Ռոյ Հոճսըն Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Ռոյ Հոճսըն

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի մարզիչ Ռոյ Հոճսըն շատ հաւանաբար նշանակուի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

Նշենք, որ Անգլիոյ իտալացի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ նախորդ փետրուարին լքեց խումբը` խմբապետ Ճոն Թերիի գծով հարցեր ունենալով: Ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը կը վարէ Անգլիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Սթիւըրթ Փիրս:

Կը խօսուի նաեւ այլ թեկնածուի մը մասին ալ, որ Հերի Ռետնափն է (Թոթենհամ):

64 տարեկան Հոճսըն, որ եղած է նաեւ Պլեքպըրնի մարզիչը, Անգլիայէն դուրս մարզիչի իր ասպարէզը կիրարկած է նաեւ Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Շուէտի մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` անոր հետ հասնելով Եւրօ-1996-ի աւարտականներուն: Ան եղած է նաեւ Ֆինլանտայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբերուն, ինչպէս նաեւ Ինթեր Միլանի մարզիչը:

Յառաջիկայ 26 մայիսին Անգլիա Օսլոյի մէջ (Նորվեկիա) բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ դաշտին տէրերուն դէմ, իսկ 2 յունիսին պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ` բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին:

Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Անգլիա իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 11 յունիսին Ֆրանսայի դէմ: Անգլիոյ խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Շուէտ եւ Ուքրանիա:

 

Share this Article
CATEGORIES