50 Տարի Առաջ ( 3 մայիս 1962 )
Ապրիլ 24-ը Զահլէի Մէջ
Ճիշդ օրը, առաւօտ ժամը 10:00-ին, ապրիլեան նահատակներու յիշատակի հանդէսը տեղի ունեցաւ «Պաթանեան» սրահին մէջ: Ներկայ էր երկսեռ հոծ բազմութիւն մը, ՀՄԸՄ-ի գայլիկները` իրենց վարիչով եւ գեղեցիկ ծաղկեպսակով մը: Կենդանի պատկեր մը կը ներկայացնէր հայուն անցեալի տառապանքը եւ զարթօնքը:
Նախագահ Յովսէփ վրդ. Պասմաճեան իր բացման խօսքով ծանրացաւ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ոգիին, կրօնասիրութեան, առաքինութիւններուն, ազգային գաղափարներուն, մաքուր հայրենասիրութեան եւ նահատակներուն ձգած արիւնոտ կտակներուն մասին: Թագուհի Ֆուրունճեան իր «Արմենական արիւն»-ի արտասանութեամբ եւ «Բանտիս դռները» մեներգով, Սեդա Թերզեան «Շաքէն եմ ես» արտասանութեամբ, Մարի Տէր Սիմոնեան «Դա շապիկն էր» օրօր երգով եւ «Ահաւոր բան մը այնտեղ» արտասանութիւնով եւ Անահիտ Թանաշեան «Դիակի սայլը», արտասանութիւնով հանդիսականները փոխադրեցին տարագրութեան դժոխային ճամբաները եւ ցոյց տուին հայուն ապրիլ ուզելուն անընկճելի կամքը:
Օրուան բանախօս, Անդրանիկ Ուրֆալեան իր խնամուած բանախօսութեամբ ջատագովեց նախնեաց հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ հայոց պատմութիւնը կը բացուի դիւցազնավէպով մը, ուր երեւան կու գայ հայ ոգիին ընդվզումը իրմէ գերիվեր ուժերու դէմ:
Յետոյ ոգեկոչեց նուիրական ուրուականները ազգային-քաղաքական զարթօնքի եւ առաջապահ զինուորները մեր մտաւորական կեանքի, յառաջամղիչ ուժերը հոգեկան աշխարհի եւ բացատրեց, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ այսօրուան հաւաքական զգացումն ու մտածողութիւնը, եւ թէ` ի՛նչ պիտի ըլլայ այսօրուան փոխանցելիք պատգամը այս ու գալիք սերունդներուն:
Հանդէսին փակման խօսքը ըրաւ այս տողերը գրողը եւ վերջացաւ գերյարգելիին «Հայ մեր»-ովը:
Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
1962 ապրիլ 27
Շթորա
Հաղորդագրութիւն
Երէկ` կիրակի, 29 ապրիլ 1962-ին, Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմին առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոսի, հոգշ. Խոսրով վրդ.ի եւ գաւազանակիր Եզնիկ աբեղայի, այցելեց Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, նախագահեց Ս. պատարագի եւ քարոզեց հաւատացեալ ժողովրդեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի, որուն յանուն նախագահ Ֆուատ Շեհապի ներկայ գտնուեցաւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ, դպրոցի սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ վեհափառին:
Իսկ ժամը 12:45-ին վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Խորէն արք.ի, Խոսրով վրդ.ի եւ Եզնիկ աբեղայի, քաղաքավարական այցելութեան մը գնաց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապի, Ճիւնիի անոր բնակարանը: Վեհ. հայրապետը իր եւ Լիբանանի հայութեան անունով Ս. Զատկի առիթով նախագահին ներկայացուց ջերմ եւ սրտագին մաղթանքներ, անձնապէս անոր երջանկութեան ու Լիբանանի յարճուն բարգաւաճման եւ բարօրութեան համար: Նոյնքան ջերմ ու անկեղծ եղան նախագահին փոխադարձ մաղթանքները վեհափառ հայրապետին եւ հայ համայնքին համար:
Բարեպաստիկ այս այցելութեան առթիւ վեհափառին եղան զինուորական պատիւներ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
«Շողակաթ» Երգչախումբին
Համերգը
Շաբաթ, 28 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Շողակաթ» երգչախումբը տուաւ իր տարեկան համերգը` Ամերիկեան համալսարանի ժողովասրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:
Յայտագիրին առաջին մասը, որ ամբողջութեամբ յատկացուած էր Կոմիտասի պատարագին, իր ընդհանուր գիծերուն մէջ յաջող էր, մանաւանդ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»-ն ու «Քրիստոս պատարագեալ»ը, զորս յաջողապէս մեկնաբանած էր ղեկավարը:
Յայտագիրիին երկրորդ մասին մէջ Համպոյեան ընտրած էր հայ եւ օտար հեղինակներու բարդ կտորներ, զորս հանրութեան ներկայացնելու քաջութիւնը ունեցած էր եւ իսկապէս բաց ճակատ դուրս եկաւ, որովհետեւ մեծ յաջողութեամբ երգուեցաւ Մոցարթի «Կլորիա»-ն եւ Հանտըլի «Ալելուիա»-ն ու «Պիհոլտը լեմպ»-ը: Ապա Կոմիտասի «Ո՞վ Զարմանալի»ն երգուեցաւ, որուն մեներգի բաժինը յաջողապէս կատարեց Ն. Եզեկէլեան:
Համերգին լաւագոյն կտորը հանդիսացաւ Հ. Պէրպէրեանի դաշնաւորած «Խորհուրդ մեծ»-ը, որուն մեներգողը` Ա. Տէօքմէճեան, իր քնքուշ ու հաղորդական ձայնով մեծապէս նպաստեց երգի յաջողութեան:
Մէջընդմէջ եղան մեներգներ, որոնցմէ յաջողագոյն էր «Գոհանամք ի քէն Տէր»-ը, զորս մեներգեց Զ. Ալտըրմըշեան, որ ունէր լեցուն ու գեղեցկահնչիւն ձայն մը:
Յայտագրի Ա. մասին դաշնակով կ՛ընկերանար Ս. Խաչիկեան, իսկ Բ. մասին երգեհոնով` Ֆստըգճեան, որ մեծ յաջողութեամբ կ՛ընկերանար Հենտըլ ի ու Մոցարթի երգերուն կատարման:
Այս բոլորէն ետք քանի մը խօսք` Ս. Համպոյեանին: Տակաւին անցեալ տարի ան դողդոջուն քայլերով կ՛իջնէր հրապարակ իր 40 անդամնոց երգչախումբով, հայ սրբազան երաժշութիւնը տարածելու առաքելութեամբ, այս տարի արդէն կը տեսնենք զինք ինքնավստահ ու արի, հայ երաժշտութենէն անկախ ու նոյնիսկ օտար երաժշտութիւն հրամցնելու ատակ դիրքի մը մէջ:
Մեր ջերմ շնորհաւորանքին կը կցենք մեր ակնկալութիւնը` յառաջիկային ունկնդրելու այլ օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ եւ առաւել յաջող ու հետաքրքրական յայտագիր մը:
Հ.

