Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ին, այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին` քաղաքապետարանի իր գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեակ պահեց քաղաքապետը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներուն կապակցութեամբ:
Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ ունեցած իր հետաքրքրութեան համար:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային

