Ֆելթման. «Կը Զօրակցինք Շրջանին Մէջ Գործող Բազմատարր Կառավարութիւններուն»

Ֆելթման եւ Պըրրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներու եւ հոգեւորականներու հետ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆելթմանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա  Քոնելլիի:

Հանդիպումէն ետք Ֆելթման մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Ֆելթման այցելեց նաեւ Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Պաաքլինի մէջ Ֆելթման ցաւակցութիւն յայտնեց տիւրզի հոգեւոր պետ շէյխ Ապու Մոհամետ Ժաուատ Ուալիէտտինի վախճանումին առիթով:

Ֆելթման այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին:

Միւս կողմէ, ամերիկեան դեսպանատունը երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ֆելթման իր հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի շրջանին մէջ բազմատարր եւ ժողովրդավար կառավարութիւններուն, որոնք կը պաշտպանեն բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքները, որոնց մէջ նաեւ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:

Ֆելթման վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի:

Ըստ դեսպանատան հաղորդագրութեան, Ֆելթման լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու շրջանային այլ հարցեր:

Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Ֆելթմանը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի:

Ֆելթման դարձաւ Ժոմպլաթի ընթրիքի հիւրը:

ՆՇԵՆՔ, որ Ֆելթմանի հետ իր հանդիպումէն ետք Ժահժահ զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներուն հետ եւ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութիւնը օժանդակած են այն կողմին, որ փորձած է զինք ահաբեկել:

 

Share this Article
CATEGORIES