Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Բժիշկ-Հիւանդ Փոխադարձ Պարտաւորութիւններ Եւ Ակնկալութիւններ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 2 մայիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բժիշկ-հիւանդ փոխադարձ պարտաւորութիւններ եւ ակնկալութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուցին տոքթ. Յակոբ Միսիսեան եւ Մէյրի Արեւեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Շաքէ Բարմաքսըզեան: Ան ծանօթացնելէ ետք երկու դասախօսները` նշեց Ն. Ք. 5-րդ դարու, «բժշկութեան հայր» Հիփոքրաթի խօսքը, թէ բժիշկը պէտք չէ բաւարարուի պէտք եղած խնամքը տալով հիւանդին, այլ իր օգնականը եւ հիւանդը պէտք է մասնակից ըլլան դարմանումին: Յանձնախումբի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ այս կը նշանակէ, որ բժիշկ, հիւանդ եւ միջավայր զիրար լրացնող պայմաններ են, որոնք պէտք է յարգուին, որովհետեւ բժիշկ եւ հիւանդ ունին փոխադարձ իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ:

Դասախօսութեան առաջին բաժինով Մէյրի Արեւեան խօսեցաւ բժիշկէն եւ բուժաշխատողներէն հիւանդին ակնկալութեան նիւթին մասին: Սահմանելով առողջապահական խնամքը` ան ներկայացուց հետեւեալ ձեւով. բոլոր մարդ էակները պէտք է ստանան անհրաժեշտ առողջապահական խնամք` համադրելու համար բուժումը. համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է բժիշկ, հիւանդ, բուժաշխատող եռեակին միջեւ:

Լաւագոյն խնամքի հիմքը կը կազմեն`

1. Անկեղծ եւ բաց ճոխ յարաբերութիւն
2. Յարգանք մարդկային արժէքներուն
3. Փափկանկատ վերաբերում պարագաներու նկատմամբ

Խօսելով առողջապահական հաստատութիւններու առաքելութեան մասին` Մէյրի Արեւեան նշեց, որ առողջապահական հաստատութիւնները հիմքը կը հանդիսանան յարգելու հիւանդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները:

Որո՞նք են հիւանդին իրաւունքները.

1. Հիւանդին հետ պէտք է վարուիլ յարգանքով եւ փափկանկատութեամբ:
2. Բժիշկներն ու բուժաշխատողները պէտք է հիւանդին ու անոր ընտանիքին հասկնալի լեզուով բացատրութիւններ տան հիւանդութեան ու բուժման մանրամասնութիւններուն մասին:
3. Հիւանդը իրաւունք ունի որոշում տալու իր խնամքին առնչութեամբ եւ պէտք եղած պարագային մերժելու բուժումը:
4. Անհրաժեշտ է այս բոլորին մէջ գաղտնապահութեամբ կատարել այս բոլորը:
5. Հիւանդը պէտք է տեղեակ ըլլայ առողջապահական հաստատութեան տրամադրած բոլոր ծառայութիւններուն եւ ծախսերուն մասին, նախքան անոնցմէ օգտուիլը:
6. Հիւանդին իրաւունքն է որոշել հետազօտութիւններու ենթարկուիլ կամ ոչ, հետազօտութիւններ, որոնք տեղի կ՛ունենան առողջապահական հաստատութիւններու մէջ:
7. Հիւանդին իրաւունքն է արտայայտել իր դժգոհութիւնները, գնահատանքները եւ առաջարկները:

Իբրեւ եզրակացութիւն իր բաժինին, Մէյրի Արեւեան ըսաւ, որ առողջապահական հաստատութիւնները հետեւեալ պարտաւորութիւնները ունին.

ա. Առողջական վիճակը բարելաւել
բ.  Հիւանդութիւններու կանխարգիլումը
գ. Հիւանդներու որակաւոր խնամք տրամադրել

Երկրորդ բաժինով տոքթ. Յակոբ Միսիսեան ներկայացուց բժիշկին իրաւունքներն ու ակնկալութիւնները հիւանդէն:

Տոքթ. Միսիսեան բացատրեց, թէ շատ անհրաժեշտ է ու կենսական, որ հիւանդին մօտ զարգանայ գիտակցութիւնը բժիշկ ու հիւանդ փոխյարաբերութեան ամբողջական հասկացողութեան` իր բոլոր մանրամասնութիւններով:

Բժիշկ-հիւանդ փոխյարաբերութիւնը կ՛ըլլայ երկու մակարդակի`

1. Իրաւական
2. Բարոյական

Դասախօսը բացատրեց երկու տեսակի փոխյարաբերութիւնները, բայց կեդրոնացաւ բժիշկ ու հիւանդ յարաբերութեան բարոյական մակարդակին վրայ:

Ե՞րբ հիւանդը կը դիմէ բժիշկին.

ա. Երբ առողջ է եւ կը փափաքի նուազագոյնը տարին մէկ անգամ այցելել բժիշկին` անհրաժեշտ քննութիւններու ենթարկուելու եւ պէտք եղած միջոցներով կանխարգիլելու որեւէ բարդոյթ:
բ. Այն հիւանդը կը տառապի տարբեր տեսակի քրոնիկ հիւանդութիւններէ` շաքարախտ, գերճնշում եւ այլն: Այս բաժինով տոքթ. Միսիսեան շեշտեց, որ հիւանդը նուազագոյնը պէտք է իրեն հետ ունենայ ցանկը այն դեղերուն, զորս կը գործածէ:
գ. Այն հիւանդները, որոնք բժիշկի կը դիմեն փոքր գործողութիւններու համար է:
դ. Եւ այն հիւանդները, որոնք հիւանդանոցային խնամքի պէտքը ունին:

Դասախօսը նշեց շարք մը թելադրանքներ, որոնք անհրաժեշտ են բժիշկ-հիւանդ փոխյարաբերութեան առումով:

Բժիշկին այցելութիւնը պէտք է ունենայ իր նախապատրաստական շրջանը եւ պատրաստութիւնը հիւանդին կողմէ, եւ ոչ թէ այդ ըլլայ պատահական:

Որեւէ բժշկական, առողջապահական վաւերաթուղթ եւ արդիւնք, պէտք է պահուի նուազագոյնը հինգ տարի:

Ընտանեկան բժշկական թղթածրարի պատրաստութեան ընթացքին հիւանդը պէտք է ցուցաբերէ բաւարար գիտակցութիւն ու ժամանակ տրամադրելու պէտք եղած տեղեկութիւնները:

Հիւանդին ընկերակցողը ըլլայ վստահելի անձ մը, որ հիւանդին  բժշկական, առողջական տեղեկութիւններուն գաղտնապահութեամբ հետեւի:

Հիւանդը նախքան այլ առողջապահական, բժշկական վայրեր դիմելը, պէտք է հանդիպի բժիշկին ու ապա դեղերուն, տարրալուծարան եւ այլ ծառայութիւններու:

Անպայման բոլոր ընտանիքները պէտք է ունենան իրենց ընտանիքի բժիշկը, որ լաւապէս գիտէ ու իր քով ունի ընտանիքի անդամներու բժշկական, առողջական տեղեկութիւնները:

Վերջին բաժինով տոքթ. Յակոբ Միսիսեան եւ Մէյրի Արեւեան իրենց բացատրութիւններով ու տարբեր օրինակներով պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES