Երեսփոխաններ Ու Նախարարներ Կ՛Օգտագործեն Հանրային Փոխադրակառքերը

Երեսփոխանները` հանրային փոխադրակառքին մէջ

Խումբ մը երեսփոխաններ, ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի, երէկ օգտագործեցին հանրային փոխադրակառքերը:

Երեսփոխաններէն իւրաքանչիւրը վճարեց 750 լ. ոսկի եւ փոխադրակառքին մէջ նստաւ` ուղղուելու համար տուեալ շրջան մը:

Նախարար Արիտի յայտնեց, որ հանրային փոխադրութեան սկսելու հիմնական ծրագիրներէն է նոր փոխադրակառքեր գնել եւ ճշդել հիմնական կայաններ ու իւրաքանչիւր փոխադրակառքի յատուկ շրջաններ:

Share this Article
CATEGORIES