Կիպրոսի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը` Հայաստանի Մէջ
29 ապրիլէն 2 մայիս Հայաստան կը գտնուի Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան հայ-կիպրական միջկառավարական յանձնախումբի կիպրական մասի համանախագահ Խրիսթաս Մալիքքիտիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ միջկառավարական յանձնախումբի անդրանիկ նիստը` յանձնախումբի հայկական մասի համանախագահ, պաշտպանութեան փոխնախարար Ալիկ Միրզաբեկեանի նախագահութեամբ:
Նիստի աւարտին Մալիքքիտիս եւ Միրզաբեկեան ստորագրեցին հայ-կիպրական միջազգային զինուորական համագործակցութեան 2012 թուականի ծրագիրը:
Նոյն օրը ընդունելով միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահները` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդգծեց երկու երկիրներու ռազմաքաղաքական ամուր կապերը, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ համագործակցութեան լայն կարելիութիւնները:
Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին այն հանգամանքը, որ Հայաստան եւ Կիպրոս` ունենալով սահմանափակ պաշարներ եւ միատեսակ մարտահրաւէրներ, միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կարեւոր դեր ունին կատարելիք եւ կը գործեն փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ:

