Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Պատ Մը Հիւսել Ֆաթիմայի Դարպասին Մօտ

Հարաւային Լիբանան – Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերը երէկ սկսան սահմանները իրարմէ բաժնող պատ մը հիւսել:

Ֆաթիմայի դարպասին մօտակայքը սկսած աշխատանքներուն առընթեր, Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հսկեցին իսրայէլեան ուժերու տարած աշխատանքին:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը իրենց կարգին խստացուցին իրենց հսկողութիւնը եւ շրջուն ջոկատներով աշխուժ կերպով հսկեցին սահմանին:

 

Share this Article
CATEGORIES