Լեզուական Նիւթեր. Օտար Լեզուի Ներգործութիւնը
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՊԱԿՍԻՆ ՄԵՐ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՅԱՑՆԵՆՔ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ` ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՎԻՃԱԿՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՅՍՏԱԿ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ` Կ՛ԱՐԺԷ ԴԻՄԵԼ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ: «ՈՒԱՅՐՏ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ:
Միացեալ Նահանգներէն եւ Քորէայէն աւելի քան 300 հոգիի վրայ կատարուած շարք մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ երկրորդ լեզուով մը մտածելը կը նուազեցնէ խոր արմատներ արձակած եւ սխալ տեղ առաջնորդող նախապաշարումները, որոնք անտեղի ներգործութիւն կ՛ունենան վտանգներ կամ նպաստաւոր վիճակներ կանխազգալու մեր մօտեցումին վրայ:
«Արդեօք օտար լեզուով մը պիտի կայացնէ՞ք նոյն այն որոշումները, զորս պիտի կայացնէիք ձեր մայրենի լեզուով», հարց տուած են հոգեբաններ` գլխաւորութեամբ Շիքակոյի համալսարանի դասախօս Պոազ Քէյսարի: Անոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Սայքոլոճիքըլ Սայընս» թերթին ապրիլի թիւին մէջ:
«Կը կարծենք, թէ մարդիկ բնազդաբար պիտի կայացնէին նոյն որոշումը, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ լեզու կը գործածեն, թէ` օտար լեզու մը գործածելու դժուարութիւնը պատճառ պիտի դառնար, որ անոնք նուազ հակամէտ դառնային կանոնաւոր (սիսթեմաթիք) ձեւերով որոշումներ կայացնելու: Այսուհանդերձ մենք ի յայտ բերինք, թէ հակառակը ճիշդ է. օտար լեզու մը գործածելը կը նուազեցնէ որոշումներ կայացնելու մէջ նախապաշարումներու ներգործութիւնը», կը գրէ Քէյսարի գլխաւորած ուսումնասիրողներու խումբը:
Հոգեբաններ կ՛ըսեն, թէ մարդկային բանականութիւնը հիմնուած է մտածելու երկու տարբեր ձեւերու վրայ. մէկը` կանոնաւոր, վերլուծող եւ խիստ իմացական, միւսը` արագ, անգիտակից եւ զգացական մղումով խթանուած:
Այս լոյսին տակ, հաւանական է, որ մեր մտային գործընթացը նահանջէ` ո՛չ մայրենի եւ ո՛չ ինքնեկ լեզուով մը մտածելու իմացական պահանջներուն պատճառով, եւ ի վերջոյ մեզ մղէ աւելի կեդրոնացած եւ ուշադիր մտածելու:
Սակայն, նոյնքան հաւանական է, որ սորվովի լեզու մը մեզ մղէ միտումնաւոր կերպով փոքրացնելու էապէս անվստահելի մեր բնազդին դերը: Ուսումնասիրութիւններ նաեւ ցոյց կու տան, թէ զգացական մղումներով արտաբերուած բառերու մեր անմիջական հակազդեցութիւնները լռութեան կը մատնուին ոչ մայրենի լեզուի մը գործածութեան պարագային, ինչ որ յաւելեալ ապացոյց մըն է ուշադիր մտածելու գործօնին:
Այս կարելիութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով` Քէյսարի գլխաւորած հոգեբաններու խումբը պատրաստած է բազմաթիւ քննութիւններ, հիմնուած` այն վիճակներուն վրայ, զորս ներկայացուցած է հոգեբան Տանիել Քահնըման. ան 2002-ին արժանացած էր Նոպէլեան տնտեսութեան մրցանակին` կանխատեսելու տեսութեան վերաբերող իր ուսումնասիրութեան համար, որուն մէջ կը նկարագրէ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս բնազդաբար կը կանխատեսեն վտանգը:
Իր ամէնէն ցայտուն օրինակով Քահնըման ապացուցած է հետեւեալը. եթէ խնդրենք, որ մարդիկ կատարեն վարկածային ընտրանք մը` փրկելու 600 հոգիէն 200-ին կեանքը, կամ` դիմելու վտանգաւոր այնպիսի քայլի մը, որ կրնայ փրկել 600-ին կեանքը կամ` ոչ մէկուն, մարդիկ պիտի նախընտրեն փրկել 200-ին կեանքը եւ չդիմել այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի վտանգէին բոլորին կեանքը: Սակայն, երբ հարցը կը ներկայացուի կեանքեր կորսնցնելու տարբերակով, շատ աւելի մեծ թիւով անձեր կը նախընտրեն բոլորին կեանքը փրկելու կամ բոլորը կորսնցնելու ընտրանքը` մերժելով ընդունիլ 400 հոգիի կեանքին հաստատ կորուստը:
Մէկ խօսքով` մարդիկ բնազդաբար կը խուսափին վտանգաւոր քայլերէ, երբ դէմ յանդիման կը գտնուին բան մը շահելու ընտրանքին, սակայն կը դիմեն վտանգաւոր քայլերու, երբ դէմ յանդիման կը գտնուին կորուստի ընտրանքին, նոյնիսկ, երբ հիմնական որոշումը նոյնն է: Ասիկա նեարդային մակարդակի մարդկային դրուածք մըն է: Իսկ, եթէ երկրորդ լեզուով մը մտածելը պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ նուազ կանոնաւոր ձեւերով մտածեն, ապա ասիկա Քէյսարի գլխաւորած խումբին մտածել տուած է, թէ երկրորդ լեզուով մը խորհրդածելը պիտի խթանէր ուշադիր մտածողութիւնը, հետեւաբար կանոնաւոր ձեւերով մտածելու բնազդային մղումը պիտի տկարանար օտար լեզուով:
Քէյսարի գլխաւորած առաջին ուսումնասիրութիւնը կատարուած է ամերիկացի 121 ուսանողներու վրայ, որոնք ճափոներէն կը սորվէին իբրեւ երկրորդ լեզու մը: Ուսումնասիրողները անոնցմէ ոմանց անգլերէնով ներկայացուցած են վարկածային ընտրանք մը կատարելու խնդրանք մը. պայքարելու համար հիւանդութեան մը դէմ, որ պիտի խլէր 600 հազար հոգիի կեանքը, բժիշկներ պէտք էր յայտնաբերէին դեղ մը, որ կրնար փրկել 200 հազար հոգիի կեանքը, կամ` դեղ մը, որ 33.3 առ հարիւր հաւանականութեամբ պիտի փրկէր 600 հազար հոգիի կեանքը, ինչ որ կը նշանակէր 66.6 առ հարիւր հաւանականութեամբ կեանքի կորուստ` բոլորին:
Ուսանողներուն շուրջ 80 առ հարիւրը քուէարկած էր ապահով ընտրանքին: Իսկ երբ հարցը ներկայացուած էր կեանքեր կորսնցնելու եւ ոչ թէ` կեանքեր փրկելու պարունակի մը մէջ, ապահով ընտրանքին քուէարկողներուն համեմատութիւնը իջած էր 47 առ հարիւրի: Այսուհանդերձ, երբ նոյն կացութիւնը ներկայացուած էր ճափոներէնով, ապահով ընտրանքին քուէարկողներուն համեմատութիւնը իջած էր 40 առ հարիւրի, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ պարունակի (կորուստի կամ շահի) մէջ ներկայացուած էին ընտրանքները: Յայտնապէս մտածելու գործընթացին մէջ բնազդին դերը տկարացած էր:
Երկու այլ քննութիւններ, որոնց մէջ վարկածային վիճակ մը կ՛ընդգրկէր գործի կորուստ կամ` մահ, ի յայտ բերած էին ուշադիր մտածելու նոյն խթանը` հարցը օտար լեզուով ներկայացնելու պարագային: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած էր Քորէայի Չունկ Նամ պետական համալսարանէն Քորէայի լեզուն խօսող 144 ուսանողներու եւ Փարիզի մէջ ուսանող 103 անգլիախօսներու վրայ: «Օտար լեզուի մը գործածութիւնը կը տկարացնէ հարց մը որոշ շրջագիծի մը մէջ դիտելու ներգործութիւնը», կը գրէ Քէյսարի գլխաւորած խումբը:
Այնուհետեւ ուսումնասիրողները քննած են, թէ լեզուն ինչպիսի՛ ներգործութիւն կ՛ունենայ ուղղակի անձնական մակարդակի վրայ: Քահնըմանի կանխատեսելու տեսութեան համաձայն, փոքր կորուստներու հաւանականութեան վախը կը գերազանցէ աւելի մեծ շահերու խոստումին գրաւչութիւնը. այս երեւոյթը կը կոչուի վտանգներէ խուսափելու կարճատեսութիւն, եւ անոր արմատները կը գտնուին կորուստի գաղափարին նկատմամբ մեր զգացական հակազդեցութիւններուն մէջ:
Ուսումնասիրողները քորէացի ուսանողներու նոյն խումբին ներկայացուցած են նուազ վտանգներով եւ բարձր շահեր խոստացող շարք մը վարկածային գրաւներ: Երբ այս գրաւները ներկայացուած են անոնց մայրենի լեզուով, մասնակցողներուն միայն 57 առ հարիւրը ընդունած է զանոնք: Իսկ, երբ անոնք ներկայացուած են անգլերէնով` համեմատութիւնը բարձրացած է 67 առ հարիւրի` դարձեալ ցոյց տալով, թէ ուշադիր մտածելու մօտեցումը կը շեշտուի երկրորդ լեզուի մը գործածութեան պարագային:
Գիտնալու համար, թէ արդեօք նոյն ներգործութիւնը ի զօրու էր նաեւ իրակա՞ն կեանքի մէջ, Քէյսարի գլխաւորած խումբը ուսումնասիրութիւն մը կատարած է Շիքակոյի համալսարանէն 54 ուսանողներու վրայ, որոնք սպաներէն կը խօսէին իբրեւ երկրորդ լեզու մը: Ուսանողներէն իւրաքանչիւրը ստացած էր 15 տոլար` մէկնոցներով: Ուսանողները կրնային պահել իւրաքանչիւրը կամ գրաւի դնել զանոնք` մետաղադրամ մը նետելով: Եթէ մետաղադրամը իյնար չսպասուած կողմին վրայ եւ անոնք կորսնցնէին իրենց գրաւը, ապա կը կորսնցնէին մէկ տոլար: Սակայն, եթէ մետաղադրամը իյնար սպասուած կողմին վրայ, անոնք ոչ միայն դարձեալ կը շահէին իրենց կորսնցուցած տոլարը, այլ նաեւ` մէկուկէս տոլար. առաջարկ մը, որ բազմաթիւ գրաւներու պարագային կրնար շահ ապահովել:
Երբ առաջարկը կատարուած էր անգլերէնով, ուսանողներուն միայն 54 առ հարիւրը ընդունած էր գրաւը: Սակայն համեմատութիւնը բարձրացած էր 71 առ հարիւրի, երբ ուսանողները սպաներէնով ընդունած էին զայն: «Ուսանողները յաւելեալ գրաւներ կ՛ընդունին օտար լեզուով մը, որովհետեւ կ՛ակնկալեն շահ ապահովել երկար ժամանակի վրայ եւ նուազ ենթակայ են կորուստէ խուսափելու ծայրայեղ մօտեցումին ներգործութեան», կը գրեն Քէյսար եւ անոր գործակիցները:
Ուսումնասիրողները կը հաւատան, թէ երկրորդ լեզու մը կ՛ընձեռէ իմացական հեռաւորութիւն մը` մտածողութեան ինքնագործ համակարգէն եւ առիթ կու տայ վերլուծական մտածողութեան` նուազեցնելով առանց մտածելու ցուցաբերուած եւ զգացական հակազդեցութիւններու համեմատութիւնը:
«Նկատի ունենալով, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անձեր օտար լեզու մը կը գործածեն առօրեայ դրութեամբ, մեր յայտնաբերումը կրնայ շատ հեռահաս անդրադարձներ ունենալ», կը գրեն ուսումնասիրողները` դիտել տալով, թէ անոնք, որոնք երկրորդ լեզու մը կը խօսին, կրնան գործածել զայն, երբ պարտաւոր են կայացնել դրամական որոշումներ: «Երկար ժամանակի վրայ ասիկա կրնայ շատ օգտակար ըլլալ», կ՛աւելցնեն անոնք:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

