«Վարչական Նշանակումներուն Պարագային Նախապատուութիւնը Պէտք Է Տալ Նոյն Վարչութեան Անձնակազմին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդգծեց վարչական նշանակումներուն պարագային նախապատուութիւնը նոյն վարչութեան անձնակազմին մաս կազմող անհատներուն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ այդ դրութիւնը պէտք է կիրարկուի Ա., Բ. եւ Գ. կարգերու պաշտօնեաներուն պարագային, որովհետեւ այդ դրութիւնը կարելիութիւն կ՛ընծայէ նաեւ գոհացնելու այդ պաշտօնեաներուն ձիրքերը եւ հաստատութենական մակարդակի նուազագոյն սկզբունքները:
Նախագահ Սլէյման այս կեցուածքները արտասանեց Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին մաս կազմող նոր անդամներուն երդման արարողութեան ընթացքին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է օրէնքին եւ խղճին հետեւիլ, ինչպէս նաեւ կառչած մնալ իրաւունքին` իրականացնելու համար քաղաքացիին եւ վարչութեան շահերը:
Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Շուքրի Սատեր:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան գումարելիք նիստին վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահներ Սլէյման եւ Ասատ քննարկեցին Սուրիոյ զարգացումները, ինչպէս նաեւ միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի ջանքերը, որոնք կը միտին լուծել Սուրիոյ տագնապը:
Պէտք է նշել, որ Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով` նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Լիբանանի բոլոր աշխատաւորները եւ մաղթեց, որ երկիրը աւելի լաւ ու բարենպաստ պայմաններ ունենայ եւ օգտուի տարիներ շարունակ իր վայելած ժողովրդավարութենէն:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին միասնականանալու եւ գործելու ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն:


