Արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի Մեծարանքի Երեկոյ. «Պիքֆայայի Յուշարձանով Յաւերժացուցի՛ր Ցեղասպան Թուրքին Դէմ Պայքարելու Մեր Ոգին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Թուրքին գործած Ցեղասպանութենէն  ճողոպրած  լիբանանահայութեան, ամբո՛ղջ հայութեան  վերանորոգ պայքարի դեսպան` Պիքֆայայի  Եղեռնի յուշարձանը երէկ ականատես եղաւ տասնամեակներէ ի վեր իր փոխանցած  պատգամներու վերանորոգ ուխտին: Արդարեւ,   լիբանանցի, հայ թէ օտար արուեստասէրներ,  հոգեւորականներ, ազգայիններ եւ երիտասարդ ուսանողներու խուռներամ բազմութիւն մը երէկ` երկուշաբթի, 30 ապրիլի երեկոյեան համախմբուած էր Պիքֆայայի վանքի մեծ  սրահին մէջ` մեծարելու արուեստագէտ Զաւէն   Խտըշեանը:

Համազգայինի նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութեան կազմակերպուած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս  Կիրակոսեան, որ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով  արտասանած իր ողջոյնի խօսքերով վեր առաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ստեղծագործական արժանիքները:

Ապա հիւր բանախօս, ծանօթ արուեստաբան-քննադատ Ֆայսալ Սուլթան  արաբերէնով   դրուատեց Խտըշեան արուեստագէտը` բաղդատական մը ներկայացնելով հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն կողմէ թրքական  բռնատիրութեան դէմ մղուած պայքարին, յատկապէս` արուեստի  ընդմէջէն, ինչպէս `  Պէյրութի կեդրոնը լացող երկու լիբանանցի  օրիորդներու յուշարձանը, որ հետագային փոխարինուեցաւ Նահատակաց յուշարձանով: Ֆայսալ Սուլթան բարձր գնահատեց  Խտըշեանի արուեստը:

Սարգիս Կիրակոսեան

Ֆայսալ Սուլթան

Յակոբ Բագրատունի

Ապա խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ  Բագրատունի, որ թուելէ ետք Լիբանանի թէ այլուր  Խտըշեանի արուեստին գլուխ գործոցները` «հպարտ ենք քեզմով, դուն մեզի հպարտութեան առիթ տուիր», ըսաւ: Բագրատունի յայտնեց, որ  Խտըշեանի ստեղծագործած Պիքֆայայի  յուշարձանը ինքնին հիմնական պատճառ է, որ անոր արուեստը յաւերժանայ: Մէջբերելով Խտըշեանի անցեալի մէկ տենչը, թէ ինչո՛ւ  հայրենի լեռներու լանջերուն վրան չի կրնար լարել, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր այդ փափաքդ կրնաս իրագործել հայրենիքի ու Արցախի մէջ, եւ անպայման վաղը` Արարատ-Մասիսի լանջերուն»:

Իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր սրտին խօսքը  փոխանցեց` մեծապէս դրուատելով Խտըշեան  արուեստագէտը, որ հակառակ  պարզ ու համեստ հայ մը ըլլալուն` իր ստեղծագործութեամբ յաւերժացուցած է հայութեան ազգային տենչերը:

Նմա­նա­պէս, իր սրտին խօս­քը ար­տա­սա­նեց մե­ծար­եա­լը` ար­ուես­տա­գէտ Զա­ւէն Խտըշ­եան, ցոյց տա­լով իր ետին` պա­տին կախ­ուած իր ստեղ­ծագոր­ծու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին նիւ­թե­րով յատ­կան­շուող գլուխ գոր­ծոց­նե­րը, մի առ մի բա­ցատ­րե­լով իւ­րա­քան­չիւ­րին փո­խան­ցած
պատ­գա­մը: «Բո­լոր ար­ուես­տա­գէտ­նե­րը երա­զող­ներ են, Պիք­ֆա­յա­յի յու­շար­ձա­նի կեր­տու­մով իմ երազս իրա­կա­նա­ցաւ», ընդգ­ծեց
ար­ուես­տա­գէտ Խտըշ­եան` փա­փաք յայտ­նե­լով, որ Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­թեան նուիր­ուած իր ստեղ­ծա­գոր­ծած ու քան­դա­կած յու­շա­կո­թո­ղը զե­տեղ­ուէր Ար­ցա­խի մէջ:

Վեհափառը այս առիթով Պիքֆայայի  յուշարձանի «լանջ»-ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց մեծարեալը:

Այս առիթով, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբի պատանի արուեստագէտները  իրենց երաժշտական  ելոյթով յաւելեալ հմայք տուին ձեռնարկին` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի եւ մենակատարութեամբ Նարօտ  Սուրճեանի: Նուագախումբը դասական հայ թէ օտար երաժշտութենէն գլուխ գործոցներ ներկայացուց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES