Գաղութէ-Գաղութ

Հայոց Ցեղասպանութեան 97-րդ Տարելիցին
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սուրիա

Ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Երկրէն բերուած մասունքներ» նիւթով ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայացուած էին` հայրենիքէն բերուած կենցաղային իրեր,  վաւերաթուղթեր, լուսանկարներ, տպագիր մամուլի ու գիրքերու նմուշներ եւ այլ իրեր:

 

Թեհրան

Կազմակերպութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին կից մշակութային յանձնախումբին, 17 ապրիլին Թեհրանի հայոց դպրոցներու ուղեցոյց օղակի աշակերտները համախմբուեցան «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ` ոգեկոչելու Մեծ եղեռնի 97-ամեակը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին մօտ 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, որմէ ետք սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը: Այնուհետեւ նահատակներու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ գեղարուեստական յայտագրի գործադրութիւն:

24 ապրիլին Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Սեպուհ արք. Սարգիսեան մատուցեց Ս. պատարագ, փոխանցեց իր պատգամը, կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք սկսաւ բողոքի համահաւաքը: Խօսք առաւ Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Պապախանեան:

Նոյն օրը երեկոյեան «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք օրուան բանախօս  Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան Գէորգ Վարդանեան ներկայացուց Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի միջազգային բեմի վրայ շարունակուող նենգ քաղաքականութիւնը: Ելոյթ ունեցան նաեւ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Առաքելեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Նշենք, որ սրահին մէջ կազմակերպուած էր հայկական վարժարաններու աշակերտներու նկարչական ցուցահանդէս` նախաձեռնութեամբ Իրանահայ ուսուցիչներու միութեան:

 

Նոր Ջուղա

23 ապրիլին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի,  տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն յաջորդեց աւանդական ցոյցը եւ մոմերով երթը դէպի Ս. Ամենափրկիչ վանք, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ կազմակերպուեցաւ բողոքի համահաւաք,  մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր,  ապա` կլոր սեղան:

24 ապրիլին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ապա` ծաղկեպսակներու զետեղում: Կարդացուեցաւ «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան խօսքը, որմէ ետք հանդէս եկաւ Իսլ. խորհրդարանի մէջ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեան: Յայտագիրը շարունակուեցաւ քաղաքական բողոքի համահաւաքով:

24 ապրիլի երեկոյեան «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական եւ գեղարուեստական երեկոյ, որուն ընթացքին բանախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Սուրիայէն ժամանած ազգային-հասարակական գործիչ Գրիգոր Տունկեան:

 

Թաւրիզ

24 ապրիլին Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն` Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 

Ուրմիա

24 ապրիլին Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` յուշարձանին մօտ:

Երեկոյեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ձեռնարկ: Օրուան բանախօսն էր Թաւրիզէն Նայիրի Դիլանեան: Ան անդրադարձաւ 1915 թուականի քաղաքական անցուդարձերուն եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Քաթար

Հովանաւորութեամբ Ազգային վարչութեան,  ղպտի համայնքի եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Օրուան բանախօս Րաֆֆի Տուտաքլեան իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրիակին հիւանդ մարդու կերպարանք ստացած Օսմանեան կայսրութեան ու անոր լուծին տակ ապրող փոքրամասնութիւններու իրավիճակին: Ան նաեւ ներկայացուց Ցեղասպանութեան հետեւանքները շեշտելով պահանջատէրի մեր կեցուածքը պահելու անհրաժեշտութիւնը: ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հաստատեց, թէ նորակազմ այս համայնքին կատարած հաւաքը Թուրքիոյ ուղղուած ապտակ մըն է` ըսելու, թէ հայերը, ո՛ւր որ ալ գտնուին, անտարբեր կամ զիջող չեն կրնար ըլլալ իրենց ազգային գոյութեան հարուածող բոլոր փորձերուն հանդէպ:

 

Մոսկուա

24 ապրիլին Մոսկուայի նորակառոյց եկեղեցական համալիրին մէջ, պատմական խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում, որմէ ետք Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին:

Սրբազան հայրը նաեւ ընդգծեց, որ  «պատմութեան ընթացքին յաճախ է հայ ժողովուրդը մահուան դէմ յանդիման գնացել, սակայն աշխարհի վրայ չկայ մէկ այլ ժողովուրդ, որ այդքան ամուր փարուած լինի մահայաղթ խաչին»:

Ան շեշտեց, որ մեր անդաւաճան եւ անսասան հաւատքին շնորհիւ վերածնած մեր ժողովուրդը  իրաւունք չունի սխալելու, աւելցնելով, որ պէտք է միասին գործենք որպէս մէկ անձ եւ մէկ կամք` պահանջելով  ոճրագործ Թուրքիայէն եւ գերտէրութիւններէն` արդարութեան ճանաչում եւ հաստատում: Ան կոչ ուղղեց անաղարտ պահելու հայու ինքնութիւնն ու նկարագիրը, աջակցելու հայրենիքի շինութեան ու հզօրացման, մաքուր պահելու հոգեւոր եւ ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները:

 

Չեխիա

Չեխական երեք քաղաքներուն մէջ Յիհլաւայի,  Պռնոյի եւ Փրակայի մէջ կազմակերպուեցան ձեռնարկներ: 24 ապրիլին Փրակայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանի գլխաւորութեամբ ծաղիկներ զետեղուեցան «Մուսա լերան 40 օրը» հանրահայտ գիրքի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի ծնած տան եւ ապրած շէնքի յուշաքանդակին եւ յուշատախտակին դիմաց, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ նախկին նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի յուշարձանին դիմաց: Հայաստանի դեսպանը հանդէս եկաւ նաեւ հակիրճ ելոյթով եւ ներկայացուց Միացեալ Նահանգներ 28-րդ նախագահ, Հայկական հարցի արդարացի լուծման ջատագով Ուիլսընի ընդունած որոշումներուն կարեւորութիւնը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երթ` մինչեւ Սթարոմեսթսքա հրապարակ:

Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ չեխահայոց հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան մատուցեց հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք փոխանցեց իր պատգամը: Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան իր ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց` համախմբուելու Չեխիոյ հայկական կազմակերպութիւններուն, եկեղեցւոյ եւ դեսպանութեան շուրջ` արժանի հարուած տալու մեր թշնամիին եւ Չեխիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչելու նպատակով աշխատանքներ տանելու համար:

«Արմենիա ակումբ, կազմակերպութեան նախագահ Տիգրան Աբրահամեան ներկայացուց Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականութեան փաստը, անցնող տարիներուն կազմակերպուած կարեւոր ձեռնարկները, չեխ Քարել Հանսայի գրած «Արեւելքի սարսափները, գիրքը, անոր հայանպաստ գործունէութիւնը` անցնող դարու քսանական թուականներուն:

Կարդացուեցան Չեխիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Փրակայի արքեպիսկոպոս, կարտինալ Տոմինիք Թուքայի եւ ծերակուտական Եարոմիր Շթեթինայի ուղերձները: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում:

22 ապրիլին Վիսոչինայի երկրամասի Եիհլաւա քաղաքին մէջ «Ուրարտու» հայ-չեխական կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանդր Սարգիսեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ «Անոնք ալ իրաւունք ունէին, կրնային եւ կ՛ուզէին ապրիլ ու գործել, խորագրով ձեռնարկ: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեցին Հայաստանի դեսպանի եւ «Ուրարտու» կազմակերպութեան նախագահին խօսքերը, որոնք անդրադարձան Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան ու հայ ժողովուրդի արդար պահանջին: Ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս:

23 ապրիլին Չեխիոյ Պռնօ քաղաքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան մատուցեց հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սեյրանեան, որ շեշտեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը եղեռնին ուղղակի շարունակութիւնն է:

Նոյն օրը երեկոյեան ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ ճազային դաշնակահար Տիգրան Համասեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական դրօշի խոնարհման արարողութիւն: «Հայաստանի տան» նախաձեռնութեամբ, ասիկա պիտի դառնայ ամէնամեայ ձեռնարկ:

24 ապրիլին Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: ՀԵԴ-ի անունով քաղաքական հաւաքին բացումը կատարեց Լորիկ Պողիկեան: Այնուհետեւ խօսք առին Լոս Անճելըսի 43-րդ ընտրական շրջանէն նահանգային խորհուրդի անդամութեան թեկնածու Կրեկ Գրիգորեան,  ՀԵԴ-ի անդամ Նորա Ինճէեան եւ ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան, որոնք դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ուրացող Թուրքիոյ կառավարութիւնը, բուռն կերպով քննադատեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելու խոստումին հերթական դրժումը: Անոնք նաեւ վճռակամութիւն յայտնեցին մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրանալու պայքարը շարունակելու եւ դիմեցին ներկաներուն` շարունակելու սատար կանգնիլ հայկական պահանջատիրական շարժումին: Ապա իննամեայ պարմանուհի Սեւանայ Մանուկեան կարդաց իր նամակը` ուղղուած թրքական կառավարութեան:

 

Քանատա

23 ապրիլին թրքական դեսպանատան դիմաց երիտասարդականի 50 անդամներ նստացոյց կատարեցին եւ բարձրախօսով կարդացին (անգլերէն) վերապրողներու վկայութիւններ:

Նոյն օրը առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին Քանատայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ առաջնորդ սրբազաններ` Խաժակ արք. Յակոբեան եւ Բագրատ եպս. Գալստանեան,  որոնք դեսպան Արմէն Եգանեանին եւ դեսպանատան անձնակազմին հետ միասին դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով նշեցին Ցեղասպանութեան Եղեռնի 97-ամեակը:

24 ապրիլին Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն,  Լաւալէն,  Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 1000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:

Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութիւնը:

Խօսք առաւ Քանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարար Ճէյսըն Քենի, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը պետական մակարդակով հաստատող միակ պետութիւնը կը հանդիսանայ Քանատան: Ան կարդաց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով հրապարակուած վարչապետ Հարփըրի յայտարարութիւնը: Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Պապ Ռէյ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Թուրքիոյ հետ հաշտեցման գործընթացը կրնայ յաջողիլ միայն այն պարագային, երբ Թուրքիա ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը եւ վերջ տայ ուրացման իր քարոզչութեան:

Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ խորհրդարանի անդամներ` տոքթ. Հարըլտ Ալպրեխթ, Սթեֆան Տիոն, Ուէյն Ուաթսըն, Ճօ Տանիէլ, Ալեքսանտր Պուլերիս, ինչպէս նաեւ` ուքրանացի եւ պոնտացի համայնքներու ներկայացուցիչները,  որոնք կոչ ուղղեցին Անգարայի իշխանութիւններուն` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան խօսք առնելով` յայտնեց, թէ հակառակ թրքական երկարամեայ ուրացման քաղաքականութեան` հայ ժողովուրդի նոր սերունդը վճռած է շարունակել պահանջատիրական իր պայքարը, մինչեւ որ Անգարա իսկական իրաւատիրոջ վերադարձնէ հայութենէն խլուած իրաւունքներն ու պատմական ժառանգը:

Այնուհետեւ ցուցարարները ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ խօսք առին` ՀՅԴ ՔԵՄ-ի անունով Ռուբէն Ճանպազեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան անունով Դանիէլ Օհանեան:

Հաւաքը վերջ գտաւ Խաժակ արք. Յակոբեանի պատգամով:

Նոյն օրը Քանատայի «Սի. Թի. Վի.» հեռատեսիլի կայանը հեռարձակեց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մհեր Գարագաշեանին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյց մը, որուն գլխաւոր նիւթը Հայոց ցեղասպանութիւնն էր:

 

Ուրուկուէյ

24 ապրիլին հայ գաղութի ոգեկոչման ձեռնարկները սկսան Ազգային Ներսէսեան վարժարանի աշակերտներու յարգանքի յատուկ յայտագիրով, ապա  ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան վարժարանի աշակերտներուն միացան եւ Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ  գործադրուեցաւ ոգեկոչման յայտագիր մը,  որուն հրաւիրած էին, առաջին անգամ ըլլալով,   շրջանին մէջ գործող 4 տեղական վարժարաններու աշակերտները:

Ապա Ուրուկուէյի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը եւ այդ հաստատութեան տնօրէնը:

Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակի յուշաքարին մօտ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ եւ աղօթք արտասանուեցաւ:

Ուրուկուէյի ծերակոյտի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնական ոգեկոչման ձեռնարկ,  որուն ընթացքին խօսք առաւ երկրի փոխ նախագահ եւ ծերակոյտի նախագահ Տանիլօ Ասթորի, որ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ երկրին մէջ կան հայեր, որոնք բոլոր ոլորտներու մէջ ներգրաւուած են եւ իրենց աշխատանքով պատիւ կը բերեն  հասարակութեան:

Խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրրիքօ խօսելով Ցեղասպանութեան մասին` ըսաւ, թէ ներկայիս ցեղասպանութիւնը իրաւական գետնի վրայ միայն հայերու համար չէ, այլ` համայն մադկութեան, քանի որ հայոց դէմ եղածը համամարդկային է :

Րաֆֆի Յունանեան ըսաւ, թէ հայ ազգը ներդրումներ կատարելու մեծ դրամագլուխ չունի, սակայն իր աշխարհագրական ռազմավարական, դիրքով, կրնայ վերածուիլ  առեւտուրի մուտքի դուռի, մը Կովկասի մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան յայտնեց, թէ շնորհիւ ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբին անխոնջ աշխատանքին` արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ  Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի այցելէ:

 

Արժանթին

24 ապրիլին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակը ոգեկոչող ջահերով երթը` համայնքի երիտասարդական միութիւններուն կազմակերպութեամբ: Ժողովուրդը համախմբուեցաւ Իրաւաբանութեան համալսարանի շէնքի մուտքին առջեւ, ուրկէ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն: Դեսպանատան առջեւ, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը,  որուն ընթացքին նշուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող արժանթինեան օրէնքներն ու դատական վճիռները: Խօսք առաւ Առնակ քհնյ. Յարութիւնեան: Կազմակերպիչ երիտասարդներուն պատգամը ներկայացուց ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Նալպանտեան, որ իր պահանջատէր ու եռանդուն գաղափարներով խրախուսեց ներկաները ու հարցապնդեց Թուրքիոյ դեսպանը` վերահաստատելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրական պայքարը: Պուէնոս Այրես Քաղաքի երեսփոխան Էտկարտօ Ֆորմ» կոչ ուղղեց պատմութիւնը միշտ վառ պահելու հրամայականի կարեւորութեան` իր անկեղծ աջակցութիւնը յայտնելով Արժանթինի հայ համայնքի:

Աւարտին կարդացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման առիթով հրապարակային անձնաւորութիւններու,  հաստատութիւններու եւ կառավարական ներկայացուցիչներու կողմէ ուղարկուած գրութիւնները:

 

Հոլանտա

Կազմակերպութեամբ  «Ալֆա-Երեւան» հաստատութեան, 25 ապրիլին Այնտհովըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Խօսք առաւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, որ շեշտեց, թէ այն ազգը, որ կը սրբացնէ իր այբուբենն ու գիրքը եւ իր զաւակները կը դաստիարակէ աշխատանքի ու կրթութեան գաղափարներով, չի կրնար մեռնիլ սուրէն: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Գերմանիա

Կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ հայոց առաջնորդարանին, Գերմանահայ կեդրոնական խորհուրդին եւ Գերմանիոյ մէջ գործող այլ հայկական կազմակերպութիւններու, 24 ապրիլին Ֆրանքֆորթի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ: Առաջին հերթին ցուցարարները հաւաքուեցան թրքական հիւպատոսարանի առջեւ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բողոքի երթ, որ աւարտեցաւ «Փաուլսփլաց» հրապարակին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ ցոյց:

Նոյն օր Ֆրանքֆորթի կեդրոնական «Փաուլսկիրխէ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Խօսք առին Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Ազատ Օրդուխանեան Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Կարէն Մկրտչեան եւ Պերլինի մէջ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան: Օրուան բանախօս, Գերմանիոյ Հիւսիս-Հռենոսեան նահանգի խորհրդարանի անդամ,  իրաւաբան Պեռնհարտ Ֆոն Կրիւնպերկ  անհրաժեշտ նկատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը մաս կազմէ գերմանական ուսումնական ծրագրին, որպէսզի նոր սերունդը հաղորդ դառնայ մարդկային պատմութեան այս սեւ էջին, որ նախօրինակն էր հրէական ողջակիզման: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Սերովբէ վրդ. Իսախանեան խօսք առնելով շեշտեց, որ հայութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ է եւ կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն, աւելցնելով, որ Գերմանիան պէտք է ընդունի եւ դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Յայտնենք, որ Գերմանիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ, ինչպէս` Պերլին,  Քէօլն,  Շթութկարտ, Միւնիխ, Համպուրկ եւ այլն, տեղի ունեցան ձեռնարկներ:

 

Պաթում

Պաթումի երաժշտանոցի սրահին մէջ 14 ապրիլին տեղի ունեցաւ  «Յիշել Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով ձեռնարկ:

Պաթումի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գարիկ Իսրայէլեան,  Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  Արարատ քհնյ. Գումբելեան, Աճարիոյ հայերու միութեան անդամ Արթուր Յովհաննիսեան իրենց ելոյթներուն մէջ ընդգծեցին համաշխարհային հանրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ համընդհանուր ճանաչման կարեւորութիւնը, թրքական ժխտողականութեան դէմ հայրենիքի եւ սփիւռքի ուժերը միաւորելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան, 12 ապրիլին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցան քննարկումներ` «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» խորագրով:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան խօսք առնելով` նշեց, որ հայ ազգը,  վերապրելով 1915 թուականը, ունի բարոյական պարտաւորութիւն` աշխատելու ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ: Ան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ պետականօրէն ծրագրուած ոճրագործութեան եւ անոր հետեւանքներուն, նշելով, որ Հայաստան կ՛ողջունէ կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, միջազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններու,  ցեղասպանագէտներու, ինչպէս նաեւ թուրք մտաւորականներու ջանքերը, որոնք կը սատարեն Հայաստանին` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ: Քննարկումներուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ  Մայքլ Յակոբեանի «Գետը կարմրեց» վաւերագրական ժապաւէնը, որմէ ետք մեկնաբանութիւններով հանդէս եկան Միշիկընի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Տենիս Փափազեան, Մասաչուսեցի համալսարանէն փրոֆ. Էրվին Շտուփ, Հայկական ժապաւէններու  հիմնադրամի տնօրէն Քարլա Կարապետեան:

3 ապրիլին Նիւ Ճըրզի նահանգի Պըրկըն համալսարանի ցուցասրահին մէջ ներկայացուեցաւ հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ ժամանակակից արուեստագէտներու գործերը: «Ճեղքուած պատմութիւն եւ վերականգնուած ինքնութիւն,  խորագիրը կրող` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 97-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէսը կը ղեկավարէր ամերիկահայ արուեստագէտ Շողակ Յովհաննիսեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան խօսք առնելով` շեշտեց կարեւորութիւնը այս նախաձեռնութեան` նշելով, որ կանխարգիլման համար անհրաժեշտ է ստեղծել լայն կրթական ու տեղեկատուական ցանց` ահազանգելու եւ պայքարելու ցեղասպանութեան ոճրագործութեան վտանգին եւ անոր լռակեաց շարունակութեան դէմ, ինչպէս` մերժողականութիւնը: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղութեամբ եւ մերժողականութեան դէմ տարուող աշխատանքները հասարակական ու կրթական կառոյցներու, արուեստագէտներու եւ բոլորին հաւաքական ու անհատական պատասխանատուութիւնն են: 23 ապրիլին,  ցուցահանդէսին փակման օրը,  դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ ամերիկահայ  գրող-արձակագիր Փիթըր Պալաքեան:

Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին, վերջերս արտադրուեցաւ երկրորդական վարժարաններու մէջ մատուցուած Հայոց ցեղասպանութեան դասանիւթին յատուկ վաւերագրական շարժապատկեր մը:

12 վայրկեան տեւողութեամբ «Տի արմինիըն ճըռնի. ֆրամ տիսփեր թու հոփ ին Ռոտ Այլընտ»  խորագիրով ժապաւէնը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարկրիթ Կարապետեան-Տէր Մանուէլեանին պատմութիւնը` պատմուած իր 21-ամեայ ծոռ Տալիթա Կեցոյեանին կողմէ:

Շարժապատկերին արտադրիչներն են Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Սառա Քոհըն եւ ժապաւէնը բեմադրած Արմէն Վարատեան,  որոնք վայելած են նաեւ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի Ռոտ Այլընտի մասնաճիւղի համավարիչներ Փոլին Կեցոյեանին եւ Եսթեր Գալաճեանին նեցուկը: Յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրուած է Ճորճ Աղճայեանին եւ «Փրոճէքթ սէյվ»-ին կողմէ:

 

Թեհրան

Իրանի Հայ Արհեստաւորներու 5-րդ
Ցուցահանդէսին
Մասնակցած
Ընկերութիւններու
Գնահատանքի Երեկոյ

Նախաձեռնութեամբ Իրանի հայ արհեստաւորներու միութեան, 16 ապրիլին միութեան կեդրոնատեղիին «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ` նուիրուած նոյն միութեան անցեալ փետրուարին Իսլամական  յեղափոխութեան 33-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպած 5-րդ ցուցահանդէսին մասնակցած հայկական ընկերութիւններուն:

Իրանի հայ արհեստաւորներու միութեան վարչութեան նախագահ Հայրիկ Աւետեան իր խօսքին մէջ բացատրեց, որ  միութեան նպատակն է համախմբել իրանահայ արհեստաւորները եւ պետական շրջանակներուն մէջ ներկայացնել անոնց ներդրումները, նաեւ` նպաստել երկրի ճարտարարուեստի վերելքին եւ կապ հաստատել Հայաստանի ու Արցախի արհեստաւորներուն հետ:

Իր կարգին, Վարդան Վարդանեան ներկայացուց երկրի պետական շրջանակներուն դրական անդրադարձները` Իրանի ճարտարարուեստի մարզին մէջ իրանահայ արհեստաւորներուն ունեցած ներդրումներուն նկատմամբ:

«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ալիք»-Իրանի հայ արհեստաւորներու միութիւն կապին մասին` որպէս զիրար լրացնող գործօններ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ապա թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին եւ միութեան նախագահին ձեռամբ գնահատագրեր յանձնուեցան միութեան 5-րդ ցուցահանդէսին մասնակցած ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ  գնահատելով Իրանի հայ արհեստաւորներու միութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` շեշտեց, որ բոլոր իրանահայերը մեծ ներդրումներ կ՛ունենան երկրին մէջ:

 

 

Սուրիա

Սուրբ Յարութեան Տօնին Նուիրուած
Սրբազան
Համերգ

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի,  կազմակերպութեամբ հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ, 8 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ`  կատարողութեամբ երեք վաստակաշատ մետալակիր մասնագէտ երաժիշտներ` մեցցօ- սոփրանօ Բալիկ Գալեմքերեան-Բոբովայի, թաւջութակ` փրոֆ. Կոստանդին Բոբովի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Մնչերեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ երաժիշտներու կենսագրականին:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր շարականներ` Նարեկացիէն, Ալպերթ Հայ Մալոթէն եւ Եկմալեանէն, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւններ` Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մշակումով ու յօրինումով:

Համերգի աւարտին վեր. Յարութիւն Սելիմեան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց օրուան ներկայացուած եզակի կատարումին համար ու միաժամանակ անհրաժեշտութիւն սեպեց նմանօրինակ ձեռնարկներու առկայութիւնը մեր առօրեային մէջ` որպէս ազգային դիմագիծ հաստատելու եւ վերանորոգելու քրիստոնէական հաւատքը` քրիստոնէավայել ընթացքով ու կենցաղով:

 

Վրաստան

Գաբրիէլ Սունդուկեանի Յուշատախտակի
Բացման
Արարողութիւն

11 ապրիլին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային արեւելաեւրոպական թատրոնի հիմնադիր Գաբրիէլ Սունդուկեանի յուշատախտակի վերաբացման արարողութիւնը:

Ելոյթ ունեցաւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ Գաբրիէլ Սունդուկեան իր ամբողջ ստեղծագործական եւ հասարակական գործունէութեամբ ծառայած է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան, աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ զայն:

Հանդէս եկան նաեւ Վրաստանի գրողներու միութեան նախագահ Մաքղվալա Կոնաշվիլի եւ Թիֆլիսի քաղաքային խորհրդարանին ներկայացուցիչը:

 

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Տեղական
Մարմիններու Յառաջացում
Իտալիոյ
Եւ Քուէյթի Մէջ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը տեղական մարմիններ յառաջացուց Իտալիոյ եւ Քուէյթի մէջ:

Այսպիսով, իր հիմնադրութենէն  20 տարի ետք,   հիմնադրամը կը ներկայանայ իր 25 ներկայացուցչական գրասենեակներով, որոնք կը գործեն աշխարհի 23 երկրներու մէջ:

 

Գերմանիա

Հայ Գիրքի Տպագրութեան 500-Ամեակին
Նուիրուած Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Սաքսոնիա Անհալթի մշակոյթի նախարարութեան, Պերլինի հանրային գրադարանի, Հալլէի «Մարթին Լութըր» համալսարանի «Մեսրոպ» հայագիտական կեդրոնին, վերջերս Հալլէ քաղաքի «Քանսթֆորիւմ» պատմական շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը: Ցուցահանդէսին ֆինանսական հովանաւորն էր Հալլէի խնայդրամարկղը:

Խօսք առին Հալլէի խնայդրամարկղի ղեկավար  Շթումփֆ, Սաքսոնիա Անհալթ երկրամասի մշակոյթի նախարար Ս. Կորկերլոհն, Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան, Պերլինի հանրային գրադարանի գլխաւոր տնօրէն Պ. Շնայտեր-Քեմփֆ եւ Հալլէի «Մարթին Լութըր» համալսարանէն փրոֆ Ու. Շթրեոթեր:

Բացման արարողութենէն ետք մասնակիցները ծանօթացան բազմադարեայ պատմութիւն ունեցող ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերուն, որմէ ետք այցելեցին Հենտելի տուն-թանգարան, ուր  տեղի ունեցաւ համերգ` մասնակցութեամբ հայ եւ գերմանացի երաժիշտներու:

 

Լիթվիա

Հայոց Ցեղասպանութեան
Նուիրուած
Համերգ

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ վերջերս Լիթվիոյ Քաունաս քաղաքի պետական երաժշտանոցին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` մասնակցութեամբ իտալացի ջութակահար Պաւել Պերմանի եւ հայազգի դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի:

Յայտագիրը կը բովանդակէր Քլոտ Թեպիւսիի,  Սեզար Ֆրանքի, Սերգէյ Փրոկոֆիեւի,  Կոմիտասի գործերը: Տեղի ունեցաւ նաեւ գերմանացի ժամանակակից երաժիշտ Ֆրանց Հիւմմելի «Կիլիկիա» ստեղծագործութեան անդրանիկ կատարում:

 

Ֆրանսա

Խաչքար–Դամբարանի Բացում

14 ապրիլին տեղի ունեցաւ բացում` Շաւիլի գերեզմանին մէջ զետեղուած հայոց խաչքար-դամբարանին:

Շաւիլի գերեզմանատան մէջ կան շուրջ 200 հայկական շիրիմներ: Անոնցմէ ոմանք այլեւս ժառանգ չունենալով` վտանգուած են, եւ աճիւնները կրնան անհետանալ: Այդ վտանգը կանխելու համար եւ որպէսզի հայ ընտանիքներուն անունները միշտ ներկայ ըլլան այդ գերեզմանատան մէջ, Շաւիլի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը որոշեց ձեռնարկել դամբարանի մը շինութեան` այդ բեկորները հոն տեղափոխելով, զանոնք կորուստէ փրկելու նպատակով:

Այսպէս, շնորհիւ այս խաչքար-դամբարանին, Շաւիլ բնակութիւն հաստատած բոլոր հայերուն անունները պիտի պահպանուին առյաւէտ:

Բացման արարողութիւնը կատարեց Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան եւ Շաւիլի հոգեւոր հովիւ` Գուրգէն վրդ. Աղապապեան: Ապա խօսք առաւ Շաւիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Հրայր Հրաչեան, որ յանուն Շաւիլի հայութեան` շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին եւ անոր գործակիցներուն, այս ծրագրին տրուած արտօնութեան եւ ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ Շաւիլի քաղաքապետ-երեսփոխան` Պ. Ժան-Ժաք Կիյէ,  որ վեր առաւ հայոց եւ ֆրանսացիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր բարեկամութիւնը:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES