ՀՅԴ Պիտի Սատարէ Սաթիկ Սէյրանեանի Թեկնածութեան

ՀՅԴ քարոզչութեան համակարգող Աղուան Վարդանեան երէկ յայտարարեց, որ թիւ 4 ընտրատարածքին մէջ Դաշնակցութիւնը պիտի սատարէ Սաթիկ Սէյրանեանի թեկնածութեան: Ան ընդգծեց, որ Սաթիկ Սէյրանեան անկուսակցական եւ անկախ մարդ է, եւ անոր նման արհեստավարժ մարդու ներկայութիւնը Ազգային ժողովին մէջ օգտակար պիտի ըլլայ:

Նշենք, որ թիւ 4 ընտրատարածքին մէջ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը առաջադրած է Արտակ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը` Զարուհի Փոստանջեանինը, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսը` ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեանինը:

Աղուան Վարդանեան պատգամաւոր դառնալու ճամբուն վրայ յաջողութիւն մաղթեց Արամ Մանուկեանին եւ Զարուհի Փոստանջեանին:

 

Share this Article
CATEGORIES