Էն. Պի. Էյ. Փլէյ-Օֆի Մրցումները Սկսան
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները, որոնց կը մասնակցին 16 խումբեր:
Քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունեցած առաջին երկու օրերու մրցումներուն (կիրակի եւ երկուշաբթի), ընդհանրապէս յաղթական խումբերը այդքան ալ կէտի մեծ տարբերութեամբ չէ, որ յաղթանակներ արձանագրեցին: Մեծագոյն յաղթականը եղաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ 103-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տենվըր Նակեթցը: Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ) նշանակեց 31 կէտ:
Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները.
ԿԻՐԱԿԻ
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 103-91
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս 100-67
Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ 81-77
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս 99-98
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ 106-91
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տենվըր Նակեթց 103-88
Աթլանթա Հոքս – Պոսթըն Սելթիքս 83-74
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 99-98
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս (1-0)
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք (0-1)
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս (1-0)

