Սուրիոյ Մէջ Ականահարումներու Շարք Մը Զոհեր Կը Խլէ

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ սահմանամերձ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի խիտ բնակչութիւն ունեցող Հանանօ հրապարակին եւ Քարլթըն փողոցին վրայ երկու ականներ պայթեցան` պատճառելով աւելի քան քսան զոհ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զոհերուն մեծ մասը կառավարական բանակի զինուորներ են, որովհետեւ պայթումները տեղի ունեցած են Ռազմական հետախուզական գործակալութեան շէնքին մօտ:

Կիրակի գիշեր Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ եւս իրերայաջորդ ուժգին քանի մը պայթումներ տեղի ունեցած են, որոնցմէ ետք մայրաքաղաքին մէջ ամէնուր կրակոցներ լսուած են:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ անծանօթներ երեքշաբթի գիշեր կրակ բացած են Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան շէնքին վրայ` վիրաւորելով քանի մը ոստիկաններ: Սուրիացի ընդդիմադիրները յայտնած են, որ պայթումներ տեղի ունեցած են նաեւ Իտլիպ քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մօտ, ինչպէս նաեւ Համա քաղաքի կեդրոնը: Աւելի ուշ Իտլիպի մէջ երրորդ ականահարում մը թիրախ դարձուցած է Ժողովրդային բանակի կեդրոնատեղին:

Մինչ այդ, իսլամական Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը ստանձնած է պատասխանատուութիւնը ուրբաթ օր Դամասկոսի Զէյն Ապետին մզկիթին մօտ տեղի ունեցած պայթումին, որ 10 զոհ եւ 22 վիրաւոր խլած էր: Խմբաւորումը ստանձնած է նաեւ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ շարք մը այլ պայթումներու պատասխանատուութիւնը:

ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ կիրակի օր նաեւ ականահարուած է Տէր Զօրի նահանգին մէջ գտնուող «Ֆուրաթ» ընկերութեան պատկանող քարիւղի խողովակաշարը: Սակայն պայթումին պատճառով քարիւղի առաքման հոլովոյթը չէ խանգարուած, որովհետեւ ընկերութիւնը այլընտրանքային խողովակաշար ունի:

Սուրիական ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիուն «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ հակառակ խորհուրդին, սուրիական ընդդիմութեան եւ Սուրիական ազատ բանակի այն համոզումին, թէ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութիւնը ձախողած է, սակայն անոնք զինադադարին եւ Անանի ծրագիրին կառչած կը մնան:

Ան ըսած է, որ «մեր համբերութիւնը սահման ունի եւ չենք կրնար 90 օրերու ընթացքին դէտեր տեղակայել ուզող անժամկէտ միջազգային ծրագիրի մը համար ի տես մեր ժողովուրդի սպանութեան ձեռնածալ մնալ: Այդ 90 օրուան ընթացքին քանի՞ մարդ պիտի սպաննուի»:

Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ առաջարկած Խաղաղութեան նոպելեան դափնեկիրներու վեհաժողովը Սուրիոյ մէջ կատարել: Հանդիպումը տեղի ունեցած է կիրակի օր Դամասկոսի մէջ եւ աւելի քան երեք ժամ տեւած է:

Նշենք, որ անցեալ ամառ, Լիպիոյ տագնապին ամէնէն ծանր պահուն Իլիումժինով Թրիփոլի այցելած եւ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի հետ ճատրակ խաղցած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES