Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Լէյքըրզ, Օքլահոմա Եւ Հիթ 2-0 Արդիւնքով Կը Յառաջանան

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, վերջին երկու օրերուն ընթացքին Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, Օքլահոմա Սիթի եւ Մայեմի Հիթ յաղթանակներ արձանագրելով այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանան իրենց մրցակիցներուն վրայ:

Պոսթըն Սելթիքս, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Աթլանթա Հոքսէն, երկրորդին 87-80 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1): Սելթիքսի մարզիկներէն Փոլ Փիրս նշանակեց 36 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:

Ինչ կը վերաբերի Լէյքըրզի արձանագրած յաղթանակին, 38 կէտը նշանակեց Քոպի Պրայընթ:

Ստորեւ կու տանք վերջին երկու օրերուն կատարուած մրցումներուն արդիւնքները (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս 104-94 (2-0)
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 93-78 (1-1)
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս 102-99 (2-0)

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 87-80 (1-1)
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Շիքակօ Պուլզ 109-92 (1-1)
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տենվըր Նակեթց 104-100 (2-0)

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ (1-0)
Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ (1-1)
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (0-2)

 

Share this Article
CATEGORIES