Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները Անթիլիասի Մէջ
Երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցին ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի փոխնախագահը, խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան երկու անդամները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆրանսախօս բողոքական եկեղեցիներու հովիւ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան:
Այցելութեան հիմնական նպատակը մօտէն տեղեակ դառնալ էր ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի կացութեան, եւ այդ ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ վեհափառը ֆրանսացի իր հիւրերուն լայնօրէն բացատրէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումները եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները: Վեհափառը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու լոյսին տակ ապահովել քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները` իբրեւ համաքաղաքացիներ իսլամներուն հետ: Ան նաեւ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Ապա վեհափառը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի պայքարին` ի խնդիր արդարութեան: Այս ուղղութեամբ ան ողջունեց Ֆրանսայի քաջ կեցուածքը` մաղթելով, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք Ֆրանսան երբեք չզիջի ի խնդիր արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան իր որդեգրած քաջ կեցուածքէն:


