Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ – Ռիատի Պէյրութ` 2-2. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – Ռիատի Պէյրութ

Անիպալ Զահլէ - Ռիատի Պէյրութ երէկուան մրցումէն (PROFOTO)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Անիպալ Զահլէ իր դաշտին վրայ 88-76 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ռիատի Պէյրութը, անոր պարտադրեց հինգերորդ եւ վերջին մրցումը` նկատի ունենալով, որ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:

Հինգերորդ եւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Ռիատիի դաշտին վրայ:

Երէկուան մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 30-21, 54-39, 68-59 եւ 88-76:

Այս մրցումին յաղթականը աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Շանվիլը, որ երրորդ մրցումին 102-83 արդիւնքով յաղթելով Սաժես Պէյրութի, 3-0 արդիւնքով գերազանցեց զայն:

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր. անոր ընթացքին Անդրանիկ Պէյրութ կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES