Ըստ Հարցախոյզի Մը Հոլլանտ Քուէներուն 53 Առ Հարիւրը Պիտի Ապահովէ, Իսկ Սարքոզի` 47 Առ Հարիւրը

Սարքոզի եւ Հոլլանտ

«Իփսոս» հիմնարկին կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ 6 մայիսին նախատեսուած ընտրութեան երկրորդ փուլին ընթացքին պիտի ապահովէ քուէներուն 53 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը` գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզին` 47 առ հարիւրը:

Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին ընթացքին կեդրոնի թեկնածու Ֆրանսուա Պայրուի ի նպաստ քուէարկած քաղաքացիներուն 34 առ հարիւրը իրենց ձայնը Հոլլանտի պիտի տան, 40 առ հարիւրը` Սարքոզիի, իսկ 26 առ հարիւրը տակաւին չեն կողմնորոշուած: Ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատին ի նպաստ քուէարկած քաղաքացիներուն միայն 14 առ հարիւրը իր ձայնը Հոլլանտի պիտի տայ, 54 առ հարիւրը` Սարքոզիի, իսկ 32 առ հարիւրը տակաւին չեն կողմնորոշուած:

Նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին ընթացքին ձախակողմեան թեկնածու Ժան Լիւք Մելանշոնի ի նպաստ քուէարկած քաղաքացիներուն 80 առ հարիւրը իր քուէն Հոլլանտի պիտի տայ, 3 առ հարիւրը` Սարքոզիի, իսկ 17 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած:

Ըստ հարցախոյզին, ի նպաստ Հոլլանտի քուէարկել վճռածներուն 90 առ հարիւրը իրենց ընտրանքին նկատմամբ վստահութիւն յայտնած են: Սարքոզիի ի նպաստ քուէարկել որոշած քաղաքացիներուն 90 առ հարիւրը իրենց կարգին վստահ են իրենց ընտրանքէն:

Share this Article
CATEGORIES