Թուրք-Ազրպէյճանական Համաշխարհային Նորագոյն Զօրաշարժի Լոյսին Տակ. Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Յարձակողական Ռազմավարութիւն Որդեգրած Է
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անգլիացի լրագրող եւ վիպասան Ռիչըրտ Հարիս 1992-ին հրատարակեց իր «Ֆատըրլենտ» վէպը, որ շուտով վերածուեցաւ պեսթ սելըրի. աւելի քան երեք միլիոն օրինակներ ծախուեցան եւ գիրքը թարգմանուեցաւ քսանհինգ լեզուներու: Գիրքին հիման վրայ, բեմադրիչ Քրիսթոֆըր Մանաութ երկու տարի ետք պատրաստեց համանուն ժապաւէն մը, ուր գլխաւոր դերերուն մէջն էին` Ռութքըր Հաուր, Միրանտա Ռիչըրտսըն եւ Փիթըր Վօկըն: Ոստիկանական բնոյթի Ֆատըրլենտը կը ներկայացնէ Պերլինը 1964 թուականին, երբ նացի Գերմանիան յաղթական դուրս եկած է Բ. Համաշխարհային պատերազմէն եւ Մեծն Գերմանական Ռայխը կը տարածուի Ալզաս-Լորենէն մինչեւ Ուրալներ եւ Կովկաս: Հիթլերի 75-րդ տարեդարձէն մէկ շաբաթ առաջ, երբ կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճոզեֆ Քենետիի այցը, Քրիմինալփոլիզայի ոստիկան Զաւիէ Մարշ, որ իր շրջապատին ծանօթ է որպէս Զաւի, պաշտօն կը ստանայ քննութիւն բանալու Նացի կուսակցութեան բարձրաստիճան պատասխանատու Եոզըֆ Պուհլերի մահուան շուրջ: Անոր մերկ դիակը գտնուած էր Պերլինի մօտակայ գետին մէջ: Զաւի, որ պատերազմի ժամանակ ծառայած է սուզանաւի մը մէջ, ունի նաեւ Սթրամպենֆրըր պատուոյ տիտղոսը Էս. Էս.-ներու բաժանմունքին մէջ, բայց գաղտնի վերահսկողութեան տակ է Կեսթափոյին կողմէ` «անհաւատարմութեան» կասկածներով. օրինակի համար` անդամ չէ Նացի կուսակցութեան: Ան պիտի չկարենայ իր գործը կատարել, որովհետեւ անմիջապէս որ դիակը երեւան կու գայ, Կեսթափոն կը միջամտէ եւ ոստիկանութեան կը հրահանգէ փակել թղթածրարը:
Հարցը այն է, որ Զաւի երեւան հանած էր, թէ Պուհլերի խորհրդաւոր մահը առնչակից է Նացի կուսակցութեան բարձրաստիճան շարք մը այլ պատասխանատուներու հետեւողական սպանութեանց: Զաւի, սակայն, կը հանդիպի ամերիկացի լրագրողուհի «Չարլի» Մակիրի, որ որոշած է իր սեփական հետաքննութիւնը կատարել: Երկուքով միասին կը մեկնին Ցիւրիխ` հետազօտելու համար սպաննուած Նացի պատասխանատուներու դրամատնային հաշիւները, եւ հետեւաբար, կը բացայայտեն սահմռկեցուցիչ ճշմարտութիւն մը. սպաննուած բոլոր նացի պատասխանատուները մասնակցած էին 1942-ին տեղի ունեցած Ուանսիի գաղտնի համագումարին, որուն ընթացքին ծրագրուած էր հրեաներու ոչնչացումը:
Պատերազմը յաղթած գերմանական հասարակութեան մեծ մասը անտեղեակ է Ողջակիզման մասին, եւ որպէսզի Ողջակիզումէն հետք չմնայ, եւ որպէսզի Գերմանիա-Միացեալ Նահանգներ նախատեսուած գագաթաժողովը չխանգարուի, Կեսթափոն նախաձեռնած է ոճիրը յղացած ու ծրագրած անձնաւորութիւններու անհետացման: Վէպը կ՛աւարտի հոն, ուր Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Աուսուիչի կեդրոնացման ճամբարը եղած է, եւ որմէ ոչ մէկ հետք մնացած է Կեսթափոյի ջանքերով: Մինչ Մակիր Զուիցերիայէն կը փորձէ ի լուր աշխարհի սփռել նացի Գերմանիոյ գործած ոճիրը, Կեսթափոյէն հալածուող Զաւի Աուսուիչի մէջ կը փորձէ ի յայտ բերել որեւէ փաստ` Աուսուիչի գոյութեան մասին: Կը յաջողի թէ ոչ, այդ մէկը Հարիս կը ձգէ, որ ընթերցողը ինք որոշէ…
«Ֆատըրլենտ»-ի պատգամը միահամուռ է: Առնուազն այն պատգամը, որ վէպին երեւակայական ոլորտը կը թելադրէ. եթէ Գերմանիան պատերազմը յաղթէր, Ողջակիզման մասին ոչ ոք լուր պիտի ունենար. ատով հանդերձ, ոճրագործ պետութիւնը մի՛շտ ալ մտահոգ պիտի ըլլար ցեղասպանութեան ամէն հետք վերացնելու մղձաւանջով: «Պատմութիւնը պատերազմը յաղթողները կը գրեն» համատարած համոզումին «իմաստութիւնը» մասնակի է միայն, այնքան ատեն որ ցեղասպանութիւններով ու պատերազմական ոճիրներով ձեռք բերուած այդ «յաղթանակներ»-ու թաքնուած ճշմարտութիւններու բացայայտման հետամուտ թէկուզ եւ սակաւաթիւ արդարամիտներ ըլլան:
Թրքական ժխտողականութիւնը կրնայ «Ֆատըրլենտ»-ի իրականութեան հայելին ըլլալ: Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին, բայց անոր աւերակներուն վրայ բարձրացաւ Մուսթաֆա Քեմալին հիմնած հանրապետութիւնը` արդիական Թուրքիան, որուն պաշտօնական պատմութիւնը գրուած է իրենց այսպէս կոչուած «անկախութեան պատերազմ»-ի պատումին վրայ: Այդ պատերազմը, ինչպէս քեմալական ազգայնական առասպելը հաւատացնել կ՛ուզէ, որպէս թէ երկիրը Դաշնակիցներու գաղութատիրութենէն ազատագրելու հերոսապատում է, «յեղափոխութիւն», որմէ իր անցեալին հետ ամէն կապ խզած նոր երկիրն ու նոր հասարակութիւնը պիտի ծնէին: Խորքին մէջ, այն ե՛ւ Դաշնակիցներու, ե՛ւ, մանաւանդ, պոլշեւիկներու լուր հաւանութեամբ թէ ուղղակի օգնութեամբ ստեղծուած երկիր մըն էր, որ իրաւմամբ փորձեց իր «փրկած» Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ոչ թրքական ամէն բնոյթի անցեալի հետք ջնջել, սկսելով, բնականաբար, հայոց դէմ գործադրուած պետական ոճիրէն: Թալէաթները Աուսուիչ կառուցելու պէտք չունէին, սուրիական անապատ հասած մահուան կարաւանները կազի սենեակներ տանելու հարկ չկար, որովհետեւ սովը, ծարաւն ու կիզիչ արեւը բնաջնջման բնական եւ տնտեսապէս նուազ ծախսալից մահուան գործիքի դերը կը կատարէին… Քեմալ, հետեւաբար, նիւթական Աուսուիչներ անհետացնելու կարիքը չունէր, անհրաժեշտ էր միայն լռութիւն պարտադրել եւ, ինչպէս կը հաւատար, ժամանակը, մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հաշուարկներն ու մոռացութիւնը իրենց գործը պիտի կատարէին:
Ճիշդ է, քանի մը եկեղեցիներ ռմբահարուեցան, ուրիշներ ախոռի վերածուեցան, բայց ի վերջոյ աւերակներն ալ լքուեցան իրենց բախտին, որովհետեւ ո՞վ աշխարհի մէջ պիտի հետաքրքրուէր անապատացող «արեւելեան Անատոլու»-ով, հոն ուր մշտական բախումներ տեղի կ՛ունենային քիւրտերու հետ, ուր պետութիւնը երկար տարիներ ոչ մէկ նեդրում կը կատարէր ակնյայտօրէն ուշացնելու համար տարածաշրջանի զարգացումը:
Միւս կողմէ, թրքութեամբ «հպարտանալու» բարոյական պարտադրանքը այնքան ծանր ճնշեց նորաստեղծ երկրի հասարակութեան վրայ, որ ոչ թուրք հատուածներուն Լոզանի դաշնագրով իրենց բաժին ելած նուազագոյն իրաւունքներով հազիւ շնչելու տարածութիւն մը մնաց, որոնց քեմալական պետութիւնը առիթը բնաւ չփախցուց երկրէն հեռանալու «հրաւէր» տալու համար, ինչպէս կը վկայեն Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կրօնական փոքրամասնութիւններուն վրայ դրուած ապօրինի տուրքը, որ շատերը սնանկութեան առաջնորդեց, կամ 1955-ին, պետութեան կողմէ դրդուած խուժանային յարձակումները յոյն եւ հայ վաճառատուներուն վրայ, սարսափի մթնոլորտ տարածելու նպատակով:
Կարելի է ըսել, որ մինչեւ 1965 թուրք ցեղասպան պետութիւնը «Ֆատըրլենտ»-ը յաջող կերպով գրած էր, կը մնար վերջին «հետք»-ին ոչնչացումը` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի տեղեկագրին մէջ տեղ գտած պարզ նախադասութիւն մը յուշելով, որ հայերուն դէմ գործադրուած ինչ-որ սպանութիւններ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ «ցեղասպանութիւն» էին, ինչպէս 1944-ին Լեմքին հաստատած էր աւելի բացայայտօրէն. ինքնին ոչինչ այնքան կարեւոր, բայց ժխտողականութեան բնազդով զգաստ թրքական դիւանագիտութիւնը այդ փոքր նախադասութիւնն ալ սպառնալիք, կամ առնուազն` ռիսք, համարեց ու, ինչպէս ծանօթ է, 1973-ին ՄԱԿ-ի տեղեկագրին մէջէն զայն հանել տուաւ:
Կը մնայ, որ Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու արդարատենչութեան բնազդը ոչ միայն արթուն էր այնքան տարիներէ ի վեր, այլ նաեւ արդէն լուրջ քաղաքականութեան վերածուած էր: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1965-էն սկսեալ եւ շատ աւելի հաստատ կերպով 1975-էն ետք, Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութենէ դուրս բերելու Հայ դատի պայքարն էր սփիւռքի մէջ, որ 1984-1985 տարիներուն իր առաջին արդիւնքները տուաւ Ժողովուրդներու ատեանի վճիռով, Ուիթըքերի տեղեկագրով եւ, 1987-ին, Եւրոպական խորհրդարանին որոշումով, արդիւնքներ, որոնք եկան նոր եռանդ տալու Ուրուկուէյի մէջ 1965-ին քուէարկուած օրէնքով արդէն քաղաքականալու սկսած գործընթացի մը:
Այս բոլորը ծանօթ պատմութիւն է, թէկուզ եւ «Ֆատըրլենտ»-ի հետ խորհրդանշական այս առնչութիւնը թերեւս իւրայատկութիւն մը տայ այդ ծանօթ պատմութեան, երեւան հանէ, անգամ մը եւս, անոր տիեզերականութիւնը` որպէս համամարդակային հիմնախնդիր, որքան ալ որ բոլոր ցեղասպանութիւններուն նման, այն նախ եւ առաջ պատկան ժողովուրդին, այս պարագային` հայութեան, պատասխանատուութիւնը ըլլայ:
Բայց Հարիսի վէպի մէջբերումը հոս արդէն ծանօթ պատմութեան մը գրականա-գեղագիտական նորարական շունչ մը տալու նպատակով չի կատարուիր: Զգուշացման, զգաստացման հրաւէրի նախաձեռնութիւն մըն է, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը, որ, ինչպէս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ ուրիշներ ցոյց տուած են, իր զարգացման գործընթացը ապրած է հայկական պահանջատիրութեան արտայայտման զուգահեռ եւ բարեփոխած, նրբացուցած է իր մարտավարութիւնը, այսօր կարծես ետ թողած է իր սկզբնապէս պաշտպանողական բնոյթի ռազմավարութիւնը եւ անցած է յարձակողականի: Կարելի է ըսել, որ Կիւլի առաջարկը 2005-ին` պատմաբաններու յանձնաժողովի մը առաջացման առնչութեամբ ժխտողական քաղաքականութեան ռազմավարութեան պաշտպանողական հանգրուանի վերջին նախաձեռնութիւնը եղաւ: Իր այդ «հաշտուողական» դիմապատկերով Թուրքիոյ նախագահը Երեւան ժամանեց ընդառաջելով Հայաստանի իր գործընկերոջ ֆութպոլային առաջարկին, բայց հոն ալ վերջացաւ իր դերը: Հիմա տիրապետողը Էրտողանի յարձակողապաշտ տիպարն է, այն, որուն նոր օսմանեան ծաւալապաշտութեան հետամուտ Թուրքիան պէտք ունի Իսրայէլի հետ առճակատման թատրոնը խաղալու համար, որպէսզի, անգամ մը եւս, արաբական զանգուածները խաբէ իր իսլամական անվախ առաջնորդի կերպարով, այն կերպարը, որ «հրէշութիւն» կ՛որակէ հայ-թրքական բարեկամութեան յուշակոթողը եւ վար առնել կու տայ զայն, անուղղակիօրէն դրդելով, որ անոր արուեստագէտ հեղինակին դէմ սպանութեան փորձ կատարուի: Էրտողան, պետական այրը, որ Ֆրանսան կը մեղադրէ Ալճերիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» կատարած ըլլալու համար, ամբարտաւանը, որ կը յայտարարէ, թէ «յոգնած» է Հայոց ցեղասպանութենէն: Էրտողան ժպտելու պէտք չունի, որովհետեւ իր կողքին է Տաւութօղլուն, արտաքին գործոց նախարարը, որ այդ դերը ստանձնած է այնքան հարազատօրէն, որ անկարելի է չյիշել Քրիստափոր Միքայէլեանին բանաձեւած «դիպլոմատ հրէշներ»-ը…
Թրքական ժխտողականութեան յարձակողական այս հանգրուանը բնականաբար առնչակից է Էրտողանի իսլամական կուսակցութեան իշխանութեան հասնելէ ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ Անգարայի ուժական գործօնի վերածուելու առարկայական տուեալին: Այլ խօսքով, ժխտողականութեան յարձակողական հանգրուանը հիմնաւորուած է Միջին Արեւելքի մէջ թրքական պետութեան տարածաշրջանային ուժ դառնալու գործընթացին, որուն համար յատկապէս կարեւոր է, որ Անգարայի «արդար» պետութեան հեղինակութեան վրայ բիծ չըլլայ: Պաղեստինեան դատին որպէս թէ պաշտպանի իր դերակատարութենէն մինչեւ արաբական երկիրներու մէջ ծայր առած զօրաշարժերէ ետք իշխանութեան հասած իսլամական ուժերու «բնորդ» վարչակարգի վերածուելու իր նախանձախնդրութիւնը եւ Լիպիայէն մինչեւ Սուրիա զինեալ ապստամբութիւններուն օժանդակելու նախաձեռնութիւնը կը պարտադրեն, որ Թուրքիա աշխարհին ներկայանայ որպէս չափաւորական պետութիւն, բայց մանաւանդ` մաքուր դիմագիծով, զերծ ամէն բիծէ, որ կրնայ «արդարադատ»-ի իր դիմագիծը աղաւաղել: Հրանդ Տինքին սպանութիւնը, քրտական հարցին վերակենդանացումը, ժողովրդավարութեան խաղին անխուսափելի հակասութիւնները նոյնինքն թրքական հասարակութեան մէջ, տակաւին` հասարակութեան կարեւոր շերտերու մէջ հակասեմականութեան ու քրիստոնէատեացութեան բնազդային մղումներուն շարունակումն ու պարբերական դրսեւորումները կարեւոր մարտահրաւէրներ են Էրտողանի վարչակարգին, բայց այդ բոլորը ներքին կարգով տեղի կ՛ունենան: Արտաքին ճակատի վրայ, ի շարս այլոց, Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը օրակարգի խնդիր մըն է, որ լրջօրէն կրնայ վտանգել թրքական գործօնին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ամրակայման պետական բոլոր ճիգերը: Ահա թէ ինչո՛ւ թրքական դիւանագիտութիւնը այնքան հաստատակամօրէն պայքարեցաւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրէնքին դէմ, այնքան միլլիոններ ծախսեց քուէն չէզոքացնելու համար:
Բայց որքան ալ թրքական ժխտողականութեան այս նորագոյն յարձակողական հանգրուանը վայրագ է իր բնոյթով, ամենավտանգաւոր մարտավարութիւնը Անգարայի յղացումը չէ, այլ` Պաքուի յղացումն է, ուրկէ եւ արդէն սկիզբ առած է «Ֆատըրլենտ»-ի նոր, եւ շատ աւելի սահմռկեցուցիչ տարբերակի մը շարադրման, որուն խորագիրը կրնայ եւ Խոջալու ըլլալ:
Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը անխոնջ աշխատանք կը տանի, որպէսզի աշխարհին հաւատացնէ, թէ հայերը Խոջալուի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործած են: Թերեւս թերահաւատ ըլլալով, որ նման շինծու «ցեղասպանութիւն» կրնայ համոզել բանական մարդիկը, թերեւս քիչ մը շատ հաւատալով, որ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհի հանգամանքը հարցականի տակ չի կրնար դրուիլ, մէկ խօսքով` թերեւս մեր միամտութեան դարձեալ զոհ երթալով, կարեւորութիւն չտուինք Ազրպէյճանի նախաձեռնութեան: Բայց ժխտողականութեան քաղաքականութեան ամէն մասնագէտ, ի մասնաւորի թուրքերն ու ազերիները, լաւ սորված են կէօպէլեան դասը` «ստէ՛, ստէ՛, միշտ բան մը կը մնայ»:
Մանաւանդ եթէ այդ սուտին կառուցման համար կասպեան փեթրոտոլարները առատօրէն կը բաշխուին, եւ, յատկապէս, դիւանագիտական աշխուժացումը մասնագիտական մակարդակով կը կատարուի: Խոջալուի սուտին ժահրը արդէն ներթափանցելու սկսած է միջազգային հանրութեան մարմնէն ներս եւ ճշմարտութեան այլանդակման որոշակի ծրագիրներու վերածուած: Տարեսկիզբին Մեքսիքայի օրէնսդիր իշխանութեան մակարդակով Խոջալուն դատապարտող յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ: Զուգահեռաբար, նոյն երկրի մայրաքաղաքին մէջ, շատ հաւանաբար Պաքուի ներդրումով, պիտի կառուցուի մեքսիքա-ազրպէյճանական բարեկամութեան զբօսայգի, ուր պիտի տեղադրուի Խոջալուի «զոհեր»-ու յուշարձան:
Խոջալուն արծարծուած է Սան Փաւլոյի մէջ, Մարդկային իրաւանց ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու համագումարին ընթացքին: Պուէնոս Այրեսի մէջ, հոկտեմբեր 2010-ին, Արժանթին ժամանած ազերի դեսպանը, քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին, լրագրողներու, գիտաշխատողներու, ակադեմականներու, ձեռնարկութեանց տէրերու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին, ազրպէյճանական գորգերու հետ Խոջալուի «ցեղասպանութեան» մասին գիրք մը կը նուիրէ: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ արդէն համալսարանական գիտաշխատութեան ծրագիր կայ Խոջալուի «ցեղասպանութեան» միջազգային իրաւագիտութեան տեսանկիւնէն գնահատանք տալու նիւթով:
Պէտք չէ զարմանալ, որ, օրինակի համար, Արժանթինի Լա Փլաթա քաղաքին պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկութեան մէջ մարտի վերջաւորութեան Ազրպէյճանի դեսպանութեան ճիգերով բացուած Ազրպէյճան ազատ ամպիոնի տարեկան ծրագիրներուն առիւծի բաժինը ըլլայ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը»: Եւ այս բոլորը թերեւս միայն մէկ փոքր եւ յայտնի բաժինն են այն հետեւողական աշխատանքին, որ ազրպէյճանական կողմը այսքան տարիներու ընթացքին առաջ տարաւ, մինչ հայկական փրոթոգոլամոլ դիւանագիտութիւնը անհաւատալի անտարբերութիւն ցուցաբերեց ազրպէյճանական նախաձեռնողականութեան հանդէպ եւ հակազդեցութեան ոչ մէկ նշանակալի քայլի դիմեց:
Խոջալուի «ցեղասպանութեան» հարցով ազրպէյճանական դիւանագիտական աշխուժացումը կարելի է դիտարկել արցախեան հիմնախնդրով հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան տեսանկիւնէն: Այսինքն ազրպէյճանական նախաձեռնութիւնը հետամուտ է հիմնականին մէջ իր ազգային շահին եւ Խոջալուի ազդակի շահագործումը կը ծառայէ արցախեան հիմնախնդրի մէջ իր դիրքերու ամրապնդման: Այս տեսանկիւնը, բնականաբար, ունի իր հիմնաւորումն ու ճշմարտութեան բաժինը: Կը մնայ, որ նախաձեռնութիւնը ինքնին բարացուցական է ազրպէյճանական քաղաքականութեան ռազմավարութեան փոփոխութեան, որ կը ձգտի արցախեան հիմնախնդիրը դուրս բերել Մինսքի խումբի շրջագիծէն եւ զայն արծարծել ՄԱԿ-ի ոլորտին մէջ: Եթէ Ազրպէյճան յաջողի միջազգային համաշխարհային կարծիքը համոզել, որ հայկական կողմը «ցեղասպանութիւն» գործած է Խոջալուի մէջ, բնականաբար պիտի տկարացնեն հայկական կողմը, եւ այդ տկարացումը իր կարգին կրնայ մինչեւ իսկ բարդացնել Հայաստանի դիւանագիտական աշխատանքը, եթէ օրինակի համար, որոշէ հարցը բարձրացնել Միջազգային քրէական ատեանին մօտ: Առանց տակաւին նման ատեանէ մը Հայաստանը դատապարտող որեւէ վճիռի մասին խօսելու… Կրնայ ըլլալ, որ այս տողերը արուեստականօրէն խուճապային թուին, սակայն զգաստութեան ազդարարութիւնը այնքան ալ անհիմն չէ. ի վերջոյ, դատական ատեանի մը մօտ խնդիր բարձրացնելը նաեւ մասնագիտացման ու հետեւողական աշխատանքի հարց է, եւ նման նախաձեռնութեան համար Ազրպէյճան ցոյց տուաւ, որ ունի ե՛ւ տրամադրելիք գումարը, ե՛ւ մասնագիտացած մարդուժը` յանձինս անցնող տասը տարիներուն շատ լրջօրէն պատրաստուած դիւանագէտներու, ե՛ւ քաղաքական որոշման կարելիութիւնը: Նոյնը, դժբախտաբար, կարելի չէ ըսել Հայաստանի դիւանագիտութեան պարագային, ուր արդէն քանի տարի առաջ, Արա Պապեանի լուրջ առաջարկը` ուիլսընեան վճռի վերարծարծման թղթածրար պատրաստելու, պարզապէս անտեսուեցաւ դեռեւս Քոչարեանի նախագահութեան օրերուն, եւ աւելի եւս` Էդուարդ Նալբանդեանին ղեկավարած դիւանագիտութեան օրիարեւելումի տրամաբանութեամբ: Ամէն պարագայի, ազրպէյճանական նման նախաձեռնութիւն կ՛իմաստաւորուի միայն հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը Մինսքի խումբին սահմանափակ շրջանակէն դուրս բերելով համաշխարհային մակարդակով արծարծելու տրամաբանութեան մէջ: Մինսքի խմբակին աշխատանքները հակամարտութեան տուած են որոշ ուղղուածութիւն, որուն մէջ Խոջալուի ազդակը հազիւ թէ տարբերութիւն ընէ: Նոյնը չէ պարագան, եթէ ազերի դիւանագիտութիւնը, օգտագործելով, ի մէջ այլոց, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իր անդամակցութեան երկու տարիները, հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը տեղափոխէ միջազգային մակարդակ ուր ամէն ինչ գրեթէ զերոյէն պիտի սկսի: Հայկական կողմը «ցեղասպանութեան» յանցագործութեամբ ամբաստանելով` ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը արդէն յստակ ուղղուածութիւն կու տայ հակամարտութեան կարգաւորման նոր տարածադաշտին:
Աւելորդ է ըսել, որ եթէ ազրպէյճանական ճիգերը արդիւնաւորուին, հարուածը ոչ միայն զօրաւոր պիտի ըլլայ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար, այլ բարոյական ահաւոր ողբերգութիւն մը պիտի ըլլայ: Արցախեան հիմնախնդիրը հայ ժողովուրդը արծարծեց խաղաղօրէն, անոր ազրպէյճանական առաջին պատասխանը եղաւ Սումկայիթը: Խոջալուի «ցեղասպանութեան» արծարծումով ազրպէյճանական կողմը կու գայ Սումկայիթը ժխտելու եւ զոհը դահիճի վերածելու: Կը մնայ, որ ամենացաւոտ ու դաժան հարցումը ազրպէյճանական սադրանքին չի վերաբերիր, այլ ներազգային ոլորտին մէջ պէտք է բանաձեւուի ու քննարկուի. ինչո՞ւ Սումկայիթը այսքան տարի լռութեան մատնուեցաւ, ինչո՞ւ անոր ցեղասպանական բնոյթը անկախութենէն ետք միջազգային հարցի չվերածուեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ, ինչո՞ւ Սումկայիթը, նաե՛ւ Պաքուն ու Կիրովապատը (Գանձակ) չ՛արծարծուեցան արցախեան հիմնախնդրի ծիրին մէջ, ինչո՞ւ Սումկայիթի փոկրոմին ակնբախօրէն համաթրքական ներշնչումը 1915-ի Ցեղասպանութեան շարունակականութեան փաստի չվերածուեցաւ անկախ Հայաստանի պետական այրերուն կողմէ, երբ անոնք ելոյթ կ՛ունենային միջազգային բեմերէն:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ Սումկայիթի այս կամայ թէ ակամայ մոռացման փաստը այն է, որ հայասպանութեան այս նորագոյն իրողութեան մասին «լռութիւնը» ցարդ քննարկման նիւթ եղած է միայն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի քաղաքագիտութեան մագիստրոսի վկայականի համար Եւգենիա Առուշանեանի նոյն յղացմամբ խորագրուած աւարտաճառը, որ իր տեսակին մէջ միակ գիտական ուսումնասիրութիւնն է, առաջ տարուած աղբիւրներու խիստ սակաւութեան պայմաններու մէջ – ինչ որ թերեւս ինքնին խօսուն է հարցի անտեսման մասին… Բազմաթիւ հարցազրոյցներու եւ այլ կարգի գիտահետազօտական միջոցներու վրայ հիմնուած «Սումկայիթ. տը սայլընս» խորագրուած այս ցարդ անտիպ գիտաշխատութիւնը առարկայականօրէն կը բացայայտէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ այս կամայ թէ ակամայ «մոռացման» պատճառները: Առուշանեան իր եզրակացութեան մէջ դիտել կու տայ, որ Հայաստանի մէջ ե՛ւ հասարակական մակարդակով, ե՛ւ քաղաքական շրջանակներով մէջ, ե՛ւ պետական-դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու մէջ վերջին տարիներուն դրական տեղաշարժ կայ հարցի վերարծածման ուղղութեամբ: Նման հեռանկար միայն ողջունելի է անշուշտ: Կը մնայ, որ անհրաժեշտ է ինքնաքննադատութեան կարգով անդրադառնալ, որ Սումկայիթին մասին հայկական դիւանագիտութեան, կամայ թէ ակամայ, «լռութիւնը» ուղղակի թէ անուղղակիօրէն առիթ ստեղծեց Խոջալուի մասին ազրպէյճանական սուտին հետզհետէ աւելի բարձրաձայն լսուելուն: Խոջալուի համար առաջին «յուշակոթողը» պիտի կանգնուի Մեքսիքոյի մէջ, երկիր մը, ուր Հայաստան ցարդ չունէր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ ոչ, մարտի աւարտին նախագահական հրամանագրով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեան նշանակուեցաւ Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի Ներկայացուցիչ: Սկիզբ մըն է անշուշտ, եւ ոչ մէկ կասկած, որ դեսպան Մարգարեան խղճմտօրէն եւ իր պատասխանատուութեան ամենայն գիտակցութեամբ, յառաջ պիտի տանի այդ գործը. պէտք է աւելցնել` խիստ դժուար գործը, որովհետեւ փաստուած իրողութիւն է, որ ինչ-ինչ պատճառներով Մեքսիքան վերածուած է լատինամերիկեան այն երկրին, ուրկէ կը ղեկավարուի ազրպէյճանական դիւանագիտական ամբողջ արշաւը` ցամաքամասին ուղղութեամբ եւ Պուէնոս Այրեսի ու վերջերս արդէն նաեւ Պրազիլիոյ մէջ բացուած դեսպանատուները հոնկէ կը ստանան իրենց անհրաժեշտ նեցուկը, ի մասնաւորի ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանական համացանցային քարոզչութեան, սպաներէնով: Թէ որքանով Ուաշինկթընի նման այնքան կարեւոր կեդրոնի մը մէջ արդէն բազմազբաղ Հայաստանի դեսպանը պիտի յաջողի ազրպէյճանական տարիներու լոպիինկին հակազդել հետեւողական աշխատանքով սպանախօս երկրի մը մէջ մեծ հարց է: Առայժմ Հայաստան դեսպան նշանակած է Մեքսիքա, «հէչ»-էն լաւ է, կամ ինչպէս հայաստանեան իրականութեան քաջածանօթ մը շատ իրապաշտօրէն դիտել կու տար` «միջոցներու հարց է»: Նահաուի («աշխարհաբար») արաբերէնի թարգմանութեամբ` «հայտալ մաուժուտ» («եղած-չեղածը այս է»): Հարցը սակայն «եղած-չեղած»-ին առաջնահերթութիւններու չափանիշի ճշդումն է…
Որքան ալ որ Խոջալուի ազդակը սկզբնականօրէն հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան տրամաբանութեան մէջ զետեղուի, ան անխուսափելիօրէն կը տարածուի ընդհուպ մինչեւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւն: Հայերու կողմէ թուրքերու դէմ իրականացած այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» թանգարաններ կան անշուշտ: Նման անհեթեթութիւն մը Կարսի մէջ վիպասան Օրհան Փամուքի ուշադրութիւնը այնքան գրաւած է, որ անոր կ՛անդրադառնայ իր «Ձիւն» վէպին մէջ: Բայց այդ «թանգարանները» միջազգային քաղաքականութեան մէջ ազդեցիկ ազդակ չեն կրնար ըլլալ: Տարբեր բան է, եթէ Խոջալուի յուշակոթող մը Մեքսիքայի մայրաքաղաքին մէջ հայերու գործադրած «ցեղասպանութեան» մը հարցով հանրային կարծիքը մոլորեցնէ: Նպատակը այնքան ալ արցախեան հակամարտութեան մէջ դիւանագիտական ու քաղաքական առաւելութեան ձեռք բերումը պիտի չըլլայ, որքան` հայութեան որպէս քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի արդարահատոյցի պահանջատիրութեան բարոյական իրաւունքի հարուած հասցնելը: Հոսկէ եւ` Խոջալուի գնահատումը որպէս Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան յարձակողական հանգրուանի առաջին նախաձեռնութիւնը:
Եթէ այս տրամաբանութիւնը տոկուն է, ապա եւ այն բարացուցական է թուրք-ազրպէյճանական օրկանական կապին որպէս հայութեան թշնամի: Փարիզի մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումի քրէականացման օրէնքի քննարկման ժամանակ թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ցոյցը խօսուն էր այս մասին: Բայց թերեւս շատ աւելի խօսուն էր քանի մը շաբաթ անց Թաքսիմի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հաւաքը թուրք պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ եւ անոր ընթացքին հնչած հայութեան դէմ սպառնալիքները: Ոմանց համար ազրպէյճանական յարձակապաշտութիւնը, որ երբեմն թրքականէն աւելի վայրագ է իր արտայայտութիւններուն մէջ, որպէս թէ հակազդեցութիւն է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի մերձեցման փրոթոգոլային քայլերուն:
Այդ տրամաբանութեամբ յաճախ ելոյթ կ՛ունենան, որոնք մինչ օրս տխրահռչակ փրոթոգոլներուն «իմաստութիւնը» կը ջատագովեն: Որպէս թէ Հայաստանի իշխանութիւններու նախաձեռնողականութիւնը թուրք-ազրպէյճանական ճակատին մէջ պառակտում յառաջացուցած ըլլայ… Այս անհեթեթութեան փաստերը ի սկզբանէ կային «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» առաջին պահէն, բայց Երեւանի պետական այրերը նախընտրեցին կոյր ձեւանալ անոնց հանդէպ, մինչեւ որ փրոթոգոլներու ստորագրումէն անմիջապէս ետք, Տաւութօղլու Թուրքիոյ Ազգային ժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով` համաձայնագիրը մեկնաբանեց որպէս երեք հարցի լուծում բերող փաստաթուղթ. 1921-ի սահմանի ճանաչում, Ցեղասպանութեան հարցէն հրաժարում եւ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի մէջ Թուրքիոյ ներգրաւում: Ծանօթ է, որ Հայաստանի համար անընդունելի էր յատկապէս այս վերջին կէտը, որուն համար, փաստօրէն, համաձայնագրի մէջ սահմաններու եւ Ցեղասպանութեան հարցը դիպուկ կերպով բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու առիթ տուող լեզուով շարադրելու ռիսքին գացած էին:
Թէ Երեւանէն իսկապէս հաւատացած էին, թէ փրոթոգոլները կրնային ճեղք մը յառաջացնել թուրք-ազրպէյճանական կապին մէջ, թէ` նախագահը այդ մասին կասկած չունէր, բայց ինչ, որ հաշիւներով գրաւ դրաւ ֆութպոլային դիւանագիտութեան վրայ, հաւանաբար երկար ժամանակ չգիտցուի, թերեւս մինչեւ իսկ երբեք չյստականայ: Այսօր, սակայն, յստակ է, որ թուրք-ազրպէյճանական կապին մէջ երբեք ճեղք չէր յառաջացած, իսկ առայժմ սառած փրոթոգոլներէն հազիւ երկու տարի անց այդ ազգագրական կապը շատ աւելի ամուր կը թուի: Դարձեալ` թէ որքանո՛վ փրոթոգոլներուն յայտագիրը պատճառ դարձաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի մերձենալու այս ձեւականութենէն իսկ խրտչող ազգայնական հատուածներ աւելի հաստատակամօրէն թուրք-ազրպէյճանական կապը արտայայտեն եւ պարտադրեն անոր պաշտօնականացումը ինչպէս հակահայ ցոյցերու մէջ Էրտողանի կառավարութեան անդամներու ներկայութիւնը կը փաստէ, դժուար է ըսել:
Բայց երեւոյթին ներքին տրամաբանութիւնը լաւապէս ըմբռնելու համար անոր ընկալման մեկնակէտը պէտք չէ ըլլան փրոթոգոլները: Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի ամենաբուռն տարիներուն սփիւռքի մէջ հայ քաղաքական մտածողութեան համար կասկած չկար, որ Ցեղասպանութիւնը համաթրքական ծրագրի իրականացման նպատակով կազմակերպուած էր: Այդ մասին կասկած չունէին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի պատմաբանները, որոնք 1965-էն ետք նախաձեռնեցին Ցեղասպանութեան մասին արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններու հրատարակման: Երբ արցախեան շարժումը ծայր առաւ եւ պատահեցաւ Սումկայիթը, երբ պատերազմի ընթացքին բացայայտուեցաւ թրքական օժանդակութիւնը Ազրպէյճանին, կը թուէր, թէ հայ քաղաքական մտածողութեան տրամաբանութիւնը կ՛արդարացուէր, ինչ որ նաեւ կ՛ենթադրէր, կամ միամտաբար այդպէս կը կարծուէր, թէ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը այդ տրամաբանութիւնը, իմա՛` համաթրքականութեան վտանգը հայ ժողովուրդի գոյութեան, պիտի ներառէր իր արտաքին ռազմավարութեան ճշդումին մէջ: Այդպէս չեղաւ: Հայաստանի նոր իշխանախաւը իր ազատական համոզումներով եւ «երրորդ ուժի բացառման» տեսութիւններով պետական մտածողութիւնը հակադրեց Հայ դատի պահանջատիրութեան: 1998-ի իշխանափոխութենէն ետք այս հակադրութիւնը դադրեցաւ պետական քաղաքականութեան ինքնութեան որոշիչ համարուելէ, բայց եւ այնպէս պահանջատիրութիւնը երբեք չբանաձեւուեցաւ որպէս ռազմավարական ուղղուածութիւն: Փրոթոգոլներու վրայ դրուած գրաւը ինքնին այս մէկը կը փաստէ:
Այսօր Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան յարձակողական հանգրուանը թուրք-ազերիական համագործակցութեան ընդմէջէն երեւան կը հանէ հին համաթրքականութիւն (եւ չմոռնանք, որ այն Պաքուէ՛ն ծնունդ առաւ եւ Օսմանեան կայսրութիւն ներթափանցեց) նորագոյն երեսը, որ նոյնքան վայրագ ու հայատեաց, որքան անցեալին:
Անոր դիմագրաւման մարտահրաւէրին դէմ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն հազիւ երեք տարի առաջ: Եւ մարտահրաւէրը, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, հայութիւնը արդարահատոյցի պահանջատէր զոհի իր հանգամանքէն զրկել ու ցեղասպան ժողովուրդի պատկերով համաշխարհային հանրային կարծիքին ներկայացնելու համաթրքական նորագոյն սադրանքն է, որ կը կոչուի Խոջալու:

