Թուրքերու Կողմէ Հակահայկական Ցոյց` Նիւ Եորքի Մէջ

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւնները Թայմզ հրապարակին վրայ «հայկական պնդումներուն» դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած են:

Թուրքերէ, ազրպէյճանցիներէ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի թրքական հատուածի քաղաքացիներէ կազմուած խումբը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ սպաննուած թուրք դիւանագէտներու յիշատակը, ապա հրապարակին յարակից շրջաններուն մէջ հակահայ թռուցիկներ բաժնած է:

Ամերիկայի թրքական միութիւններու համագումարի ղեկավար Ալի Չընար յայտարարած է, որ «մենք մեր պատմութենէն չենք ամչնար, կը հպարտանանք: Փափաքողները կրնան մեր արխիւներուն նայիլ եւ համոզուիլ: Իսկ հայկական պնդումներուն աջակցող երկիրները չնկատելու կու տան ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ սպաննուած թուրք դիւանագէտները»:

 

Share this Article
CATEGORIES