Ճեղքել Ներքին Շրջափակումը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Մայիսմէկեան ժամանակակից խորհուրդը այս օրերուն առաւելաբար հայ մարդուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հայաստանեան կողմն աշխարհի, այնտեղ շատ արագօրէն նկատելու համար, որ ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ընկերային հարցերը բոլոր ժամանակներէն աւելի գրաւած են արծարծուած նիւթերուն առաջին հորիզոնականները:

Նախընտրական խոստումները, ընտրական ծրագիրները, ընտրական ճառերը, մեծամասնական թէ համամասնական ընտրակարգերով առաջադրուած թեկնածուներու յայտարարութիւններուն բովանդակութեան կարեւոր բաժինները կը վերաբերին քաղաքացիի ընկերային իրավիճակին, զայն բարելաւելու առաջադրանքին, կենսամակարդակի բարձրացման, բարեկեցութեան ձգտումին: Տակաւի՛ն. տնտեսական զարգացման համար հաւասար առիթներու ստեղծման, մենաշնորհային համակարգի վերացման, ստուերի առնուազն կրճատման, ներդրումային օրինականացած դաշտի ստեղծման: Մէկ խօսքով` իրաւական պետութեան ստեղծման:

Եւ այս պարունակին մէջ անվերջ կը խօսուի հարստապետական կարգերու գոյութեան, իշխանութիւն-տնտեսական սակաւապետութիւն սերտաճման, սակաւապետութեան եւ առհասարակ տնտեսական սակաւապետութեան յառաջացուցած այսօրուան իրավիճակին եւ անկէ բխած հետեւանքներուն մասին:

Այս բոլորը ի հարկէ կ՛արգելակեն քաղաքացիական հասարակարգի ճիշդ ձեւաւորման ինչպէս պետական, այնպէս նաեւ հասարակական աշխատանքներու ընթացքը: Ընկերային խնդիրներ ամենասուր կերպով կը սպառնան մեր հայրենիքի բնականոն զարգացման ուղիին: Աշխատավարձերու թեթեւակի բարձրացումները մագլցողականութեամբ յատկանշուող սղաճին դիմաց որեւէ կերպ դրական ազդեցութիւն չեն ունենար քաղաքացիի կենսամակարդակին վրայ եւ նուազագոյն զամբիւղի համար յատկացուած վարձատրութիւններու չափերը կ՛արժեզրկեն շատ արագ:

Մինչ, մրցակցային համակարգի բացակայութիւնը, որ բնական արդիւնքն է մենաշնորհային տնտեսական իրողական համակարգին, յստակ արգելակիչ դեր կ՛ունենայ մրցունակային պայմաններու ստեղծման առաջադրանքներու իրագործման առումով:

Այս բոլորը զուտ ընկերային խնդիրներ չեն, զորս կարելի է դասակարգել քաղաքացիի իրաւունք, աշխատանքի իրաւունք կամ մարդկային իրաւունքներ տարազներուն տակ: Այս խնդիրները գերազանցապէս ազգային անվտանգութեան հետ կապուած հարցեր են, որոնց լուծումը, արմատական բարեփոխումը, արդար կարգերու ստեղծումը թռիչքային նորարարութիւններու եւ անոնց իրականացման համար համապետական կամքի կը կարօտին:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը տնտեսական հետեւանքներ կը շարունակէ ունենալ անկասկած: Վերը նշուած իրողութիւնները խորքին մէջ եւ ըստ էութեան կը լրացնեն արտաքին շրջափակումի հետեւանքները: Սակաւապետութեան մը կողմէ ներքին շրջափակումի ենթարկուած է մեր հանրապետութիւնը, որ անյետաձգելիօրէն կարիքը ունի ճեղքելու երկկողմանիօրէն պարտադրուած արտաքին-ներքին շրջափակումները:

Ազգային անվտանգութեան հետ կապուած խնդիր է այս մէկը, որովհետեւ երկկողմանի շրջափակումներուն հետեւանքով է, որ անհեռանկարային իրավիճակի մէջ կը յայտնուի մեր երկիրը, կը յուսալքուի  քաղաքացին եւ հայրենիքէն կը հեռանայ երիտասարդը: Գործազրկութեան թիւերու ներկայ պատկերը, աշխատատեղերու սակաւութիւնը, ցած աշխատավարձերը, մագլցողական սղաճը, բնակարանային տագնապն ու ընկերային մակարդակի վրայ յայտնուած անհեռանկարայնութիւնը վտանգած են մեր հայրենիքին ժողովրդագրական պատկերը:

Գիւղական շրջաններու թէ սահմանամերձ տարածքներու ամայացումը, այո՛, անվտանգութեան խնդիր է ամէնէն առաջնային կարգով: Ուղեղներու գաղթը թէ երիտասարդ խաւին անվերադարձ մեկնումը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին շրջափակումէն աւելի ներքին շրջափակումի արդիւնք են:

Պէտք է վերջ տալ սակաւապետական փակ համակարգին, ստուերին, մենաշնորհին, իշխանութիւն-տնտեսական սակաւապետութիւն սերտաճումին, վայրագ ազատ շուկայականութեան: Ընկերային արդար կարգերն են միայն, որ արգելակիչ գործօնի դեր կրնան ունենալ
արտագաղթի եւ ժողովրդագրական պատկերի աղէտի զարգացման։

Խնդիրը միաժամանակ ա՛յն է, որ զուտ ընտրական քարոզարշաւի նիւթեր չեն այս բոլորը: Ազգային անվտանգութեան առումով առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնահարցեր են, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատիլ մնայուն: Այլապէս, ընտրական համակարգին համար կատարուող գեղագիտական բարեփոխումները որեւէ ազդեցութիւն չեն ունենար բնակչային տագնապ ապրող երկրին վրայ: Երկիր, որուն համար օդի եւ ջուրի նման անհրաժեշտ են արդար հասարակարգերը:

Share this Article
CATEGORIES