Գահիրէի Բախումները 20 Զոհ Կը Պատճառեն

Բախումներէն պահ մը

Անծանօթներ երեքշաբթի գիշեր Գահիրէի մէջ Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ ցուցարարներու վրայ յարձակում գործեցին: Բախումները, որոնք չորեքշաբթի առաւօտ վերսկսան, պատճառեցին 20 զոհ եւ 150 վիրաւոր:

Յարձակում գործողները օգտագործեցին քարեր, գաւազաններ, քոքթել մոլոթոֆներ եւ զէնքեր:

Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար գնդ. Մոհամետ Իպրահիմ Եուսեֆ երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, որ Ապպասիէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը զսպուած են եւ բախումները դադրած:

Նախագահութեան թեկնածու, անկախ իսլամական Ապտուլ Մունհեմ Ապուլ Ֆութուհ եւ այլ թեկնածու մը իրենց ընտրապայքարը սառեցուցին` իբրեւ բողոք արձանագրուած դէպքին:

Ապուլ Ֆութուհ եւ Իսլամ եղբայրներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Մոհամետ Մուրսի քննադատեցին իշխանութիւններուն ուշացած հակազդեցութիւնը: Սալաֆական Նուր կուսակցութիւնը որոշեց Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին հետ նախատեսուած հանդիպում մը պոյքոթի ենթարկել:

Յարձակումի ենթարկուած ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը հետեւորդներն էին նախագահական թեկնածու, սալաֆական քարոզիչ Հազեմ Ապու Իսմայիլի, որուն թեկնածութիւնը մերժուած էր, որովհետեւ իր մայրը ամերիկեան հպատակութիւն ունի:

Մինչ եգիպտական կուսակցութիւններ յառաջիկայ ուրբաթ օր Ապպասիայի դէպքերուն իբրեւ բողոք միլիոնաւոր մասնակիցներով ցոյց կատարելու կոչ ուղղեցին, եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ Սամի Անան յայտարարեց, որ Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը իշխանութիւնը պիտի յանձնէ անմիջապէս որ նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանին թեկնածու մը յաղթանակ արձանագրէ:

Եգիպտոսի նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 23 եւ 24 մայիսին, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային 16 եւ 17 յունիսին երկրորդ հանգրուան մը տեղի պիտի ունենայ: Նախագահութեան գլխաւոր մրցակիցներն են Ապտուլ Մունհեմ Ապուլ Ֆութուհ, Մոհամետ Մուրսի եւ Ամր Մուսա:

Share this Article
CATEGORIES