Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնին Կայծակնային Ճատրակի Մրցաշարք` Կիրակի, 6 Մայիսին
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 6 մայիսին, իր կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ կայծակնային ճատրակի մրցաշարք մը (Պլիթց)` Սապրա – Շաթիլա շրջանին մէջ գտնուող Սալահիէ Այուպիէ վարժարանին մէջ:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս մրցաշարքին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յստականան մինչեւ շաբաթավերջ (մասնակցութեան սակ եւ հանգրուաններու թիւ):
Սակայն կայծակնային այս մրցաշարքին իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնն է հինգ վայրկեան: Անոր որ ժամանակը աւարտի, կը հռչակուի պարտուած: Իսկ սխալ շարժում կատարողը եւս կը հռչակուի պարտուած:
Մրցաշարքը պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, սակայն անոր մասնակցողները պարտին հոն ներկայ ըլլալ ժամը 10:00-ին:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է կապ հաստատեն հետեւեալ անձերէն մէկուն հետ. Ալի Ժաուիշ` 03-300166, Էլի Հուլիշեան` 03-705210, Հանի Միքաթի` 70-099483 եւ Շըհատէ Ապու Նըմրի` 03-955700:

