Ընկերային Շահագործումի Եւ Կեղեքումի Դէմ Պայքարի Տօնը

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Եւ այսպէս, այսօր համայն մարդկութիւնը դարձեալ կը նշէ Աշխատաւորներու հետ համերաշխութեան միջազգային տօնը: Ասիկա այն տօնն է, որ իր հովանիին տակ կը միացնէ աշխարհի բոլոր աշխատաւորները, մանր արհեստաւորները, աշխատավարձով աշխատող պաշտօնեաները: Այն տօնն է ասիկա, որ իր շուրջ կը միացնէ աշխարհի բոլոր ձախակողմեան ուժերը` ընկերվարականները, անիշխանականները, համայնավարները եւ սենտիքայական կազմակերպութիւնները, արդի ժամանակներուն մարդկութեան զարգացման անիւը առջեւ մղող հիմնական ուժին` աշխատաւոր ընդհանրութեան զօրակցութեան եւ անոր հետ համերաշխութեան պայքարին մէջ:

Աշխատաւորներու միջազգային տօնը` գերազանցապէս պայքարի տօնն է` ընկերային շահագործումին եւ կեղեքումին դէմ: Աշխատաւոր ընդհանրութեան պայքարի բոլոր հանգրուաններուն, աշխատաւորութիւնը առաջնորդուած է մէկ կարգախօսով, այն է` «Իւրաքանչիւրէն` ըստ կարելւոյն, իւրաքանչիւրին` ըստ արժանւոյն»: Արդի քաղքենիական ընկերութեան մէջ, 19-րդ դարէն ի վեր, միշտ ալ հիմնական հարց նկատուած է մարդու եւ աշխատանքի միջեւ յարաբերութեան հարցը: Արդեօք այդ աշխատավարձը, որ կը ստանայ աշխատաւորը կամ պաշտօնեան, կը համապատասխանէ՞ անոնց կատարած աշխատանքի արժէքին, թէ՞ աշխատաւորութիւնը հիմնական բաժին պէտք է ունենայ իր արտադրած բարիքներուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ ալ կը տեղադրուի միջազգային աշխատաւորական շարժումի յառաջ քշած այն հիմնական սկզբունքը, որ աշխատաւորութիւնը ժողովրդավարական սկզբունքներով իր մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ աշխատանքի եւ արտադրութեան հարցերուն վերաբերող որոշումներուն մէջ:

Այսօր, Աշխատաւորներու հետ համերաշխութեան միջազգային տօնին ընթացքին, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ աշխատաւորները, յառաջդիմական եւ ձախակողմեան հայեացքներով բոլոր ուժերն ու անհատները տօնական հանդէսներով, բողոքի շարժումներով եւ ցոյցերով իրենց ձայները կը բարձրացնեն շատ յաճախ անիրաւուած աշխատաւոր դասակարգի օգտին: Անիրաւութիւն մը, որ արդիւնք է դրամատիրական հասարակարգի թելադրած անհաւասարութեան պայմաններուն: Այսօր աշխատաւորութեան մաքառումի օրն է դրամատիրական համայնակուլ մտածելակերպին դէմ` յանուն յաւելեալ ընկերային արդարութեան եւ հասաւարութեան, յանուն եկամուտներու արդար բաշխումին:

Այսօր մարդկութեան յառաջատար ուժը` աշխատաւորութիւնը, իր բողոքի ձայնը կը բարձրացնէ նաեւ ոչ միայն իր իսկ նկատմամբ արձանագրուած անիրաւութեան դէմ, այլեւ դրամատիրական հասարակարգին պատճառով յառաջացած այլազան բնոյթի անհաւասարութիւններուն եւ անարդարութիւններուն դէմ: Այսօր բողոքի օր է աշխատատեղիներու, գործարաններու եւ կեանքի ու աշխատանքի այլազան մարզերուն մէջ տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ բացայայտ թէ քողարկուած անհաւասարութեան երեւոյթներուն դէմ:

Այսօր աշխարհի կեղեքուածները, անիրաւուածները, շահագործուածները եւ տանջուածները կը միանան իրարու նկատմամբ համերաշխուժութիւն եւ զօրակցութիւն արտայայտելու համար: Այսօր, ճի՛շդ այսօր օրն է մարդկութեան 99 առ հարիւրի բողոքին` ընդդէմ այդ մէկ առ հարիւրին, որ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած է աշխարհի հարստութիւնները: Պայքարի եւ գործնական աշխատանքի օրն է այսօր` լեցնելու այն վիհը, որ գոյութիւն ունի աղքատներուն եւ հարուստներուն միջեւ ոչ միայն անհատներու մակարդակով, այլ նաեւ աշխարհագրական տարածքներու մակարդակով` երկրագունդի հիւսիսային եւ հարաւային մասերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութեան առումով: Ահաւոր անհաւասարութիւն մը, որ դուռ կը բանայ իրերայաջորդ ներքին տագնապներու եւ մնայուն արիւնալի պատերազմներու:

Հոս չի վերջանար դրամատիրական հասարակարգի աղէտներուն շարքը` մարդկութեան գլխուն: Այս հասարակարգին ընչաքաղցութիւնը չափ ու սահման չի ճանչնար: Յաւելեալ արտադրութիւն, յաւելեալ սպառումի համար յաւելեալ քարոզչութիւն եւ ծանուցում, յաւելեալ եկամուտներու կուտակման հեռանկարներու փնտռտուք, յաւելեալ, յաւելեալ, յաւելեալ ու յաւելեալ… Եւ արդի՞ւնքը այս բոլորին, քիչ մը աւելի երկրագունդի բնական միջավայրի քանդում եւ բնական հարստութիւններու յումպէտս վատնում, որ իր կարգին կենսոլորտային յաւելեալ աղէտներու դուռ կը բանայ: Այսօր աշխատաւորութեան պայքարին թիրախը նաեւ այս հարցն է, որ միջազգային ընկերութիւնները, գործարար անձերը, կառավարութիւնները, դրամատիրական հասարակարգի որոշումի կեդրոնները վերջ տան իրենց չափը անցած ընչաքաղցութեան եւ գէթ օգտակար գործ մը կատարեն մարդկութիւնն ու աշխարհը դէպի կենսոլորտային յաւելեալ աղէտներ չմղելու առումով:

Մայիս 1-ը աշխատանքի մարդավայել պայմաններու ստեղծման համար պայքարի օրն է, եւ ոչ թէ արձակուրդի եւ հանգստեան օր: Մայիս 1-ը աշխատաւորներուն փողոց իջնելու օրն է: Ընկերային արդարութեան, սեռերու միջեւ հաւասարութեան, բնութեան պահպանման, իրերայաջորդ ծաւալապաշտական պատերազմներուն դէմ եւ յաւելեալ ժողովրդավարացման համար պայքարը տարուան ընթացքին մէկ օր աշխատաւոր ընդհանրութիւնը կը տանի եւ պէտք է տանի փողոցը:

Այդ օրը այսօր է: Այդ օրը մայիս 1-ն է` Աշխատաւորներու հետ համերաշխութեան միջազգային օրը, դրամատիրական հասարակարգի շրջանցումով աւելի մարդկայնական հասարակարգի ստեղծման համար պայքարի օրը:

 

Share this Article
CATEGORIES