Պըրրի – Քըրթպաուի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու արդարութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի, որ քննարկեց նոտարներու խորհուրդ մը կազմելու վերաբերող օրինագիծ մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն, որ ընդգծեց, թէ ներկայիս նախապատուութիւնը կ՛երթայ լիբանանցի քաղաքացիներուն հարցերուն լուծման եւ նախարարութիւններու աշխատանքային իրավիճակի բարելաւման:
Խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի Ազգային ժողովի նախագահ Սաատ Քաթաթնիի հետ:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերուն քննարկումը կը միտի խոչընդոտել Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը:
Պըրրի հաստատեց, որ այս հանգրուանին երեսփոխանական ընտրութիւններու հարցերուն հետապնդումը կառավարութեան աշխատանքի արգելակում կը նշանակէ


