Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Հայաստան Պիտի Ճակատի Մոնթենեկրոյի Եւ Մակեդոնիոյ Դէմ

Յառաջիկայ 25 մայիսին Պուլկարիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»ի Եւրօ-ափրիկեան գօտիի 3-րդ դասակարգի մրցաշարքը:

Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մոնթենեկրոն եւ Մակեդոնիան:

Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Խաչատուր Խաչատրեան, Աշոտ Գէորգեան, Տանիլ Փրոսքուրա եւ Միքայէլ Աւետիսեան: Խումբին մարզիչն է Վահէ Աւետիսեան:

Share this Article
CATEGORIES