Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հերթական Խախտումները Կը Շարունակուին

Մինչ ՄԱԿ յայտարարեց, որ 300 միջազգային դէտերու Սուրիոյ մէջ տեղակայումը պիտի ամբողջանայ մայիսի վերջաւորութեան, սուրիական ընդդիմութիւնը իր կարգին նշեց, որ Ռիֆ Հալապի մէջ 15 սուրիացի զինուոր սպաննած է: Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կը պնդեն, որ 15 զինուորներէն երկուքը գնդապետ են: Բախումներուն ընթացքին սպաննուած են ընդդիմութեան երկու զինեալներ:

Այդ բախումները ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին հիմամբ 12 ապրիլին հաստատուած զինադադարի հերթական խախտումներ են:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ վերջերս Սուրիան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւններուն նպատակը Անանի ծրագիրը վիժեցնելն է: Նախարարութիւնը իբրեւ օրինակ նշեց 27 ապրիլին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնները եւ 30 ապրիլին Իտլիպի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումը, որ 9 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ խլեց:

Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ պարտադիր զինուորութեան եւ զինուորական պատիժներու մէջ նշուած բոլոր պատիժներէն ընդհանուր ներում շնորհեց:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ռուսական «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ Սուրիոյ հարցերուն միջամտելու մտադրութիւն չունի, հակառակ անոր որ Ասատի վարչակարգի կանգուն մնալէն աւելի վատ բան գոյութիւն չունի: «Անկարելի է, որ անկէ վատ այլընտրանք մը ի յայտ գայ` գիտնալով հանդերձ, որ վերջերս ան Իրանի եւ Հըզպալլա շարժումին ձեռքը պատանդի վերածուեցաւ», ըսաւ իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

Լիպըրման ըսաւ, որ Իսրայէլ Միջազգային կարմիր խաչին եւ կարմիր մահիկին ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններ առաջարկած է, սակայն Դամասկոս առաջարկը մերժած է: «Այդ մէկը վարչակարգին պատասխանատուութեան եւ խղճին վրայ կը մնայ: Իսկ մենք որեւէ այլ ձեւի միջամտութիւն կատարելու մտադրութիւն չունինք», նշեց ան:

Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Անան կը փորձէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը դէպի յառաջ մղել, եւ որոշ շարժում կայ, սակայն ոչ սպասուած արագութեամբ»:

«Բոլորս ալ ժամանակի կը կարօտինք, սակայն ժամանակը սուղ է, եւ անցնող իւրաքանչիւր վայրկեանի զուգահեռ բռնարարք եւ բախումներ կան, բան մը, որ յատուկ պատուիրակին եւ իր ամբողջ խումբին համար ընդունելի չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «պիտի գայ ժամանակը, երբ միջազգային ընտանիքը «բաւ է» պիտի ըսէ»: Ֆաուզի յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը սկսաւ այլ կարելիութեանց մասին մտածել»:

Նշենք, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման ամբաստանեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ մնալու յանցանքով:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ Քիլիսի մէջ սուրիացի գաղթականներուն այցելած է եւ Քիլիսի նահանգապետին հետ հանդիպում ունեցած:

 

Share this Article
CATEGORIES