Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիա յանձնառու է իր տագնապը լուծելու առումով միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ներկայացուցած ծրագիրին:
Ան յայտնեց նաեւ, որ ողջունելի են Լիբանանի կողմէ սահմանները աւելի խիստ հսկելու եւ սուրիական ընդդիմութեան զէնք չհասցնելու ջանքերը:
Ալի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին կողմէ զէնքեր փոխադրող նաւի գրաւումը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ այդ նաւը կ՛ուղղուէր Սուրիա` ընդդիմութեան յանձնելու համար զէնքն ու զինամթերքը:
CATEGORIES Լիբանանեան

