Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Փորթօ Ախոյեան` 26-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փորթօ 26-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մարիթիմոն: Պրազիլցի Հալք նշանակեց յաղթական կազմին երկու կոլերը:

Փորթօ ախոյեանի իր տիտղոսը ապահովեց աւարտէն երկու հանգրուան առաջ` օգտուելով իր անմիջական մրցակիցին` Պենֆիքայի արձանագրած հաւասարութենէն` Ռիօ Աւէի հետ (2-2):

Այժմ Փորթօ վեց կէտով կը գերազանցէ Պենֆիքան, սակայն ինչ ալ ըլլան վերջին երկու մրցումներուն արդիւնքները, Փորթօ պիտի հանդիսանայ ախոյեան, որովհետեւ այս տարեշրջանին անոր եւ Պենֆիքայի միջեւ արձանագրուած արդիւնքները ի նպաստ Փորթոյի են:

 

Share this Article
CATEGORIES