Այն Թինէի Մէջ Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց ապրուստի եւ ընկերային հարցերը լուծելու նպատակով աշխատանքը բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ երկրին ընդհանուր ծախսի հարցին հետ կարելի չէ վարուիլ ինչպէս որ պարագան է ներկայիս, որովհետեւ ընթացքը վտանգաւոր ազդեցութիւն կ՛ունենայ լիբանանեան պետութեան եւ անոր կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ սեփական մարզին աշխատանքին վրայ:
Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է լուծել այդ հարցը, որ կ՛անդամալուծէ լիբանանցիներուն կեանքը:
CATEGORIES Լիբանանեան

