50 Տարի Առաջ ( 4 մայիս 1962 )

Ե՞րբ Սկսած Են Թրքական Ջարդերը

19-րդ Դարու Ջարդերը

Հայկական Յեղափոխութիւնը Սկսաւ Այդ Ջարդերէն

Թուրքիոյ հպատակ ժողովուրդները, մասնաւորաբար 19-րդ դարուն, ահռելի տառապանքներու եւ ջարդերու ենթարկուած են: Անոնք ոչ կեանքի, ոչ գոյքի եւ ոչ պատուի ապահովութիւն ունէին:

Քրիստոնեայ հպատակը «կեաւուր», «Ֆըլայ» կամ «խընզըր» կը կոչուէր: Մահը, կոտորածը դամոկլեան սուրի պէս կախուած էր ամէն պահ անոնց գլխին:

1822 թուականէն մինչեւ 1922` մէկ դարու ընթացքին, Թուրքիան կազմակերպած է հետեւեալ ջարդերը իրեն հպատակ ժողովուրդներուն նկատմամբ:

1822 թուին, Քիոս կղզիին մէջ 50,000 յոյներ:
1823-ին` Միսոլոնգի, 8,750 յոյներ:
1826-ին` Պոլսոյ ենիչերիներ 25 հազար:
1850-ին` Մուսուլի ասորիներ, 10 հազար:
1860-ին` Լիբանանի մարոնիներ, 12,000:
1870-ին` պուլկարացիներ, 14,700:
1877-ին` Պայազիտի հայերը, 1,400:
1879-ին` Ալաշկերտի հայերը, 1,250:
1891-ին` Աղեքսանդրիոյ քրիստոնեաները, 2,000:
1892-ին` Մուսուլի ենիչէրիները, 3,500:
1894-ին` Սասնոյ հայերը, 12,000:
1895-96-ին` Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն զանգուածային կոտորածը, 300,000:
1896-ին` Պոլսոյ հայերը, 9,750:
1896-ին` Վան-Վասպուրականի հայերը, 8,000:
1903-4-ին` մակեդոնացիները, 14,667:
1904ին` Սասնոյ հայերը, 5,640:
1909-ին` Ատանայի հայերը, 30,000:
1915-ին` Ապրիլեան Եղեռնը, 1,500,000 հայերու ջարդը:
1918-20-ին` Կարսի եւ Արտահանի հայերը` 30,000:
1922-ին` Զմիւռնիոյ ջարդը հայերու, յոյներու եւ հրեաներու 200,000:

Ինչպէս կը տեսնէք` այս արիւնոտ ցանկի մէջ հայերու ջարդ տեղի ունեցած է 1877-էն իսկ, Պայազիտի եւ 1879-ին` Ալաշկերտի մէջ: Արդ, անգրագէտներն անգամ գիտեն, որ այդ թուականին հայ կեանքին մէջ գոյութիւն չունէին յեղափոխական կուսակցութիւններ, սակայն գոյութիւն ունէր Թուրքիոյ ջարդարարութիւնը: Ուրեմն` յեղափոխութիւնը չէր պատճառը հայկական ջարդերու, այլ` պարբերական ջարդերը պատճառ դարձան յեղափոխական ընդվզումներու, եւ, 1888-90 թուականներին հիմնուեցան հայ քաղաքական կուսակցութիւնները:

Խրախճանք ՀՄԸՄ–ի
Թրիփոլիի
Մասնաճիւղի

Մասնաճիւղի վարչութիւնը, մէկ կողմէ քաջալերուած վերջերս գաղութին մէջ  իր կազմակերպած քեթպոլի մրցաշարքին արձանագրած բարոյական եւ նիւթական յաջողութենէն, միւս կողմէ` փափաքելով, որ զուարթ հանդիպում մը տեղի ունենայ Ս. Զատկուան տօնակատարութեան առթիւ, ընտանեկան խրախճանք մը սարքեց շաբաթ, 21 ապրիլ 1962, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ:

Այս շահեկան ձեռնարկին յաջողութեանը համար վարչութիւնս իր կողքին ունէր կարգադիր յանձնախումբ մը, որ ամէն զոհողութիւն ի գործ դրած էր, որպէսզի խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուի երեկոյթի ամբողջ տեւողութեանը ընթացքին ճոխ եւ մատչելի պիւֆէ մըն ալ պատրաստելով:

Մասնաւոր գովասանքի արժանի է վարչութեան եւ յանձնախումբին երկսեռ ՀՄԸՄ-ականներուն կողմէ հաճոյքով կատարուած այս բծախնդիր աշխատանքը, որ կը ձգտէր լաւ ընդունելութիւն մը ապահովել հանրութեան մօտ, ՀՄԸՄ-ի վարկը գաղութին մէջ բարձրացնելու մտահոգութեամբ:

Կոկիկ բազմութիւն մը սիրայօժար եկած եւ լեցուցած էր սրահը` քաջալերելու համար երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներուն կողմէ խնամքով պատրաստուած խրախճանքը, որուն համար ամէն ճիգ թափուած էր ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծելու նպատակաւ:

Կարգ մը զուարճալի անակնկալներէ ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը, որուն համար կարգադիր յանձնախումբը ժամանակէն առաջ, կարգ մը ՀՄԸՄ-ի համակիրներու դիմած ըլլալով, 15 նուէրներ  ապահոված էր: Յետոյ տեղի ունեցաւ աւանդական հաւկթամարտը, որ մեծ հետաքրքրութիւն եւ զուարթ տրամադրութիւններ ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Յաղթական հանդիսացողին գեղեցիկ պարգեւ մը տրուեցաւ վարչութեանս կողմէ:

Երեւոյթը անցաւ շատ կանոնաւոր եւ տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 3:00-ը: Կատարուեցան նաեւ հայկական եւ եւրոպական պարեր, մեներգ եւ այլն:

Ժողովուրդը բաժնուեցաւ շատ զոհ տրամադրութեամբ` քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակ մը տանելով իրեն հետ:

Այս գովելի ձեռնարկին յաջողութիւնը կը պարտինք կարգադիր յանձնախումբին տարած ժրաջան եւ յամառ աշխատանքին եւ վարչութեան պարտաճանաչ եւ ձեռներէց ոգիին, որով անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ, որ մասնաճիւղը որոշած է, ի գին ամէն զոհողութիւններու աշխատիլ ՀՄԸՄ-ի վերելքին համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Թրիփոլի, 28 ապրիլ 1962

Share this Article
CATEGORIES