդուածներու այս շարքին ընտրութիւնը կատարուած է որոշ մօտեցումով ու տրամաբանութեամբ, ինչպէս կը բացատրէ Պ. Սնապեան իր յառաջաբանին մէջ` խոստանալով այլ յօդուածներ համախմբել այլ հատորներու մէջ:
Գրութիւնները ունին տարբեր տարիք. առաջինը քաղուած է նախաեղեռնեան շրջանէն, 1911-ի «Ազատամարտ»-էն, Պոլիս, իսկ վերջինը Երուսաղէմի «Սիոն»-ին 1938-ի մէկ համարէն: Այլ խօսքով, տեսակ մը ծաղկաքաղ է Օշականի գրադատական վաստակի անդաստանէն ու կ՛ընդգրկէ 27 տարիներու ժամանակաշրջան մը: Օշականի վաստակին ծանօթ ոեւէ հայ վստահաբար կ՛անդրադառնայ, որ Պ. Սնապեանին այս ճիգը կը նպատակադրէ ճաշակ մը տալ Յակոբ Օշականի գրադատութեան վաստակէն, որովհետեւ այլապէս, հեղինակին լեռնացող վաստակը մեր գրադարաններուն մէջ բազմած է «Համապատկեր»-ով ու գրականութեան նուիրուած այլ հատորներով:
***
Կարելի է երկարօրէն անդրադառնալ այս հատորին արժանիքներուն, որոնք անուղղակի հայելին են նա՛եւ հեղինակին ու կազմողին արժանիքներուն: Կը բաւականանանք քանի մը մատնանշումով, որպէսզի գրասէր ընթերցողը չզրկենք զայն անձամբ պեղելու եւ վայելելու հաճոյքէն:
Երկու մասերուն մէջ տեղ տրուած է տասնմէկական հեղինակներու. Ա. մասը կը բացուի Եղիշէ արք. Դուրեանով, կը յաջորդեն Լեւոն Էսաճանեան, Սիպիլ, Սիամանթօ, Դ. Վարուժան (երկու ծաւալուն եւ շարունակելի յօդուածներով), Արտաշէս Յարութիւնեան, Վ. Թէքէեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Միքայէլ Վարանդեան, Սահակ-Մեսրոպ եւ Արշակ Չօպանեան. ինչպէս նշեցինք, այս բաժինը կը պատկանի Ցեղասպանութիւնը կանխող ժամանակաշրջանին` 1911-1914: Երկրորդ մասը կը բացուի նոյնինքն Վ. Թէքէեանով, 1921, կը յաջորդեն Գէորգ Կառվարենց, Մատթէոս Զարիֆեան, Դ. Վարուժան (յետմահու), Զաւէն Սիւրմէլեան, Համաստեղ, Սարգիս Սահակեան, Սեմա Աթմաճեան, Բիւզանդ Թոփալեան ու Բենիամին Նուրիկեան:
Յօդուածները լոյս տեսած են իւրաքանչիւր հեղինակի մէկ գործին հրատարակութեան առիթով: Ընթերցողին աչքերուն դիմաց կը պարզուին քանի մը գլխաւոր գիծեր, որոնք կը մարմնաւորեն գրադատ հեղինակը, որ նոյնինքն վէպերու, պատմուածքներու, նորավէպերու եւ թատերական ու քերթողական գործերու հեղինակ Յակոբ Օշականն է, միս ու ոսկորով, ոճով ու հեղեղանման արտայայտութիւններով:
Մանրամասնենք քիչ մը. Օշականի գեղարուեստական գրականութիւնը միաձուլուած է գրադատ Օշականի վաստակին, խորքային իր յատկանիշներով: Ինչպէս իր վէպերուն մէջ, նոյնպէս ալ գրադատական իր գրութիւններուն` Օշական ինքզինք չի սահմանափակեր աւանդական արտայայտչաձեւերու ծիրին մէջ, այլ անոր գրութիւնները կը նմանին թումբերու մէջ չպարփակուող գետերու, որոնք յորդուն են ու կը տարածուին ընկալեալ սահմաններէ անդին, ինչպէս որ Դանիէլ Վարուժան օր մը թելադրած էր իր մշակին, որպէսզի սերմնացանութեան պահուն, ձեռքի շարժումները ըլլան անպարագիծ, ցանէ արտի սահմաններէն ալ անդին…:
Բոլոր գրութիւններն ալ դուրս եկած են նոյն կշիռքէն, որ նուրբ է ու արդար: Քիւֆէճեան-Օշական գրականագէտն ու քննադատը հրճուանքով ու բարձրաճակատ կ՛ողջունէ բանաստեղծին, արձակագիրին, թարգմանողին ու, մէկ խօսքով` հայ Գիրը արուեստին ծառայեցնող իւրաքանչիւր հեղինակի արժէքը. գրադատութիւնը իրեն համար չի սահմանափակուիր, օրինակի համար, Վարուժանի մը երկերուն վերլուծութեամբ ու անոնց արժանիքները լուսարձակի տակ բերելով, այլ տուեալ հեղինակը իրեն համար կը դառնայ ներշնչումի աղբիւր, որպէսզի զայն ոչ միայն պտոյտի հանէ հայկական ու միջազգային գրականութեան անդաստաններուն մէջ` համեմատութիւններ կատարելով հայ թէ օտար մեծերու արժանիքներուն հետ, այլ նաեւ իւրաքանչիւր հեղինակի մէջ կը պեղէ անոր ենթահողը` իսկական գիւղացիի յատկանիշները, օրինակի համար, ու այդպէսով` վերլուծական էջերը կը վերածուին գեղարուեստական իւրայատուկ արտայայտութիւններու:
Ընթերցողին ուշադրութենէն պիտի չվրիպի նաեւ այն, որ հատորին գրեթէ մէկ երրորդը նուիրուած է Դանիէլ Վարուժանի հատորներուն, վերջինը` յետմահու լոյս տեսած «Հացին երգը» բանաստեղծութիւններու հատորիկին: Վարուժանին ու սերնդակիցներուն հետ Օշականի գործակցութիւնն ու գաղափարակցութիւնը ծանօթ է. այս էջերը միաժամանակ արտացոլացումն են հանճարեղ բանաստեղծին նկատմամբ գրադատին հիացմունքին, ապա նաեւ` Ցեղասպանութեան պատճառով մեր ունեցած կորուստին առթած ցաւին ու ցասումին:
Ուշագրաւ է, որ ընդգրկուած յօդուածներուն մէջ միայն մէկ գրութիւն կը վերաբերի կին գրողի մը` Սիպիլի: Նմանապէս «որբ» է Լ. Էսաճանեանի վերաբերող յօդուածը, ուր հեղինակը անխնայ կերպով կը խարազանէ զայն, կը վերածէ «փետուած հաւու»: Միւսներու պարագային, ընդհանրապէս ունի ողջունողի, քաջալերողի ու լիացողի մօտեցում: Ասիկա չի նշանակեր, որ ողջոյնն ու գովեստը, հպարտանքը անխառն են. արդարադատ իր մօտեցումը պատճառ չէ, որ մատնացոյց չընէ Սիամանթոյի մը կամ Վարուժանի մը կարգ մը բանաստեղծութեանց մէջ իր նկատած թոյլ կէտերը, սակայն անմիջապէս կ՛արձանագրէ նաեւ, որ ծաղկող տաղանդները ինչպիսի՛ ուղիներով պիտի ձգտին կատարելութեան. նման նշումներ կը կատարէ մինչեւ անգամ Թէքէեանի նման կատարելութիւն պաշտող բանաստեղծի մը նկատմամբ: Տակաւին, ընթերցողը խոցող սլաքներու կը հանդիպի հատորի էջերուն, երբ տուեալ գրող մը, բանաստեղծ մը կը ներկայացուի օրուան գրական լայնածիր ասպարէզին մէջ, ուր հեղինակը ինքնամուղ մօտեցումով բաղդատականներ կը կատարէ արեւելահայ կամ արեւմտահայ մեր անդաստաններու այլ հեղինակներու հետ:
Գրականասէր ընթերցողը կրնայ հատ ու կենտ պարագաներու լիովին համակարծիք չըլլալ Յ. Օշական գրադատին վերլուծումներուն կամ դատողութեանց հետ, սակայն չի կրնար խուսափիլ հետեւեալ հաստատումէն. Օշականի դատողութիւնները, կատարուած` իր օրերուն, հեղինակի մը գործին լոյս ընծայման իբրեւ արձագանգ, ընդհանրապէս արդարութիւն ըրած են անոնց, իբրեւ արժեւորում` ընդհանրապէս անվիճելի են մինչեւ այսօր ու այդպէս ալ պիտի մնան գրականագիտութեան պատմութեան մէջ:
Եւ արդէն ճիշդ հոն է Յ. Օշական գրադատին արժէքը, որուն մէկ սեղմ հայելի է Պ. Սնապեանին խմբագրած այս հատորը: Անիկա օշականեան ընթերցումի հաճոյքը կը պարգեւէ գրասէրին, ի՛նչ չափի ալ որ ըլլայ Օշական գրող-գրադատին հետ անոր ծանօթութիւնը:
Կը յուսանք, որ Օշական գրադատին այլ գործերը ներկայացնելու խմբագիրին խոստումը իրականանայ շուտով: Չմոռնանք, որ ան անցեալ տասնամեակներուն հայ ընթերցողին հրամցուցած է Օշականի գեղարուեստական գործերէն մեծ փունջ մը, ներառեալ` կոթողական «Մնացորդաց»-ը:

