Սէուտցի Իշխանուհի Մը. «Ի՞նչ Բարեփոխում Կ՛Ընէի Երկրիս Մէջ»

Պասմա Ապտուլազիզ իշխանուհին Պի. Պի. Սի.-ին կ՛ըսէ, որ բազմաթիւ փոփոխութիւններ կան, զորս ինք կ՛ուզէ տեսնել Սէուտական Արաբիոյ մէջ, բայց թէ` հիմա ժամանակը չէ կիներուն համար ինքնաշարժ վարելու:

Ես կը խօսիմ իբրեւ Սէուտական Արաբիոյ նախկին գահակալ` Սաուտ թագաւորին դուստրը: Իմ հայրս թագաւորութեան մէջ կիներու առաջին համալսարանը հիմնեց, ջնջեց ստրկութիւնը եւ փորձեց ստեղծել սահմանադրական միապետութիւն, որ կ՛անջատէ թագաւորին դիրքը վարչապետէն: Բայց ես կը տխրիմ` ըսելով, որ իմ սիրելի երկիրս այսօր չէ կատարած նախապէս տրուած խոստումները:

Մեր անցեալի մշակոյթը, որով ես հպարտ եմ, յայտնի էր իր ազնուականութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ, բայց մեզի կը պակսի, եւ անյապաղ կարիքը ունինք, տարրական քաղաքացիական օրէնքներու` անոնց միջոցով կառավարելու համար մեր հասարակութիւնը:

Իբրեւ դուստր, քոյր, ամուսնալուծուած կին, մայր, գործարար եւ այժմ` լրագրող, Սէուտական Արաբիոյ մէջ կ՛ուզեմ փոխուած տեսնել հետեւեալները.

1.- Սահմանադրութիւն

Ես կ՛ուզեմ տեսնել պատշաճ սահմանադրութիւն մը, որ օրէնքի առջեւ հաւասար վերաբերում կ՛ունենայ կիներու եւ տղամարդոց հանդէպ, բայց նաեւ ատիկա կը ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց` մեր քաղացիական օրէնքներուն եւ քաղաքական մշակոյթին:

Օրինակ, այսօր Սէուտական Արաբիոյ ատեաններուն մէջ, բոլոր որոշումները կը տրուին ըստ դատաւորներու սեփական մեկնաբանութեան` սուրբ Քուրանի: Ասիկա ամբողջովին կախեալ է դատաւորին անձնական համոզումներէն եւ դաստիարակութենէն, այլ ոչ թէ` համընդհանուր համաձայնեցուած սկզբունքներէ, կամ իբրեւ ուղեցոյց` գրաւոր սահմանադրութենէ:

Ես չեմ պահանջեր արեւմտեան համակարգ մը, այլ` այդ համակարգին որդեգրում-պատշաճեցումը, որ կը յարմարի մեր կարիքներուն եւ մշակոյթին: Այսպիսով, մեր սահմանադրութիւնը պէտք է ներշնչուի Քուրանի փիլիսոփայութենէն, սկզբունքներու հետ, որոնք ամրագրուած են քարի վրայ եւ ոչ թէ բացուած` անհատ դատաւորներու քմահաճոյքներուն, ինչպէս որ է պարագան հիմա:

Մասնաւորաբար սահմանադրութիւնը պէտք է պաշտպանէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի մարդկային հիմնական իրաւունքները` անկախ անոնց սեռէն եւ կարգավիճակէն, կամ` համայնքային պատկանելիութենէն:

2. Ամուսնալուծումի օրէնքներ

«Մեր կրօնը պէտք չէ վահան մը ըլլայ, որուն ետին աշխարհէն պահուըտինք, այլ` շարժիչ ուժ մը, որ մեզ կը ներշնչէ նորարութեան եւ մեր շրջապատին նպաստելու»

Ես կը հաւատամ, որ ամուսնալուծումի ներկայի օրէնքները վիրաւորական եւ նուաստացուցիչ են:

Այսօր Սէուտական Արաբիոյ մէջ կին մը կրնայ ամուսնալուծում պահանջել միայն այն պարագային, եթէ դիմէ, այսպէս կոչուած, «Խալի եւ Տհալի»-ի համար: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան կա՛մ կը վճարէ մեծ գումար մը (շուրջ 10 հազար տոլար), կա՛մ ալ կը գտնէ մէկը, որ կը վկայէ, թէ ինչո՛ւ ամուսնալուծումի դիմում կ՛ընէ (իրականացնելու համար անկարելի պայման մը, տրուած ըլլալով, որ այդպիսի պատճառներ, ամուսնութեան մը չորս պատերուն մէջ մնացող են):

Ամուսնալուծումի կարգադրութեան ատեն կինը, անկախ իր կամքէն, ամուսնական տան մէջ պահելու այլ միջոց մըն է անմիջապէս, ինքնաբերաբար հօրը խնամատարութեան յանձնելը տակաւին վեց տարիքը չբոլորած ոեւէ երեխայ:

Հարցերու այս իրավիճակը ամբողջովին կը հակասէ Քուրանին, որուն վրայ կ՛ենթադրուի, թէ հիմնուած պէտք է ըլլան մեր օրէնքները: Ատոնց մէջ կիներու ամբողջական իրաւունք տրուած է ամուսնալուծուելու` պարզապէս «անհաշտ տարբերութիւններու, վէճերու» պարագային:

3. Կրթութեան համակարգի բարեփոխում

Մեկուսացած թագաւորութիւն

 

 

 

 

 

  • Հիմնադրուած` 1932-ին, Ապտուլ Ազիզ թագաւորին կողմէ
  • Միջին Արեւելքի ամէնէն բարեպաշտ եւ մեկուսացած երկիրներէն մէկը
  • Արքայական ընտանիքը` 15 հազար անդամներ
  • Սէուտ գերդաստանը  իշխանութեան մենաշնորհը ունի, քաղաքական կուսակցութիւններ արգիլուած են
  • Սէուտցի կիները սահմանափակ կեանք կ՛ապրին եւ իրաւունք չունին ինքնաշարժ վարելու
  • Երկիրը կը ներառէ Հիժազ շրջանը` Մոհամետ մարգարէին ծննդավայրն ու իսլամութեան օրրանը

Սէուտական Արաբիոյ մէջ այսօր կիներու հանդէպ վերաբերումը ուղղակի արդիւնքն է մեր երեխաներու, աղջիկներ եւ մանչեր, կրթութեան, որ կը ստանան դպրոցին մէջ:

Կրթական ծրագիրին պարունակութիւնը չափազանց վտանգաւոր է: Օրինակ մը. մեր երիտասարդներուն կը սորվեցնեն, թէ կնոջ մը դիրքը հասարակութեան մէջ ստորադաս է: Անոր դերակատարութիւնը խիստ կը սահմանափակուի իր ընտանիքին ծառայելով եւ երեխաները խնամելով: Երիտասարդները կը սորվին, որ եթէ կին մը Աստուծմէ բացի ուրիշ մէկը պիտի պաշտէ, ան իր ամուսինը պէտք է ըլլայ, եւ թէ` «Հրեշտակները պիտի նզովեն զայն, եթէ ան իր ամուսինին պահանջներուն, կարիքներուն չենթարկուի»: Աղջիկներուն նոյնպէս խստիւ արգիլուած է մասնակցելու ֆիզիքական որեւէ կրթութեան: Ասիկա հետեւանք է Քուրանի ամբողջովին սխալ մեկնաբանութեան: Ես կը կարծեմ, որ այս գաղափարախօսութիւնները յարակցաբար վիրաւորական են:

Բացի ատկէ, մեր կրթական համակարգին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է կրօնական նիւթերու, ինչպէս` հատիսի (մարգարէին վերագրուած ասացուածքներ), «ՔԻՔՀ»-ի (իսլամական իրաւագիտութիւն), Թաֆսիրի (Քուրանի մեկենաբանութիւն) եւ, անշուշտ, Քուրանի վրայ: Վերաբերմունքը հետեւեալն է. «Կրօնէ բացի որեւէ բան սորվիլը ինքնին, ձեզ երկինք չի տանիր, ուրեմն ժամավաճառ մի՛ ըլլաք»:

Ես կ՛ուզեմ տեսնել, որ կրօնական ուսուցումը կը սահմանափակուի Քուրանով եւ Սուննայով (մարգարէին կենցաղը), ուր իսլամութեան բարոյագիտութիւնը կայ: Այդ ձեւի ուսուցումը մեր երիտասարդները անպաշտպան, խոցելի ձգած է արմատական-ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու դիմաց, որ առաջնորդած է ահաբեկչութեան եւ Քուրանի իսկական իմաստի նենգափոխման:

Փոխանակ մեր երիտասարդութեան միտքն ու իմացականութիւնը վատնելու` անգիր սորվեցնելով մէջբերումներ, ասոյթներ, որոնց ծագումը, արմատը անորոշ է (օրինակ` հատիսի, ֆիքհի եւ Թաֆսիրի մէջ եղածները), մենք պէտք է քաջալերենք, մղենք զանոնք ազատօրէն մտածելու, նորարարութեան եւ իրենց նախաձեռնութիւնը օգտագործելու ի նպաստ մեր հասարակութեան բարօրութեան: Իսլամութեան սկիզբի շրջանը մեծ ստեղծագործութեան ժամանակ էր: Գիտնականներ, մտաւորականներ կը գերազանցէին գիտութեան եւ գրականութեան մէջ: Մեր կրօնը պէտք չէ ըլլայ վահան մը, որուն ետին մենք աշխարհէն պահուըտինք, այլ` շարժիչ, մղիչ ուժ մը, որ մեզի կը ներշնչէ նորարարութեան եւ մեր շրջապատին նպաստելու: Ասիկա է իսլամութեան ճշմարիտ ոգին:

4. Ընկերային Ծառայութիւններու Ամբողջական Բարեկարգում

Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կը հանդուրժէ վայրագութիւնը, բռնութիւնը` կիներու հանդէպ, փոխանակ զանոնք պաշտպանելու: Միակ ապաստարանները, ուր բռնութեան ենթարկուած կիները կրնան դիմել, պետական տուներն են:

Ատոնց մէջ կիներուն շարունակ կ՛ըսուի, որ ապաստան փնտռելով` իրենք վարկաբեկած են իրենց ընտանիքները:

Եթէ անոնք կու գան ազդեցիկ ընտանիքներէ, ապա անոնք ուղղակի տուն պիտի ղրկուին` ազդեցիկ նահապետի զայրոյթէն վախնալով: Իբրեւ հետեւանք` մենք ականատես եղած ենք անձնասպանութեան բազմաթիւ պարագաներու (ուսանած կիներ, բժշկուհիներ, գիտնականներ, որոնք զիրենք բռնութիւններու ենթարկողներուն վերադարձուած են): Մենք կարիքը ունինք կիներու անկախ ապաստարաններու, ուր կը պահպանուին կիներու իրաւունքները եւ կ՛ապահովուին հզօր օրէնքներով, որոնք կրնան անտեսել ընտանեկան աւանդութիւնները եւ պաշտպանել կիները:

Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ոչ միայն կը խախտէ կիներուն իրաւունքները, այլեւ պատճառներէն մէկն է երկրին մէջ աղքատութեան բարձր համեմատութեան: Փտած համակարգի մը մէջ, ուր կը բացակայի թափանցիկութիւնը, մեր բնակչութեան աւելի քան 50 առ հարիւրը աղքատ է եւ կարիքաւոր, հակառակ անոր որ մենք աշխարհի վրայ ամէնէն հարուստ երկիրներէն մէկն ենք:

5. Մահրամի (Հոգատար) Դերը

Սէուտական Արաբիոյ մէջ կիները չեն կրնար շրջագայիլ կամ ճամբորդել առանց մահրամի (հոգատարի տեսակ մը, սովորաբար` տղամարդ ազգական մը):

Մարգարէին ժամանակ կիները իրենց ընկերացող այր մը կ՛ունենային, սակայն այդ օրերուն Արաբիա անապատ էր, բառացիօրէն` աւազակներով, յափշտակողներով լեցուն:

Այսօր այսպիսի օրէնքի մը միակ նպատակն է նուազեցնել կիներու ազատ շարժումները, տեղաշարժը: Ասիկա ոչ միայն մանկունակ կը դարձնէ կիները, այլեւ զանոնք կը վերածէ անպէտք բեռերու` իրենց ամուսիններուն եւ հասարակութեան:

Սէուտական Արաբիոյ մէջ այսօր կիներուն արտօնուած չէ ինքնաշարժ վարել:

Պասմա Իշխանուհին

 

 

 

 

  • Կրտսերագոյն դուստրը երկրի երկրորդ թագաւորին եւ զարմուհին` այժմու գահակալին:
  • Ուսանած` Բրիտանիա եւ Զուիցերիա:
  • Կը բնակի Աքթոն, Լոնտոն:

Կը թուի, թէ ասիկա կը մտահոգէ արեւմուտքցի դէտերու մեծամասնութիւնը, սակայն աւելի կենսական իրաւունքներ կան, զորս մենք նախ պէտք է ստանանք:

Ես հաստատօրէն կողմնակից եմ, որ կիներ ինքնաշարժ վարեն, բայց ես չեմ կարծեր, որ այժմ ճիշդ ժամանակն է այդ օրէնքը փոխելու: Ներկայ մթնոլորտին մէջ, եթէ կին մը ինքնաշարժ վարէ, կրնան զայն կանգնեցնել, չարչարել, նեղել, ծեծել, կամ աւելի գէշ բաներ ընել անոր` դաս տալու համար: Ասոր համար է, որ ես դէմ եմ կիներու ինքնաշարժ վարելուն, մինչեւ որ մենք  բաւարար չափով կրթուինք, զարգանանք, մինչեւ որ մենք ունենանք անհրաժեշտ օրէնքները, որոնք մեզ կը պաշտպանեն այսպիսի խենթութենէ:

Այլապէս մենք կրնանք ծայրայեղականներու «արտօնագիր» տալ, որպէսզի մեզ աւելի նախատեն:

Եթէ իբրեւ վարորդներ` մենք նախատուինք, անոնք իսլամական աշխարհին պիտի ըսեն. «Տեսէք` ի՛նչ կը պատահի, երբ կիներ ինքնաշարժ վարեն, անոնք կը նախատուին, կը խոշտանգուին», եւ անոնք կիները վերահսկելու համար առաւել խիստ օրէնքներ պիտի պահանջեն: Ասիկա բան մըն է, որ մենք չենք կրնար արտօնել: Արմատական փոփոխութիւնները օրէնքին մէջ եւ ատոր վերաբերմունքը կիներու հանդէպ անհրաժեշտ են այդ քայլէն առաջ:

Ընդհանուր առմամբ, Սէուտական Արաբիոյ մէջ կենսական կարիք է շնորհել բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները, եւ ատոնցմէ պիտի ծագին կիներու իրաւունքները:

Share this Article
CATEGORIES