«ՀՅԴ-ն Ամէնէն Իսկական Ընդդիմութիւնն Է» Կ՛Ըսէ Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ քարոզչութեան համակարգող Աղուան Վարդանեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշեց, որ քարոզարշաւին մնացած է մօտ մէկ շաբաթ եւ լարուածութիւնը յստակօրէն կը մեծնայ: Ան յորդորեց պահպանել քաղաքակիրթ մրցակցութեան կանոնները ընտրութեանց մասնակից ուժերուն միջեւ:

Ան ընդգծեց, որ ասիկա վերջին ճակատամարտը չէ, ընտրութիւնները պիտի աւարտին եւ բոլորը պիտի ապրին կողք կողքի: Ան ցանկութիւն յայտնեց, որ լարուածութիւնը չմեծնայ` նշելով միաժամանակ, որ ՀՅԴ-ն կրցած է կազմակերպել արդիւնաւէտ ընտրապայքար եւ հասարակութեան ներկայացնել կուսակցութեան առաւելութիւնները:

«Դաշնակցութեան ծրագիրը ամէնէն փաստարկուածն է եւ ուղղուած է մեր ժողովուրդի բոլոր շերտերուն: Մենք չենք ըսած բան մը, որ անկարելի է իրականացնել յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատանքին` դաշնակցական գործիչը նշեց, որ անոնց մեծ մասը կ՛ուղղորդուի մէկ կեդրոնէ` նախագահական նստավայրէն, եւ յստակ ուղղուածութեամբ, ինչ որ հետագայ տարիներուն իր բացասական հետքը պիտի ձգէ ազատ մամուլի ձեւաւորման վրայ:

Աղուան Վարդանեան խօսեցաւ նաեւ ուղղորդուած հարցախոյզերուն մասին, որոնց նպատակը մարդոց վրայ որոշակի հոգեբանական ազդեցութիւն ձգելն է: Ան նշեց նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ տեղի ունեցած հարցախոյզերուն մէջ Դաշնակցութեան «փոքր կարելիութիւններուն» մասին փաստող թիւերը, որոնք սակայն իրականութեան չէին համապատասխաներ: Նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին հարցախոյզերը ՀՅԴ-ին 5 առ հարիւր ձայն կու տային, բայց Դաշնակցութիւնը հաւաքեց 13.5 առ հարիւր ձայն:

Ան նշեց նաեւ, որ վերջին շրջանին փորձ կը կատարուի վատաբանել ՀՅԴ-ն. առաջին դէմքերը վատաբանելու մակարդակով ոմանք կը շահարկեն Դաշնակցութեան` ժամանակին իշխանութեան մէջ գտնուելու փաստը, ինչպէս նաեւ հակասութիւններ կը տեսնեն Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:

«Այո՛, մենք ժամանակին իշխանութեան մաս կազմած ենք եւ իշխանութեան մէջ եղած ժամանակ ամբողջութեամբ պատասխանատու եղած ենք մեր մարզերուն համար: Չկայ հարց մը, որուն պատասխանը մենք չունենանք», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան:

Դաշնակցական գործիչը վստահեցուց, որ Դաշնակցութիւնը ամէնէն իսկական ընդդիմութիւնն է:

«Մոռցէ՛ք, կարելի չէ որեւէ պառակտում մտցնել ՀՅԴ շարքերուն եւ ղեկավարութեան միջեւ, Դաշնակցութիւնը միասնական խումբ է եւ կազմակերպուած կառոյց ունի», վստահեցուց Աղուան Վարդանեան:

Ան ընդգծեց, որ եթէ որոշ կուսակցութիւններու մէջ, ցուցակի տեղերու հետ կապուած, փոփոխութիւն ըլլայ` հակասութիւն կը յառաջանայ, բայց Դաշնակցութեան մէջ այդպէս չէ: Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակին մէջ չկան Հրանդ Մարգարեանը, Դաւիթ Լոքեանը, Լեւոն Մկրտչեանը, Արթուր Աղաբեկեանը, Ալվարդ Պետրոսեանը, Հրայր Կարապետեանը, բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ անոնք քարոզչական աշխատանքներուն չեն մասնակցիր: Ան վստահեցուց, որ անոնք գիշեր-ցերեկ մարզէ-մարզ, գիւղէ գիւղ ՀՅԴ-ի քարոզչութիւնը կը կատարեն:

Աղուան Վարդանեան կարեւոր նկատեց, որ ընտրութիւնները անցնին ազատ եւ արդար, առանց ցնցումներու եւ կարելի ըլլայ 7 մայիսին առաջին անգամ ըլլալով ըսել, որ Հայաստանի մէջ եղան ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ, որ երկիրը չյայտնուի ցնցումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ արտաքին ճնշման տակ: Դաշնակցութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES