Պաքու Կը Պահանջէ, Որ Կապալայի Կայանը Չօգտագործուի Թուրքիոյ Դէմ

Կապալայի ռատարի համաձայնագիրի երկարաձգման բանակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւր մը ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ազրպէյճան նշած է, որ Կապալայի ռատարի վարձակալութեան համաձայնագիրը պիտի երկարաձգէ, եթէ Մոսկուա երաշխաւորէ, որ կայանը Թուրքիոյ դէմ պիտի չօգտագործուի:

Ըստ աղբիւրին, բոլոր հարցերը արդէն յստակացուած են եւ միայն քանի մը անլոյծ հարցեր կան, որոնց շուրջ կողմերը բանակցութիւնները կը շարունակեն: Նոյն աղբիւրը յայտնած է, որ կողմերը գրեթէ համաձայնութեան եկած են համաձայնագիրի ժամկէտը երկարաձգելու հարցին մէջ:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ 9 ապրիլին Պաքուի մէջ յայտարարած էր, որ Կապալայի կայանին շուրջ «բնական բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ լուծելու միայն քանի մը հարց մնացած է»:

Կապալայի ռատարի վարձակալութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 2002-ին եւ անոր ժամկէտը կ՛աւարտի 24 դեկտեմբեր 2012-ին: Մոսկուա կ՛ուզէ, որ վարձակալութեան ժամկէտը երկարաձգուի մինչեւ 2025:

Յունուարին Թուրքիոյ Մալաթիա նահանգի Քիւրեճիք գաւառին մէջ` Իրանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի մօտ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հակահրթիռային համակարգ տեղակայուած էր: Փորձագէտները օրին ենթադրած էին, որ Ռուսիա Կապալայի կայանը կրնայ Թուրքիոյ դէմ օգտագործել:

 

Share this Article
CATEGORIES