Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԷՄ. ԹԻ. ՍԻ. – ԹԱՉ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւնը յայտնեց, որ Պլեքպըրիի ծառայութիւն ստանալու համար ամսական սակ ճշդած է 8 տոլարի համազօր գումարը: Նշենք, որ նախապէս այդ գումարը ամսական դրութեամբ 27 տոլար էր:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ համացանցի օգտագործման սակի նուազումը կարելի պիտի ըլլայ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ լիկայի նախագահութիւնը դրուատեց լիբանանեան բանակին կողմէ Լիպիայէն Աղէքսանդրիա եւ ապա Թուրքիոյ ճամբով լիբանանեան ջուրեր հասած զէնք փոխադրող նաւը գրաւելու գործողութիւնը: Լիկան շեշտեց, որ կան ահաբեկչական այնպիսի խմբաւորումներ, որոնք լիբանանեան հողերը վերածած են իրենց կեդրոններուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան եւ ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւերուն միջեւ համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ չորեքշաբթի օր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ զէնքերն ու զինամթերքը ապօրինի կերպով կը հասնին Հըզպալլային, եւ ասիկա մաքսանենգում կը նկատուի:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պիտի շարունակէ իր քաղաքական ասպարէզը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան միջազգային հետաքննիչներու անձնակազմի նախագահ Նիք Քալտաս յայտնեց, որ Հարիրիի սպանութեան փաստերը առկայ են եւ անոնք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով չեն սահմանափակուիր:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը չ՛արտօներ, որ լիբանանցիները ապրին քաղաքական ճոխութիւն եւ շռայլութիւն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի Քլայլէ գիւղաքաղաքին մէջ տրուած զեկուցումի մը ընթացքին յայտնեց, որ ո՛վ որ համոզուած է, թէ ժողովրդային մեծամասնութիւնը կը վայելէ, ապա ան երեսփոխանական ընտրութիւնները կը կատարէ որեւէ օրէնքի հիման վրայ: Ան շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակներ պիտի չարձանագրեն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մաղթեց, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը արժանանայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հաւանութեան:
ԹԱՈՒՀԻՏ կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց զէնք եւ զինամթերք փոխադրելու դրութիւնը: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է հարուածել զինուելու փորձեր կատարող բոլոր խմբաւորումները:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ իրենք համաձայն են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի այն կեցուածքին, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:
ՍԱԱՏՆԱՅԷԼԻ մէջ երիտասարդ մը հարսանիքի մը առիթով կրակած է` արտայայտելու համար իր ուրախութիւնը, սակայն անոր կրակած փամփուշտներէն մէկը պատճառած է անոր հօր մահը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի դրուատեց լիբանանեան բանակին կողմէ զէնք փոխադրող նաւը գրաւելու քայլը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հարցերը պէտք չէ խոշորացոյցով դիտել: Ան ընդգծեց, որ նախագահ Սլէյման եւ զօր. Աուն իրենց կարծիքը յայտնած են հանրապետութեան նախագահին դիրքին առումով` աւելցնելով, որ անոնք ազատ են իրենց սկզբունքներուն եւ կեցուածքներուն մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն հարց տուաւ, որ երկրին դատական իշխանութիւնները ո՞ւր են եւ անոնք ինչո՞ւ հետաքննութիւն չեն բացած բանակին գրաւած զէնքեր փոխադրող նաւուն առնչութեամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ սովորական երեւոյթ է սուրիական ընդդիմութեան զէնք հայթայթել, որպէսզի ան կարենայ ինքզինք պաշտպանել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Քատիրի Աշխատաւորներու տօնին առիթով յայտնեց, որ աշխատաւորներուն դէմ Լիբանանի կառավարութեան գործած ոճիրները մեծաթիւ են:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան պետութեան հանգամանքը բարձրացնել եւ ընդհանուրին շահերը պաշտպանել:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց նախկին երեսփոխան Նէյլա Մուաուատը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ զէնքի գոյութեան ծիրին մէջ անկարելի է որդեգրել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որովհետեւ անիկա ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիպիոյ իշխանութիւնները ոչ մէկ կապ ունին զէնք փոխադրող նաւուն հետ:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի Լիբանանի կառավարութիւնը ժողովրդավարական միջոցներով փոփոխութեան ենթարկեն:

