Հայոց Ցեղասպանութիւնը Չճանչնալու Պատճառով Կայքէջահէններու Յարձակում` Թրքական Նախարարութիւններու Կայքերուն Վրայ

27 ապրիլի երեկոյեան Թուրքիոյ երեք նախարարութիւններու եւ աւելի քան 20 կազմակերպութիւններու կայքէջեր միջազգային կայքէջահէններու «Անոնիմըս» խմբակին կողմէ յարձակումի ենթարկուած են: Թրքական լրատուամիջոցները յարձակումը կը կապեն փետրուարին «Անոնիմըս»-ի կողմէ կատարուած սպառնալիքին:

Թրքական «Կազեթէ5» կայքէջը կը յիշեցնէ, որ փետրուար 2012-ին «Անոնիմըս» «Եութիուպ»-ի միջոցով Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, հակառակ պարագային սպառնալով կոտրել Թուրքիոյ կառավարութեան կայքէջերը:

Նշենք, որ 27 ապրիլի երեկոյեան «Անոնիմըս» միաժամանակ յարձակումի ենթարկած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ներքին գործոց նախարարութեան եւ արդարադատութեան նախարարութիւններուն կայքէջերը, ինչպէս նաեւ հասարակական այլ կայքէջեր, որոնց թիւը հասած է 20-ի:

Թուրքիոյ ճարտարագիտութեան եւ հաղորդակցութեան վարչութեան համացանցային յարձակումներու դէմ պայքարի բաժանմունքի աշխատակիցներուն գլխաւորութեամբ, նախարարութիւններու տեղեկատուական անվտանգութեան աշխատակիցներու ու համացանց տրամադրող ընկերութեանց անվտանգութեան մասնագէտներու մասնակցութեամբ «Անոնիմըս»-ի յարձակումին դէմ 2 ժամ պայքար մղուած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES