Մենք Անձնատուր Կ՛Ըլլանք «Ցեղասպանութեան»

Ապրիլ 24 է: Դարձեալ, ինչպէս ամէն տարի կը պատահի, Թուրքիոյ 70 միլիոն բնակչութիւնը պիտի մտածէ, թէ ուրիշներ ի՛նչ կ՛ըսեն Հայկական հարցին մասին:

Պրկուած օրեր պիտի անցընենք եւ, վերջաւորութեան, մենք կրկին ամէն ինչ պիտի մոռնանք:

Այս հոլովոյթը չինական չարչարանքի, տանջանքի նման է: Մասնաւորաբար երբ 2015-ը կը մօտենայ, ճնշումը պիտի աւելնայ:

Թուրքիա, ինչպէս որ նախապէս ըրած էր, խստօրէն պիտի արձագանգէ, հակադարձէ: Անգարա սպառնալիքներ պիտի արտասանէ, բայց ատոնք ապարդիւն պիտի ըլլան, ազդեցութիւն պիտի չունենան:

Գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ: Որովհետեւ հայերը յաջողած են աշխարհի մէկ զգալի մասին ընդունիլ տալ Ցեղասպանութեան մասին իրենց պնդումները: Թուրքիոյ հակապնդումները ե՛ւ շատ ուշ են, ե՛ւ շատ տկար: Մենք շատ հեռու երթալու պէտք չունինք ասիկա տեսնելու համար: Վերջերս իմ գրասենեակս առաքուեցաւ այս թեմային մասին 1000 էջնոց գիրք մը:

Ատիկա կազմած է հանրածանօթ գերմանացի լրագրող եւ գրող Ուոլֆկանկ Կուսթ: Գիրքը կը ներառէ հայերու դէմ գործողութիւններու փաստագրումները, որոնք ներկայացուած են Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ, 1915-ին եւ 1916-ին: Այս փաստաթուղթերը կը ներառեն ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ գերմանացի դիւանագէտներուն կամ առաքելութեան անդամներուն կողմէ ղրկուածները, այլեւ` այս նիւթին շուրջը Գերմանիոյ կառավարութեան նիստերուն արտայայտուած տեսակէտներն ու քննարկումները:

Գիրքը թրքերէն է: Ատոր անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ փորթուգալերէն տարբերակ արդէն մամուլի տակ են:

Գիրքին պատգամը հետեւեալն է. «Քանի որ թուրքերը ատիկա չեն ըներ, եկէք` մենք ընենք: Անոնք պէտք է տեսնեն այս փաստաթուղթերը եւ հասկնան մեր ունեցած ապացոյցները: Անոնք պէտք է համոզուին, որ մենք իբրեւ իրենց թշնամիները չենք գործեր, բայց կը փորձենք դէպք մը բացատրել»:

Գիրքը թարգմանուած է չափազանց հասկնալի եւ գեղեցիկ թրքերէնի, «Պելկէ» հրատարակչատան կողմէ: Ակներեւ է, որ տարիներու աշխատանք է: Չափազանց կարեւոր եւ սուղ ուսումնասիրութիւն մըն է:

Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, եթէ դուք կարդաք գիրքը եւ նայիք փաստաթուղթերուն, եթէ դուք անձ մըն էք, որուն այս նիւթը կը ծանօթացուի այ՛ս գիրքով, ոչ մէկ միջոց կայ, որ չհաւատաք Ցեղասպանութեան եւ չարդարացնէք հայերը: Նոյնիսկ եթէ դուք մասնագէտ էք նիւթին կամ ուսումնասիրած էք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ թրքական կողմէն, կրկին` դուք շփոթութեան պիտի մատնուիք: Դուք բազմաթիւ հարցումներ պիտի ունենաք:

Գիրքին մէջ տպուած նամակով մը Քանատայի «Զօրեան» հիմնարկի տնօրէն Կրեկ Սարգիսեան կ՛ըսէ, որ իսկական խաղաղութիւնը կարելի է նուաճել, երբ ազգերու անցեալին մասին տեղեկութիւններու աղբիւրները կը կիսուին, եւ ազգերու անցեալին մասին անկաշկանդ, հրապարակաւ կրնան խօսիլ: Ան նաեւ կ՛ըսէ, որ այս ձեւով փոխադարձ հասկացողութիւնը եւ երկխօսութիւնը պիտի զարգանայ` ատելութեան փոխարէն:

Հիմա, ես բոլոր թուրք պաշտօնատարներուն կ՛ուզեմ հարցնել. վերջին 50 տարիներուն ընթացքին դուք այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը ըրա՞ծ էք: Դուք պրպտա՞ծ էք միջազգային աղբիւրներ եւ (որքան ալ կողմնակալ կամ միակողմանի եղած ըլլայ ատիկա) դուք կրցա՞ծ էք այսպիսի գիրք մը հրատարակել: Մեր սեփական աղբիւրներէն դուրս գալով` դուք ի՞նչ տեսակ ուսումնասիրութիւն մը ըրած էք: Արդեօ՞ք դուք սահմանափակուած կամ գոհացած էք օգտագործելով միայն թրքական աղբիւրներ, որովհետեւ դուք չէք կրնար գտնել տրամաբանական, ճշմարտանման փաստաթղթեր կամ ապացոյց:

Եկէք` զիրար չխաբենք:

Եթէ դուք այս հարցումներուն ճիշդ պատասխաններ կրնաք տալ, ապա դուք պիտի կարենաք մեզի համար յստակացնել, պարզաբանել որոշ բանալի փաստեր:

Գիտեմ, որ դուք լուռ պիտի մնաք:

ՄԵՀՄԵԹ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES