«Խորհրդարանական Փոքրամասնութիւնը Կառավարութեան Աշխատանքը Արգելակելու Արշաւի Մէջ Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման բարոյական ստիպողութեան տակ կը գտնուի ստորագրելու 8,900 միլիառ լ. ոսկիի օրինագիծը:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը կառավարութեան աշխատանքը արգելակելու արշաւի մէջ է:

Ան աւելցուց սակայն, որ իշխանութեան մաս կազմող անձնաւորութիւններէն ոմանք կ՛ամբողջացնեն խորհրդարանական փոքրամասնութեան այս առաքելութիւնը, «ինչ որ անընդունելի է, եւ մենք այս հարցին նկատմամբ լուռ պիտի չմնանք», ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին գրաւած զէնք փոխադրող նաւուն հարցին` զօր. Աուն շեշտեց, որ Սալաաթայի մէջ գտնուած այդ նաւուն հարցը Լիբանանի դէմ բարոյական յարձակում կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոր միտումը վստահաբար բռնարարքներ գործելու պիտի վերաբերի:

Զօր. Աուն պահանջեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին վրայ` ամբողջ Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ ան պիտի վերադառնայ զօրակցելու համար այն փտածութեան, որուն միշտ ալ զօրակցած է, երբ տակաւին կը գտնուէր Լիբանանի մէջ` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:

Նշենք, որ զօր. Աուն իր ասուլիսին սկիզբը ցաւակցութիւն յայտնեց տիւրզի համայնքի գերագոյն հեղինակութիւն շէյխ Ուալիէտտինի վախճանումին առիթով:

Share this Article
CATEGORIES