Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Առիթով` Հեծանիւներու Երթ
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով` Հայկազեան համալսարանի ուսանողական խորհուրդը, գործակցութեամբ «Քատմուս» ծրագիրին, կազմակերպեց ուսանողական եւ ժողովրդային հեծանիւներու երթ մը, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի գլխաւոր փողոցներուն մէջ:
Հեծանիւներու երթը, որուն նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահել, ողողեց մայրաքաղաքի հետեւեալ փողոցները` Քանթարի, Համրա, Սատաթ, Էմիլ Էտտէ, Սանայեհ, Սփիրզ, Ռինկի կամուրջ, Ղազալ աշտարակ, Նահատակաց հրապարակ, Պապ Իտրիս, Սթարքօ` վերադառնալով դէպի Հայկազեան համալսարան:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ողջունեց հեծելանիւներու երթին մասնակիցները եւ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 97 տարիներ անցած են, սակայն այդ աղէտին պատճառած վէրքերը տակաւին կը կոտտան եւ չեն ամոքուած:
«Մենք փափաքեցանք ցաւ պատճառող այս յիշատակը արտայայտել մարզական գործունէութեամբ, որպէսզի անցեալէն եկած ցաւը վերածենք խաղաղութեան, արդարութեան եւ յոյսի ոգիի», ըսաւ վեր. Փ. Հայտոսթեան:
Նշենք, որ հեծելանիւներու երթին ընթացքին մասնակիցները Թուրքիայէն պահանջեցին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

