Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ պատուիրակութիւն մը, որ բաղկացած է 6 անձերէ, կ՛այցելէ հիւսիսային Լիբանան – Սուրիա սահմանամերձ շրջանները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին համար Լիբանանը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք եւ ճիգ ի գործ կը դնեն բարձր պահելու համար իրենց «Նախ Լիբանան» կարգախօսը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպ ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի արգիլեն Սուրիոյ դէպքերուն Լիբանան ներթափանցումը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբերի տեղակալ Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը կը կեդրոնանայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը երաշխաւորելուն վրայ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ յարաբերութեանց եւ օրէնքի մասնագէտ հայր Ֆատի Ֆատել յայտնեց, որ Իսրայէլի համար կարեւոր է շրջանին մէջ իրարանցումը պահպանել, որպէսզի անիկա իր դէմ չդրսեւորուի:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ամբաստանեց դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին մեղսակցելու յանցանքով: Համտան դիտել տուաւ նաեւ, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերն են, որոնք կը դիւրացնեն զէնքի առաքումը դէպի Սուրիա: Միւս կողմէ, Մուրապիթուն շարժումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Ֆելթմանի այցելութեան նպատակն է Լիբանանը վերածել քանդումի եւ ահաբեկչութեան խարիսխի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի, Սաատ Հարիրիի եւ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնները ապօրինի եւ աննախընթաց կերպով գումարներ ծախսած են:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ամերիկացի պաշտօնատար Ճեֆրի Ֆելթմանի պէտք չէ առիթ տալ` զէնք եւ զինամթերք փոխադրող նաւուն հարցով ճնշում բանեցնելու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ, իր խօսքը ուղղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, յայտնեց, որ ան եղած է Լիբանանի մէջ սուրիական հոգատարութեան ամէնէն նշանաւոր եւ տգեղ խորհրդանիշներէն մէկը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան կատարած այցելութեան, յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է իմանայ, թէ մեծ պետութիւնները ի՛նչ կը մտածեն իր մասին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս ընդունեց նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտումը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մեծ առիթ մը ունէր փաստելու եւ գործադրելու հանրապետութեան նախագահին տրուած իրաւունքները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Պիոնկ Կի Քիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցեր: Ասիրի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին անվտանգութիւնը կայուն պահելու իմաստով:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան ծրագրած բողոքի ցոյցն ու գործադուլը, որ պիտի կատարուէր այսօր, յետաձգուեցաւ յառաջիկայ 24 մայիսին:

