Կառավարութիւնը Որոշեց Փոփոխութեան Ենթարկել Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Նուազագոյն Աշխատավարձը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Կառավարութիւնը քննարկեց 62 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց աշխատաւորները իրենց տօնին առիթով: Ան շեշտեց, որ աշխատաւորներուն պէտք է ապահովել արժանապատիւ եւ ազատ կեանք:
Միքաթի հաստատեց, որ պէտք է կազմել երկխօսութեան մնայուն յանձնախումբ մը, որուն մասնակից դառնան արդիւնաբերութեան բոլոր կողմերը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին դիմագրաւած ընկերային բոլոր հարցերը:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կատարելու համար աշխատաւորներուն բոլոր պահանջները:
Ան դրուատեց լիբանանեան բանակին գործած ապահովական նուաճումը` յայտնելով, որ զէնք եւ զինամթերք փոխադրող նաւը գրաւելու գործողութիւնը թարգմանը կը հանդիսանայ երկրին քաղաքական իշխանութեան որոշումներուն եւ կը փաստէ, որ լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար զէնքի մաքսանենգումը:
Վարչապետ Միքաթի կառավարութեան ներկայացուց նաեւ Պելճիքա իր կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Իրանի փոխնախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է փոփոխութեան ենթարկել պետական պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձը` աւելցնելով, որ նիւթական թղթածրարին վերաբերող բոլոր թղթածրարներուն քննարկումը պիտի շարունակուի այսօրուան նիստին ընթացքին:


