Իր Եզրափակիչ Հանրահաւաքին Ընթացքին Դաշնակցութիւնը Երեւանցիներուն Կոչ Կ՛Ուղղէ Փրկելու Ամբողջ Հայաստանը
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ Ազատութեան հրապարակին վրայ ՀՅԴ-ի եզրափակիչ հանրահաւաքին ժամանակ պահանջ ներկայացուց, որ Երեւանը եւ երեւանցիները ամբողջ Հայաստանը փրկեն:
«Մեր գիւղին ժողովուրդը, մեր մարզերուն ժողովուրդը, իրենց լայն, պապական տուները, մաքուր օդը, զուլալ ջուրերը, անտառները, իրենց փոքրիկ հայրենիքը ինչո՞ւ կը լքեն, կու գան եւ կը լեցուին Երեւան, որովհետեւ իրենց մօտ ապրելու կարելիութիւն այլեւս չէ մնացած», պարզաբանեց ան:
Վահան Յովհաննիսեան հաւաքուածներուն հարց տուաւ, որ արդեօ՞ք կ՛ուզեն օգնել գիւղի բնակիչներուն` վերադառնալու եւ կառուցելու նոր տուներ, նոր կեանք, նորէն լեցնելու Հայաստանի լեռնային գօտիները, սահմանային գօտիները, նորէն վերաբնակեցնելու ամբողջ Հայաստանը: «Երեւան, դուն պէտք է փրկես, դուն մայրաքաղաքն ես: Այսօր երեւանցիները պէտք է փրկեն մարզերը: Երեւանի մէջ Դաշնակցութիւնը պէտք է բոլորէն շատ ձայն ստանայ, որպէսզի յաջողի յաղթանակ արձանագրել նաեւ մարզերուն մէջ», առաջարկեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ Դաշնակցութիւնը հաստատ տեղեկութիւն ունի, որ որոշ մեծամասնական թեկնածուներ տարբեր կուսակցութիւններու, մասնաւորաբար` իշխող համաձայնական կառավարութենէն, իրենց ընտրողներուն կը յայտարարեն, որ անոնց դրամ կը բաժնեն, բայց քանի որ չեն վստահիր այդ մարդոց, բաց քուէարկութիւն կը պահանջեն:
Ան նշեց, որ բաց քուէարկողը քրէական յանցանք կը գործէ եւ պատասխանատու կ՛ըլլայ օրէնքին առջեւ: Իսկ ան, որ կը պահանջէ անկէ այդպէս վարուիլ, նոյնպէս քրէական ոճիր կը գործէ եւ նոյնպէս պատասխանատու է օրէնքին առջեւ:
«Մի՛ խաբուիք, անոնք ոչինչ կրնան ընել: Կը քուէարկէք Դաշնակցութեան օգտին եւ կը քուէարկէք օրէնքով` փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:
Ըստ միւս տեղեկութեան, Մասիսի մէջ` Երեւանէն ընդամէնը երկու քայլ հեռու, «Փարոս»-ի որոշ աշխատողներ, հասկնալի է վերադասի ճնշման տակ, կը մտնեն Հայաստանի ամէնէն անպաշտպան տարրին` նպաստառուներու տուները եւ կ՛ըսեն. «Եթէ իշխանութեան ձայն չտաս, նպաստէն կը զրկենք»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը կոչ ուղղեց 6 մայիսին Դաշնակցութեան օգտին քուէարկելու, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնց մեծամասնական ընտրակարգով կը սատարէ Դաշնակցութիւնը, եւ 7 մայիսին արթննալու նոր Հայաստանի մէջ: Ըստ անոր, յաղթանակը մօտ է եւ անոր համար անհրաժեշտ է խիզախութիւն: «Ազատութիւնը յաղթանակի մէջ է, արդարութիւնը կու գայ յաղթանակով, կու գայ Դաշնակցութիւնը եւ կը բերէ երջանիկ Հայաստան», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:
Դաշնակցական գործիչը ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան առաջին իրագործուած նպատակը Հայաստանի մարզերը քարոզչական խումբերով այցելելն էր եւ մարդիկը համախմբելը իր շուրջ: Վահան Յովհաննիսեան երկրորդ նուաճումը նկատեց այն, որ մարդիկ արդէն հաւատալով յաղթանակին, սկսան Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ լուրջ խնդիրներ դնել:
Ան շեշտեց, որ ժողովուրդին շնորհիւ է, որ կուսակցութեան ծրագիրը կատարեալ պիտի ըլլայ եւ պիտի հարստանան աշխատանքներուն մասին պատկերացումները:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հանրահաւաքին ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը հաւասարազօր ծրագիր չունեցաւ: Ըստ անոր, կառուցուած ըլլալով 4 յենասիւներու վրայ` այդ ծրագիրը պիտի ապահովէ արդար եւ բարեկեցիկ պետութեան կայացում:
Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան հաստատման ՀՅԴ մօտեցումները ոչ ոք կրցաւ վիճարկել, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Դաշնակցութիւնը ճիշդ է, ճիշդ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ իր պայքարը:
Ան ընդգծեց, որ երկրին մէջ յուսալի ընկերային-տնտեսական համակարգի ձեւաւորումը կը նշանակէ` բոլոր ընկերային շերտերուն համար ստեղծել ապրելու եւ զարգանալու յուսալի պայմաններ: Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրին կեդրոնը կը գտնուին մարդկային արժանապատուութիւնը եւ հայոց պետականութիւնը, որոնք Դաշնակցութեան համար բարձրագոյն արժէքներն են: Ըստ անոր, ասիկա կը նշանակէ, որ այս ծրագիրը կը վերաբերի անխտիր բոլորին:
Ան նաեւ նշեց, որ Դաշնակցութեան համար ընկերային-տնտեսական հիմնական նպատակները կը նկատուին աղքատութեան վերացումը, միջին խաւի ձեւաւորումը, սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը, արդար եւ մրցակցային տնտեսական կարգերու հաստատումը, անաչառ դատական համակարգի ձեւաւորումը, արտագաղթի կասեցումը, բնակչութեան վստահութեան վերականգնումը երկրի ապագային եւ հանրային իշխանութեան նկատմամբ:


